Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան Վարժարանի եւ Մշակութային Կեդրոնի Հիմնադրման 180-ամեակը Երեւանի Մէջ

Յուլիս 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի հիմնադրման 180-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ, որուն ներկայ էր նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, վարժարանի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Մխիթարեանները վարժարանի 180-ամեակին առիթով` նշելով, որ հեռատես գտնուելով` Մխիթարեանները 180 տարի առաջ հիմնեցին այս դպրոցը` գլխաւոր սկզբունք դարձնելով հայ հաւատքի, կրթութեան, մշակոյթի եւ լեզուի պահպանումը: Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ստեղծուած են նմանատիպ 36 դպրոցներ, որոնց հազարաւոր սաներ բոլոր ժամանակներուն եղած են անուանի մտաւորականներ, հասարակական-քաղաքական, մշակութային գործիչներ, գիտնականներ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի Օ տէ Սենի մարզպետ, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, հայ Փաթրիք Տեւեճեանի մեծ աջակցութիւնը այս վարժարանին, որուն շրջանաւարտն է ինք: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մխիթարեաններու իրական ժառանգորդ Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեանին՝ վարժարանի գործունէութեան մէջ ունեցած մեծ վաստակին համար, որ իր երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին եւ այսօր եւս մեծ պատիւ ու հեղինակութիւն կը բերէ: Ֆրանսական կառավարութիւնը աւանդաբար մեծ կարեւորութիւն տուած է եւ կու տայ այս վարժարանին:

Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ գործունէութեան համառօտ պատմութիւնը ներկայացուց Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան:

Հայ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ Մխիթարեաններու դպրոցի դերի մասին պատմեցին եւ 180-ամեակին առթիւ շնորհաւորեցին Արմէն Տէր-Ստեփանեանը Մ.Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն եւ ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան ուսումնարանի փոխտնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը:

Ձեռնարկին ցուցադրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով նկարահանուած  Սեւրի կեդրոնի 180-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնող տեսաերիզ, տեղի ունեցաւ կեդրոնի պատմութիւնը լուսաբանող լուսանկարներու, գիրքերու եւ Մխիթարեաններու վարժարաններու նշանաւոր սաներու մասին արխիւային այլ նիւթերու ցուցադրութիւն:

Հնչեցին Մխիթար Աբբահօր շարականներ, Ղեւոնդ Ալիշանի եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործութիւնները ներկայացուցին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան խօսքի մշակոյթի կեդրոնի սաները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին