Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Արցախի Տիգրանակերտի Մէջ Վաղքրիստոնէական Դամբարան Յայտնաբերուած Է

«Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, 25 Յունիսէն Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Համլէտ Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ վերսկսած են Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութենէն:

Հնագիտական աշխատանքները տեղի կ՛ունենան երեք հիմնական տեղամասերու մէջ՝ Ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատ, Անտիկ առաջին թաղամաս եւ Վաղքրիստոնէական հրապարակի հիւսիսային բակ: Պեղման ներկայ մակերեսը շուրջ 500 քառակուսի մեթր է, միջին խորութիւնը՝ 2.5 մեթր:

Տիգրանակերտի մէջ արդէն արձանագրուած է առաջին ու կարեւորագոյն յայտնագործութիւնը, որ նորաբաց երկրորդ եկեղեցւոյ արեւելեան խորանին տակ պեղուող վաղ քրիստոնէական դամբարանն է: Անիկա ունի արեւմուտք-արեւելք ուղղուածութիւն, համարեա քառակուսի դամբարանասրահ, թաղակապ ծածկ, հիւսիսային եւ հարաւային պատերուն մէջ ներկառուցուած են մասունքները տեղադրելու յատուկ երկայնքին խորշեր: Ամբողջ կառոյցը յայտնաբերուած է սրբատաշ մեծ սալերով՝ ամուր կրաշաղախի օգնութեամբ: Հաւանաբար այս յուշարձանը Աղցքի արքայական դամբարանի եւ Ամարասի Գրիգորիսի դամբարանէն ետք լաւ պահպանուած երրորդ կառոյցն է՝ հայկական վաղքրիստոնէական մշակոյթին մէջ: Պեղումներուն իբրեւ արդիւնք կարելի պիտի ըլլայ վաւերացնել այս տեսակի կառոյցի մը նոր յօրինուածքը, ինչպէս նաեւ պիտի փաստագրուին եւ պատմական իրական հիմերու վրայ դրուին 5-րդ դարու երկրորդ կէսի Հայաղուանքի արքայ Վաչագան Բարեպաշտի կրօնական բարեկարգութեան իսկական ընթացքն ու մանրամասնութիւնները:

Կարեւոր նկատելով դամբարանի յայտնաբերումը՝ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութիւնը ներկայիս կը քննարկէ նորայայտ յուշարձանի ամրակայման եւ պահպանման աշխատանքներու կարեւորութիւնը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին