Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Աւստրալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Ժխտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճուլի Պիշըբ յայտարարած է, որ իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ 1915-ի դէպքերը չեն ճանչցուիր որպէս ցեղասպանութիւն: Իսկ Աւստրալիոյ նահանգներու՝ այդ հարցին գծով իւրաքանչիւր նահանգի քաղաքականութիւն մշակելու միտումը, նախարարը հակաօրէնսդրական համարած է:

Պիշըբ, պատասխանելով «Աւստրալիոյ թրքական պաշտպանութեան դաշինք»ի (ATA-Australia) Սիտնիի մասնաճիւղի ղեկավար Էրթունչ Օզենի ուղարկած նամակին՝ նշած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը անհատներ եւ որոշ խումբեր վերոնշեալ հարցին վերաբերեալ տարբեր կարծիք ունին, Աւստրալիոյ կառավարութիւնը այդ զգայուն հարցին միջամտելու կողմնակից չէ:

Պիշըբը թրքական «Ենի Վաթան» լրատուական կայքին յայտնած է, որ իրենք հարցը լուծելու համար, կողմերուն՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանին, հրաւիրած էին երկխօսութեան եւ ցիւրիխեան արձանագրութիւններու վաւերացման առաջարկ ըրած էին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին