ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը յիշեցուցած է ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներուն, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորումը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ: Այդ մասին ան գրած է Twitter-ի իր էջին մէջ` կցելով ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումէն նկար:
“Ես յիշեցուցած եմ ԵԱՀԿ ներկայացուցիչներուն, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորումը պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ` նոյնիսկ շատ համաշխարհային խնդիրներու առկայութեան պարագային”,- գրած է ամերիկացի համանախագահը: