Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Ոսկէ Ծիրան» Միջազգային Փառատօնը Աւարտեցաւ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 11-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը, որ նուիրուած էր Սերկէյ Փառաջանովի 90-ամեայ յոբելեանին, փակուեցաւ 19 Յուլիսին, Ալ. Սպենդիարեանի օփերայի եւ պալէի ակադեմական թատրոնին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը:

«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան 20 Յուլիսին հրաւիրած ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսով շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն, հանդիսատեսներուն եւ դատական կազմի անդամներուն: «Մեր դատական կազմը շատ բարձր մակարդակ ունէր, եւ մեր հանդիսատեսը բաւական շարժապատկերներ դիտեց: Հայաստանի համար այսպիսի փառատօն կազմակերպելը հերոսութիւն է»,- ըսաւ Յարութիւն Խաչատրեան:

«Ոսկէ Ծիրան»-ի այս տարուան գլխաւոր մրցանակին տիրացաւ Միրոսլաւ Սլապոշփիթսքիի «Ցեղը» ժապաւէնը: Ան ճանչցուեցաւ լաւագոյն խաղարկային շարժապատկեր: Վաւերագրական շարժապատկերներու մրցումին յաղթեց Ճիովանի Տոնգրանչեսքոյի «Քարէ գետ»-ը: «Հայկական համայնապատկեր» ծրագիրի կարճտեւողութեան շարժապատկերի համար մրցանակ ստացաւ Վահրամ Մխիթարեանի «Կաթնեղբայր»-ը, իսկ խաղարկային շարժապատկերի համար «Ոսկէ Ծիրանի»-ին արժանացաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» շարժապատկերը: Շարք մը այլ գործերու շնորհուեցան նաեւ յատուկ մրցանակներ եւ պատուոյ գիրեր: Յաղթողները արժանացան նաեւ դրամական նուէրներու:

Նշենք, որ «Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնը Երեւանի մէջ տեղի ունեցող մեծագոյն մշակութային իրադարձութիւններէն մէկն է:

«Ոսկէ Ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնը իր հիմնադրութենէն` 2004-էն ի վեր կը գործէ «Քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու խաչմերուկ» նշանաբանով: Փառատօնը ամէն տարի կը ներկայացնէ 120-150 շարժապատկեր` մրցութային եւ արտամրցութային տարբեր ծրագիրներով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին