Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Թուրք Բեմադրիչի «Հատում» Ժապաւէնը Պիտի Ցուցադրուի Վենետիկի Փառատօնին

Ծագումով թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նկարահանած շարժապատկերը պիտի ցուցադրուի Վենետիկի փառատօնին:

Աքընի «Հատումը» (The Cut) շարժապատկերը կը ներկայացնէ Նազարէթ Մանուկեանի պատմութիւնը: Ցեղասպանութենէն փր-կուելէ ետք Նազարէթ կ՛իմանայ, որ իր զոյգ դուստրերը ողջ են ու կը սկսի փնտռելու զանոնք:

Տահար Ռահիմ «Հատում»ի գլխաւոր դերակատարն է: Դերեր ստանձնած են նաեւ Սիմոն Աբգարեան, Արսինէ Խանջեան եւ ուրիշներ: Բեմագրութիւնը Աքինի ու Մարտիկ Մարտինի գործն է: Շարժապատկերը, որ 138 վայրկեան տեւողութիւն ունի, անգլերէնով է:

«Հատում»ը նաեւ պիտի ցուցադրուէր Քաննի փառատօնին, սակայն բեմադրիչը վերջին պահուն, անձնական պատճառներով, դուրս բերած էր զայն ցուցադրուող շարժապատկերներու ցանկէն:

Համպուրկ ծնած Աքին Եւրոպայի ականաւոր բեմադրիչներու շարքին կը նկատուի: Անոր բեմադրած շարժապատկերները արժանացած են միջազգային մրցանակներու:

Վենետիկի շարժապատկերի փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 27- Սեպտեմբեր 6:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին