Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հ.Բ.Ը.Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Համալիրի Ամառնային Ճամբարը

*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*

Khachig Janoyan

Երկուշաբթի, Յունիս 23, 2014, Հ.Բ.Ը.Միութեան Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան գեղեցիկ համալիրէն ներս տօնական անխառն ուրախութիւն մը կը տիրէր:

Այդ օր, բացումը կատարուեցաւ Հ.Բ.Ը.Միութեան Փասատինայի մեծ ժողովրդականութիւն եւ անուն վայելող միութեան փոքրիկներու ամառնային ճամբարին: Միութեան ղեկավարներէ, ծնողներէ, աշակերտներէ եւ հիւրերէ բաղկացած հոծ բազմութիւն մը ներկայ եղաւ այդ բացումին: Աշակերտութեան մեծ մասը նախորդ տարիներու փոքրիկներ էին: Անոնք անցեալին, այս ճամբարին մէջ այնքան հաճելի եւ օգտակար օրեր ունեցած են, եւ ուզած են այս տարի եւս անպայման մասնակից ըլլալ այս ճամբարին:

Արդարեւ, երկու ամիս առաջ արձանագրութիւնները փակուած էին բաւարար պզտիկներ արձանագրուած ըլլալուն համար:

Ճամբարի բացման այս հանդիսութիւնը իրենց պատկառելի ներ-կայութեամբ կը պատուէին Միութեան Արեւմտեան Շրջանակայինի վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Գրիգոր Գարակէօզեան, Փասատինա քաղաքի հայասէր ոստիկանապետ՝ Ֆիլիփ Սանչէզ, Շրջանակայինի գանձապահ, հասարակական եռանդուն գործիչ՝ Տիար Աւօ Մակարեան, ճամբարի սիրուած եւ համակրելի տնօրէնուհի՝ Կարինէ Սէօյլէմէզեան, եւ ճամբարի նուիրատուներէն, ի ծնէ Հ.Բ.Ը.Միութեան անդամ՝ Տօքթ. Մարալ Տապպաղեան:

firstday

Ճամբարի տնօրէնուհիին բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն ետք, պզտիկները հայրենասիրական եւ մանկական երգերու փունջ մը երգեցին, արժանանալով ներկաներու ջերմ ծափահարութեան: Ապա տնօրէնուհի՝ Տիկին Սէօյլէմէզեան բարի գալուստի եւ ողջոյնի խօսքերէ ետք, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ ճամբարի ծրագրին եւ առօրեային մասին __ ճամբարը ունի 60 մասնակիցներ, 20 պաշտօնեաներ եւ 18 կամաւորներ: Ճամբարը բաց է առաւօտեան ժամը 9-էն կէսօրէ ետքի ժամը 4-ը:

Խիստ ապահով եւ հայաբոյր մթնոլորտի մէջ, պզտիկներ կը զբաղին պար, երգ, ասմունք, թատրոն, նկարչութիւն սորվելով, զանազան յիշարժան եւ գիտական վայրեր եւ թանգարաններ այցելելով: Այս վեց շաբթուայ իւրայատուկ ծրագրին մէջ կայ նաեւ հայերէն, անգլերէն եւ թուաբանութեան զարգացման դասընթացքներ:

first_day_group_b

Ճամբարի աշակերտութեան ամէն օր կը տրուին, կամաւոր տիկիններու կողմէ պատրաստուած թարմ եւ համով-հոտով նախաճաշ մը, լման ճաշ մը, իսկ կէսօրէ ետք թեթեւ ճաշեր եւ պտուղնեը կը սպասարկուին:

Տիկին Սէօյլէմէզեան յիշեց նաեւ, թէ այս ճամբարը անդամ է American Camp Association-ի (ACA) եւ թէ ճամբարի բոլոր պա-տասխանատուները յաճախած եւ անցած են այս կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած եւ վաւերացուած դասերէն: Նմանապէս, այս ճամբարը վաւերացուած եւ վկայուած է Փասատինայի Առողջապահական բաժինէն:

Ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչէզ խօսք առնելով ջերմօրէն շնորհա ւորեց եւ գնահատեց Հ.Բ.Ը.Միութեան պատասխանատուները այս բարձրորակ ճամբարին եւ հոն գործադրուած ծրագրին համար: «Այս ճամբարը փոքրիկներուն համար ապահով, օգտակար եւ հաճելի ժամանցի վայր մը եղած է ամառնային արձակուրդի ընթացքին», ըսաւ պրն. ոստիկանապետը, շնորհաւորելով Հ.Բ.Ը.Միութիւնը այս ծրագրին համար:

Մենք եւս ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հ.Բ.Ը.Միութեան Շրջանակային վարչութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Տիար Գրիգոր Գարակէօզեանի, ճամբարի հոգաբարձութեան անդամներն ու տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կարինէ Սէօյլէմէզեանը, այս շատ օգտակար ծրագրին եւ ճամբարին համար:

Բնաւ կասկած չունինք, որ քանի մը տարիէն այս ճամբարին բազմահարիւր փոքրիկներ պիտի մասնակցին:

Բարի երթ մեր անուշիկ փոքրիկներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին