*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Ուրբաթ, Յուլիս 11, 2014, երեկոյեան ժա-մը 7:30-ին, Հ.Բ.Ը.Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան համալիրի մայր սրահին մէջ, շատ ճոխ ձեռնարկով մը, սիրոյ սեղան մը տրուեցաւ Միութեան երկարամեայ նուիրեալներէն, Արեւմտեան Շրջանակայինի նախկին ժրաջան ատենապետներէն Տիար Վահէ Իմաստունեանի, անոր Ellis Island պատուանշանի արժանանալուն ուրախ առիթով:
Սիրոյ սեղան ըսինք, քանի որ ներկայ հոծ բազմութիւնը, գլխաւորութեամբ Հ.Բ.Ը.Միութեան Արեւմտեան Շրջանակայինի վարչութեան Ասպետներու Յանձնախումբին, եկած էր իր սէրը, ուրախութիւնը եւ անկեղծ շնորհաւորութիւնները յայտնելու Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Նորմա Իմաստունեաններուն, այս պատուաբեր շքանշանին արժանանալուն առիթով:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միութեան Ասպետներու Յանձնախումբին կողմէ: Իր օրհնաբեր ներկայութեամբ սիրոյ այս սեղանը կը պատուէր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի նահապետը՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, որ սեղանի օրհնութիւնը կատարեց: Ներկայ էին նաեւ Շրջանակայինի նախկին ատենապետները, Միութեան ղեկավարները, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Շրջանակայինի կորովի եւ սիրուած ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Գարակէօզեանի, Միութեան միաւորներու ղեկավարներ եւ անշուշտ Իմաստունեան ընտանիքի անդամները եւ մօտիկ ընկերները:
Նախ յիշենք, որ Ellis Island շքանշանը կը տրուի այն գաղթական եկած Ամերիկացինե-րուն, որոնք այս երկիրը գալէն ետք, մեծ յաջողու-թիւններ ունեցած են, եւ ամենէն կարեւորը, իրենց նպաստը եւ բաժինը բերած են ամերիկեան ընկերութեան եւ մարդկութեան վերելքին եւ յառաջդիմութեան: Այս շքանշանին արժանի եղած են նախագահներ, քաղաքական, մշակութային, հասարակական մեծանուն Ամե-րիկացիներ:
Ուրախ ենք յայտնելու, որ այս շքանաշանին արժանի եղած են հարիւրէ աւելի հայեր, որոնք որպէս գաղթական այս երկիրը գալով մեծ յա-ջողութիւններ ունեցած են եւ իրենց նպաստը բերած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն:
Ընկերային ժամէն ետք, ներկաները սրահ անցնելով սկսաւ պաշտօնական բաժինը:
Օրուան հանդիսավարն էր Հ.Բ.Ը.Միութեան Գրիգոր Սաթամեան թատերախումբի անդամներէն Գէորգ Քէօշկէրեան, որ ձեռնհասու-թեամբ եւ ջերմութեամբ վարեց ձեռնարկը:
Քէօշկէրեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, յաջորդաբար խօսք առին՝ Ասպետներու Յանձնախումբի ատենապետ, եկեղեցական, հաս-րակական եռանդուն գործիչ՝ Տօքթ. Յարութիւն Եաղսզեան, Միութեան թատերախումբի ղեկավար, մեծանուն դերասանապետ՝ Գրիգոր Սաթամեան, Հ.Բ.Ը.Միութեան երկարամեայ նուիրեալներէն՝ Տիկին Սէսիլ Քէշիշեան, ընտանիքին կողմէ Իմաստունեաններու սիրունատես եւ շնորհալի դուստրը՝ Կարինէ Իմաստունեան, իրաւաբան Սթելլա Մալոյեան, Հ.Բ.Ը.Միութեան երիտասարդ ղեկավարներէն՝ Թորոս Եթէնէկեան եւ վերջին խօսողը եղաւ Արեւմտեան Շրջանակայինի ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Գարակէօզեան, որ իր սրտի խօսքին հետ նաեւ կար-դաց Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանի նամակը եւ Իմաստունեանին յանձնեց Միութեան Պատուոյ անդամի գիրը:
Բոլոր խօսողները մեծ համարումով, արժանավայել խօսքերով եւ գնահատումներով վեր առին Վահէ Իմաստունեանի աշխատասիրու-թիւնը, պարկեշտութիւնը, նախաձեռնութեան ոգին, անկեղծութիւնը Հ.Բ.Ը.Միութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու հաւատքը:
Նմանապէս, ոմանք շեշտեցին անոր հաւատարմութիւնը, ծնողասիրութիւնը (ամէն օր իր մօրը այցելելու բարի սովորութիւնը), ընտանե-կան սէրն ու երկու աղջիկներուն մեծագոյն օրինակ ըլլալը:
«Երիտասարդներ, ձեր աչքերը լաւ բացէք եւ օրինակ առէք Վահէ Իմաստունեանի կեանքէն եւ գործէն», ըսաւ Սէսիլ Քէշիշեան այդ օր:
Մենք կ՛երկրորդենք Տիկին Քէշիշեանի այս խօսքը, աւելցնելով որ Վահէ Իմաստունեան իր կեանքով եւ նուիրուածութեամբ օրհնութիւն մը եղաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Արեւմտեան Շրջանակին համար:
Վահէ Իմաստունեանի օրով է, որ Միութիւնը գնեց Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանի անու-նը կրող համալիրը: Վահէ Իմաստունեանի ատենապետութեան օրերուն Հ.Բ.Ը.Միութիւնը, համագործակցութեամբ «Լարք» երաժշտական կեդրոնի, ներկայացուց մեծածախս բայց պատմական երեք օփերաները Լոս Անճելըսի մէջ:
Վահէ Իմաստունեան մեծ գաղափարներու, մեծ գործերու մարդ է. ոչ թէ գետակներու ձուկ մըն է, այլ ան ոսկիանոսներու մէջ լողացող ԿԷՏ ՁՈՒԿ մըն է. վկայ՝ իր կեանքի աչքառու յաջողութիւնները, ծառայութիւնները ու մանաւանդ անոր խոնարհ, համեստ եւ մարդասիրական ոգին: Այո, Վահէ Իմաստունեան գործի մարդ է, բնաւ չի վարանիր սխալին՝ սխալ ըսե-լու, եւ ճիշդ գործին եւ խօսքին ծափահարելու:
Այդ օր ելոյթ ունեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի 11-րդ դասարանի շնորհալի աշակերտուհիներէն՝ Մարալ Քիւրտեան, երգելով՝ “God Bless America,” “This Land Is Your Land” եւ «Երգիր ինձ համար» երգերը, արժանանալով ներկանե-րու երկարատեւ ու ջերմ ծափահարութեան:
Նմանապէս, ձեռնարկին սկիզբը ցուցադրուեցաւ Ellis Island-ի շքանշանի պարգեւա-տըրման խիստ տպաւորիչ եւ վեհաշուք հանդի-սութեան տեսաերիզը, խորապէս տպաւորելով ներկաները:
Վերջաւորութեան, Վահէ Իմաստունեան շատ տպաւորիչ ելոյթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք պատճառ եղան իր կազմաւորման եւ ծառայութիւններուն: Շնորհակալութիւն յայտնեց տիկնոջը, զաւակներուն, մօրը եւ հարազատներուն եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան նախագահին եւ պատասխանատուներուն:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեր սիրելի միութենական կրտսեր եղբայրը՝ Վահէ Իմաստունեանը, այս գնահատանքին համար, վստահ ըլլալով, որ Վահէ Իմաստունեան տա-կաւին երիտասարդ ըլլալով, շատ տալիք ունի մեր հայրենիքին, ազգին եւ Հ.Բ.Ը.Միութեան:
Գնահատանքի յատուկ խօսք մը ունինք Ասպետներու Յանձնախումբին եւ Արեւմտեան Շրջանակայինի վարչութեան, որ գեղեցիկ մտածումը ունեցաւ նման սիրոյ սեղան մը կազմակերպել, Վահէ Իմաստունեանին շնորհաւորելու համար: