Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Սահմանադրական Ատեանը կը Հաստատէ. Տինքի Սպանութեան Հարցով Դատավարութեան Ընթացքին Արձանագրուած են Իրաւանց Խախտումներ

Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանը, քննելէ ետք Հրանդ Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած դիմումը՝ վճռած է, որ Տինքի սպանութեան հարցով դատավարութեան ընթացքին արձանագրուած են իրաւանց խախտումներ: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ “Մարմարա”-ն:

Դատավճիռը բաւարարած է Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած «ոչ արդիւնաւէտ քննութիւն կատարելու» մասին հայցը, իսկ որոշումը ընդունուած է միաձայնութեամբ: Տինքի ընտանիքը նաեւ բողոքած էր, որ շարք մը պաշտօնատարներու դէմ հետաքննութիւն չի կատարուիր:

Միւս կողմէ, Տինքի սպանութեան դատավարութեան Յուլիս 17ի նիստը դարձեալ որեւէ յառաջդիմութիւն չարձանագրեց, որովհետեւ դատարանը կը պնդէ ամբաստանեալներէն Ահմետ Իսքենտերի վկայութիւնները ունկնդրելու գծով, սակայն ամբաստանեալը «անհետացած է» եւ ոստիկանութիւնը տակաւին չէ կրցած ձերբակալել ու դատարան բերել զայն։

Տինքի փաստաբանները առարկեցին ու պահանջեցին, որ Իսքենտերի թղթածրարը անջատուի, բայց դատական կազմը պնդեց անոր լսելու անհրաժեշտութիւնը ու յաջորդ նիստին համար որոշեց Հոկտեմբեր 30 թուականը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին