Ուրբաթ 25 Յուլիս 2014-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան կատարեց Քեսապի Գարատուրան շրջանի հայկական Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթը:
Կիրակի, 27 Յուլիս 2014-ին, սրբազան հայրը Քեսապի ազատագրումին յաջորդող առաջին Ս․ եւ անմահ պատարագը մատուցեց նշեալ եկեղեցւոյ մէջ՝ Վարդավառի տօնին առթիւ` հոծ բազմութեան նրեկայութեան։
Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին, սրբազան հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւններն ու անվերապահ զօրակցութիւնը: Առաջնորդ սրբազանը մօտէն տեղեակ դարձաւ տեղափոխուած քեսապցիներու դժուարութիւններուն ու կարիքներուն, որպէսզի համապատասխան անհրաժեշտ միջոցներն ու օժանդակութիւնները տնօրինուին: