Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ջիւանիի Մեծարման Նուիրուած Տօնահանդէս Ախալքալաքի Մէջ

Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի բնակչութիւնը աւանդաբար յուլիսեան վերջին օրերէն մէկը կը նուիրէ հայ մեծ աշուղ Ջիւանիի մեծարման:

Յուլիս 26-ի առաւօտեան Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սբ եւ Անմահ Պատարագ, որուն աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ: Պատարագիչը` Տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանն էր:

Կարծախ գիւղի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցին հիմնադրուած է 1830-ական թուականներուն: Պատարագի աւարտին հիւրերը՝ Վիրահայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի, հոգեւոր դասի եւ ժողովուրդի ուղեկցութեամբ ծաղիկներ դրին Ջիւանիի յուշարձանին:

Մեծն Ջիւանիի աւանդական տօնին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին հիւրեր Հայաստանէն եւ Վրաստանէն: Վիրահայոց թեմի առաջնորդը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բերաւ Ախալքալաքի տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն` բարձր գնահատելով անոնց կատարած աշխատանքը:

Վիրահայոց թեմի առաջնորդը տօնական հանդիսութեան ժամանակ արտասանած իր խօսքին մէջ ըսաւ,- “Ջիւանու ստեղծած արուեստով մենք ապրում ենք: Այն ինչ ստեղծել է նա, որը կոչւում է արուեստ, մշակոյթ, անմահ է: Նրա արուեստը հարիւրամեակներ որպէս խոհափիլիսոփայութիւն, որպէս կեանքի ուղենիշ առաջնորդում է մեզ”:

Ջիւանիի մեծարման նուիրուած տօնահանդէսին` վերստին տարածուեցաւ անոր երգն ու երաժշտութիւնը: Բեմին Հայաստանի Հանրապետութեան Հանրային ռատիոյի “Սայաթ Նովա” անսամպլն էր՝ ջիւանական երգ ու տաղով:

Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան

Spread the Word

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին