Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Արցախ Դրական Փոփոխութիւն Կը Տեսնէ Մինսկի Յայտարարութեան Մէջ

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն 23 Յուլիսի յայտարարութիւնը կը կրէր դրական որոշ փոփոխութիւններ: Նման տեսակէտ՝ ըստ Armenpress.am-ի՝ արտայայտած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանը:

«Այն դասական յայտարարութիւններից էր, բայց՝ որոշ դրական փոփոխութիւններով, քանի որ նշւում է զինադադարի խախտման արդիւնքում քաղաքացիական անձանց սպանութիւնների մասին եւ կոչ է արւում զերծ մնալ միտումնաւոր թիրախաւորուած յարձակումներից գիւղերի եւ խաղաղ բնակչութեան վրայ»,- ըսած է Բաբայեան: Ան անհրաժեշտ նկատած է այն, որ յայտարարութիւնները աւելի առարկայական ըլլային եւ յստակօրէն դատապարտէին զինադադարը խախտող կողմը՝ Ատրպէյճանը:

«Եթէ զինադադարը խախտել է Ադրբեջանը, դիւերսիոն խումբ ուղարկելով Քարվաճառ, ապա յայտարարութիւնում պէտք է դատապարտուէր այդ կողմը կամ էլ կոնկրէտ նշուէր պարտականութիւնը՝ զերծ մնալու նման քայլերից: Համարենք, որ առաջին քայլն արուած է, եւ հետագայ յայտարարութիւններն աւելի առարկայական կը լինեն»,- դիտել տուած է ան։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին