Յարգելի ներկաներ
Երբ ինծի առաջարկուեցաւ խօսք առնել այսօրուան հաւաքի ընթացքին, առաջին արտայայտութիւնս այն եղաւ որ ես ոչ միայն մասնագէտ չեմ արհեստագիտութեան հետ կապուած նիւթերու, այլ նոյնիսկ կրնամ խոստովանիլ որ սկսնակ եմ. սակայն առաջին հակազդեցութեանս յաջորդեց այլ մտածում մը, որ հետեւեալն էր. ի՞նչ ալ ըլլան որդեգրուած ձեւերը եւ միջոցները հասկացողութիւնը կամ concept-ը հաղորդակցութիւնն է, որ անծանօթ չէ ինծի թէ՛ մասնագիտութեանս եւ թէ՛ երկար տարիներու այս մարզէն ներս փորձառութեանս պատճառով, հետեւաբար ընդունեցի առաջարկը համոզուած ըլլալով, որ հաղորդակցութիւնը հիմնական մէկնակէտն է այսօրուան հրաշք համացանցին եւ երկրորդ, մամուլը ըլլալով դարերու ընթացքին օգտագործուող հաղորդակցութեան ազդու միջոցներէն մէկը, կարելի է զայն ուսումնասիրել այս ծիրին մէջ , պարզապէս միջոցներու շեշտուած փոփոխութիւնները նկատի ունենալով եւ հաղորդակցութեան կարեւոր պայմաններուն վրայ աւելցնելով արհեստագիտութեան ընձեռած նորագոյն միջոցներու գործնական տիրապետութեան ցուցմունքները միայն :
Անցնիմ նիւթին
Պատկերացուցէք հեռատեսիլ մը , որ չ՜աշխատիր, I-phone մը, որ փակ է կամ I-pod մը, որ չէ լիցքաւորուած …
Մարդը առանց հաղորդակցութեան կարելիութեան կը նմանի անբան գործիքի մը… Դատարկ տուփի կամ զարդի մը: Հաղորդակցութիւնը կը ստեղծէ կեանք ,կ՛աշխուժացնէ կեանքը , կ՛իմասատաւորէ կեանքը եւ զայն կը դարձնէ արդիւնաւէտ : Այսօր, երբ բոլորս ալ փորձը ունինք հաղորդակցութեան եւ անոր ընձեռած առաւելութիւններուն , դժուար թէ պատկերացնենք կեանք մը առանց հաղորդակցութեան: Նոյնն է պարագան արհեստագիտութեան. այսօր անկարելի է կեանքը պատկերացնել առանց արհեստագիտութեան: Վստահաբար կը յիշէք այն իրարանցումը եւ անձկութիւնը որ ապրեցանք քանի մը տարիներ առաջ երբ համացանցը24 ժամ դադրեցաւ գործելէ:
Փորձենք բնորոշել հաղորդակցութիւնը : Հաղորդակցութիւնը տեղեկութիւններու փոխանակման գործընթացն է , որ կրնայ տարբեր ձեւեր ստանալ եւ տարբեր միջոցներ օգտագործել, կրնայ զարգանալ երկու հոգիի միջեւ , խումբերու միջեւ, մէկ հոգիի եւ խումբի մը միջեւ . իսկ միջոցներէն կրնան ըլլալ ուղղակի խօսքը մարդոց միջեւ , ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, թերթը, համացանցը եւ այլ միջոցներ ….
Հաղորդակցութեան պատմութիւնը շատ հին է. այնքան հին, որքան մարդուն գոյութիւնը եւ ինչպէս, որ սպասելի է, ապրած է փոփոխութեան գործընթաց մը, որ երբեմն դանդաղ եղած է երբեմն շատ արագ ինչպէս այս վերջին քսանամեակին ընթացքին:
Ինչ ալ ըլլան ձեւերը , որքան արագ կամ դանդաղ ըլլայ ընթացքը ,հասկացողութիւնը հետեւեալն է. հաղորդակցիլ կը նշանակէ տեղեկութիւն փոխանակել, հարցերու պատասխաններ գտնել , հարցեր կիսել, թերեւս լուծումներ գտնել, համոզել , համոզուիլ, թերեւս նոյնիսկ թշնամանալ …
Ինչպէս քիչ առաջ յիշեցի , Հաղորդակցութիւնը կը պահանջէ մէկէ աւելի կողմեր , այլապէս կը դառնայ մենախօսութիւն . կարելի չէ հաղորդակցիլ միայնակ : Հաղորդակցութեան ընթացքին կայ ղրկող եւ կայ ստացող կողմ կամ կողմեր , իսկ հաղորդակցութիւնը ամբողջական կը դառնայ երբ ստացողը ճիշդ ձեւով կը հասկնայ ուղարկուած պատգամը եւ նպատակը:
Ինչ ալ ըլլան հաղորդակցութեան ձեւերը, սկսած շատ հին ժամանակներէ մինչեւ մեր օրերը , անհրաժեշտ է կարգ մը հմտութիւններ, որոնք կը դիւրացնեն ղրկողի եւ ստացողի միջեւ կապը եւ հարիւր առ հարիւր կ՛ապահովեն արդիւնաւէտ հաղորդակցութիւնը:
Նախքան աւելի մանրամասնութիւններու անցնիլը, կ՛արժէ ակնարկ մը նետել , թէ որո՞նք են հաղորդակցութեան հմտութիւնները, զորս մեզմէ շատեր չեն տիրապետեր իրենց պարզ առօրեային մէջ եւ այդ պատճառով ալ կը ստեղծուին հազար ումէկ հարցեր :
- Լաւ լսել.
Եթէ կ՛ուզենք որ մարդիկ լսեն մեզ անհրաժեշտ է , որ մենք ըլլանք լաւ լսողներ , որովհետեւ ոեւէ անհատ չի սիրեր հաղորդակցիլ երբ անդրադառնայ, որ դիմացինը հետաքրքրուած է իր ըսելիքները փոխանցելով միայն : Իսկ լաւ լսելու ապացոյցներէն մէկը այն է, որ հարցնենք հարցումներ, յստակացնենք պղտոր տեղեկութիւններ, գործածենք դիմացինին ըսածները հաստատող նախադասութիւններ, որոնց հիման վրայ միայն կրնանք ճիշդ հակազդել:
- Մարմնի լեզուն շատ կարեւոր է` աչքեր, ձեռքեր , հանգիստ եւ ինքնավստահ վիճակ դիմացինին կը փոխանցեն ինքնավստահութիւն եւ վստահութիւն խօսակիցին հանդէպ : Շփոթը շատ արագ կը փոխանցուի հաղորդակցութեան ընթացքին:
- Հաղորդակցելու ժամանակ կարեւոր են յստակ եւ կարճ նախադասութիւնները:
- Ընկերական մթնոլորտը կը քաջալերէ, որ դիմացինը հանգիստ զգայ եւ երբ մարդ հանգիստ է, կը ստեղծուի դրական մթնոլորտ :
- Պէտք է ըլլալ ինքնավստահ , սակայն ոչ ինքնահաւան որ վանողական է :
- Նոյնիսկ երբ համաձայն չենք դիմացինին հետ, անհրաժեշտ է, որ պահենք հանդարտութիւնը եւ յարգենք դիմացինը:
- Պէտք է նաեւ ըլլանք բաց եւ առաձգական, նոյնիսկ երբ դիմացինին կարծիքը հակառակ է մեր կարծիքներուն:
- Յարգենք դիմացինը եւ յարգանքը զգացնենքտարբեր ձեւերով. օրինակ e-mail գրելու ժամանակ յարգանքի նշան է երբ մեր ժամանակը կ՛առնենք եւ կը սրբագրենք մեր գրածները. այս կը նշանակէ , որ կը յարգենք դիմացինը եւ ժամանակ կը տրամադրենք այդ յարաբերութեան:
- Հաղորդակցութեան ընթացքին անհրաժեշտ է հակազդել, feedback տալ ձեւով մը , այլապէս խօսակիցը չի կրնար մնալ մթնոլորտին մէջ եւ կը շեղի նիւթէն:
- Պէտք է ընտրենք հաղորդակցութեան ճիշդ ձեւերը եւ միջոցները եւ քայլ պահենք ժամանակի հետ. այս կէտը հիմնական է եւ անմիջական կապ ունի մեր առօրեային հետ . եթէ ամբողջ աշխարհը այսօր կ՛երթայ դէպի արհեստագիտութիւն, մենք իբրեւ անհատներ կամ հաւաքականութիւն չենք կրնար կառչած մնալ հին եւ ժամանակավրէպ ձեւերու .եւ ահա այստեղ է , որ կը շեշտուի կարեւորութիւնը համացանցին, կայքին, կայքէջերուն եւ այս բոլորի միջոցով նաեւ , եւ կը շեշտեմ այստեղ նաեւ, բառը , կարելի կ՛ըլլայ փոխանցել անհրաժեշտ պատգամը:Պէտք է ուշադիր ըլլալ փոխանցման շրջանին , այսինքն որոշ ժամանակ մը պահելով հանդերձ հինը,պէտք է որդեգրել նոր ձեւեր :
Որքան ալ զարմացնեն այսօրուան արհեստագիտական կարելիութիւնները հաղորդակցութեան մէջ յեղափոխութիւնը կատարուած է հարիւր հազար տարի առաջ, երբ մարդիկ դադրած են պոռալէ եւ ընտրած են խօսքը։Այս հմտութեան վրայ վրայ հիմնուած են բոլոր հետագայ գիւտերը . այսպէս հաղորդակցութեան սկիզբ կարելի է համարել խօսելու կարողութեան ստեղծումը , որ կարելի դարձուցած է մարդկային հասարակութեան եղափոխութիւնը , անցնելով երեսուն հազար տարի առաջ քարայրներու մէջ գծուած խորհրդանշաններէն , ժայռերու վրայ փորագրութիւններէն, հասնելով մինչեւ գիրերու գիւտին, շուրջ հինգ հազար տարիներ առաջ :
Խօսքը եւ գիրը , կարեւոր իրագործումներ էին օրին , որոնք ժամանակի ընթացքին նկատուեցան անբաւարար, որովհետեւ կարելի էր զանոնք օգտագործել կարճ միջոցի, կարճ տարածութեան մէջ, անհրաժեշտ էր երկար տարածութիւններու վրայ հաղորդակցիլ , նամակ փոխանցել, լուր հասցնել , կացութիւններ փրկել, պետութիւններու միջեւ երկխօսութիւն ստեղծել եւ ահա այս պատճառով է, որ շատ անհրաժեշտ էր հաղորդակցութեան ձեւերու ստեղծումը։
Ձեւերու փնտռտուքին մէջ ,այս իմաստով նշանակելի իմաստ ունին հնդիկներու օգտագործած ծուխ-նշանները, սուլոցները, աղաւնիները, վազքով տեղեկութիւններու փոխանցումը, ճամբաներու կառուցումը , պապիրոսի գիւտը, տպագրութեան գիւտը , տպագրութիւնը տարածելու անհրաժեշտութեան զգացումը , պռոշիւրները, թերթիկները, , վերջապէս թերթերու ստեղծումը, թերթերը տարածելու անհրաժեշտութիւնը, նամակաբաշխման համակարգի ստեղծումը, հեռագիրը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը, համացանցը ….այլ խօսքով մասսաներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը:
Համացանցը այսօրուան դրութեամբ մեծագոյն հաղորդակցութեան միջոցն է, ուր ի մի կու գան գրութիւնը, պատկերները, գոյնը, ձայնը , որոնք կը փոխանցուին կայծակի արագութեամբ, ճշգրտութեամբ եւ հսկայական տարածքներ կտրելով. այնտեղ կրնանք գտնել թերթը, շարժապատկերը, վիճաբանական ասուլիսներ, երաժշտական կտորներ, բազում տեղեկութիւններ եւ հազարաւոր այլ կարելիութիւններ :
Ինչպէ՞ս կրնանք օգտուիլ այս բացառիկ հնարաւորութենէն :
Կրնանք առաւելագոյն չափով օգտուիլ երբ տեղեակ ըլլանք հաղորդակցութեան այս ձեւի դրական եւ բացասական կողմերուն մասին եւ կարենանք կամպատրաստ ըլլանք դուրս ելլելու մեզի ծանօթ ձեւերէն :
Իսկ որո՞նք են բացասական եւ դրական կողմերը նորագոյն հաղորդակցութեան այս ձեւին` համացանցին :
Սկսինք բացասական կէտերէն
- Աւանդական միջոցներու նուազում եւ այս իրավիճակի իբրեւ հետեւանք որոշ ժամանակ մը անորոշութիւն :
- Միջոցներու անհասանելիութիւն որոշ խաւի մը համար :
- Կարճ նախադասութիւններով , կարճ ժամանակի եւ տեղի մէջ ըսելիքներու ամփոփում , որ երբեմն հնարաւոր չէ մանաւանդ այլ ձեւի վարժութիւնը ունեցող անհատներու համար:
- Տեղեկութիւններու տարափը զտելու անկարելիութիւն, եթէ կազմակերպուած ձեւով չօգտագործուին համացանցային միջոցները :
- Մոլութեան վերածուելու կարելիութիւն եւ այս մէկը հոգեբանութեան մարզին մէջ այսօրուան դրութեամբ դարձած է կարեւոր ուսումնասիրութեան եւ հետազօտութեան դաշտ :
Անցնինք դրական կէտերուն
- Տարածքներ կտրելու եւ աւելի մեծ թիւով մարդոց հասնելու կարելիութիւն, առանց տեղափոխուելու .
- Նոր հորիզոններ բանալու եւ տարբեր կարծիքներ լսելու առիթ :
- Տեղեկութիւններ պահելու եւ անոնց վերադառնալու կարելիութիւն :
- թէ՛ Նիւթական եւ թէ՛ ժամական հսկայական միջոցներու խնայողութիւն :
Եզրակացութիւն
Այսօրուան դրութեամբ առանց արհեստագիտական միջոցներու հաղորդակցութիւնը կը մնայ թերի եւ ոչ ամբողջական հետեւաբար բոլոր հաւաքականութիւնները իրենց առօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ կը գործածեն կամ կը փորձեն գործածել նորագոյն ձեւերը, որպէսզի ըլլան գործնական, ազդու եւ հասանելի:
Պէտք է շեշտենք որ տեղեկութիւններու փոխանցումը , բոլոր մարզերու մէջ առաւել չափով քաղաքական մարզին մէջ , հին ժամանակներէ ի վեր առաւելութիւն եւ զօրութիւն էր այն կողմին համար, որ կը յաջողէր արագ պատգամներու եւ տեղեկութիւններու փոխանցում կատարել :Անհատական գետնի վրայ եթէ հեռու ենք արհեստագիտութենէն , եթէ ոչ հիմա բայց պիտի գայ ժամանակ մը, որ պիտի դառնանք ժամանակավրէպ եւ ոչ լսելի. հետեւաբար ,եթէ ուզենք եւ փափաքինք նոյնիսկ ամէնէն գեղեցիկ պատգամները փոխանցել, մեր ձայնը լսելի դարձնել` դժուար պիտի ըլլայ այդ մէկը , որովհետեւ հաղորդակցութեան ամէնէն հիմնական գործիքը պիտի չունենանք հասնելու մարդոց : Ուրեմն կա՜մ քայլ պիտի պահենք կա՜մ պիտի դատապարտուինք մոռացութեան :Բան մը որ անընդունելի է մեզի նման Դատ հետապնդող ժողովուրդի մը համար . մանաւանդ որ մենք ունինք Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նման թշնամիներ, որոնք այս մարզին մէջ , կը գտնուին մեզմէ մղոններ առաջ :
Ահա այս պարունակին մէջ պէտք է կարեւորել դէպի նորարարութիւն ձգտող ամէն տեսակ ճիգ . մեզի համար անհրաժեշտ են արագ , ժամանակակից , քաշողական, ճշգրիտ , կայքեր , ինչպիսին է քիչ ետք ներկայացուելիք կայքը, որուն մեկնարկը պիտի տրուի այսօր: