Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«Հայաստան Երկիր… Դրախտավա՞յր»

*ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*

10453447_10152123927451960_5685766462297924977_n

Երեւանի նոր քաղաքացին…

Այդ ես եմ…

Երկու տարի առաջ Հայաստան եկայ որպէս դուրիստ, նախ Հայրենիքիս օդն ու ջուրը վայելելու, ապա, ազգային պատկանելիութիւնս Հայաստանեան անձնագիր ստանալով կնքելու, զոր ստանալու համար տարի մը առաջ դիմած էինք ամուսինիս հետ:

Աւելորդ է պատմել մանրամասները այն հանգամանքներուն, որոնց պատճառով ամուսինիս ու երկու աղջիկներուս հետ մնացինք այստեղ, եւ այսօր կը բնակինք Երեւանի մէջ մի ուրիշ քանի մը հազար Սուրիահայերու պէս:

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմ, անապահով վիճակ… եւ ամէն այն ինչը որ յայտնի է ողջ աշխարհին՝ հաղորդակցութեան տարբեր միջոցներով…: Սակայն այդ բոլորը շրջանցելով, կ՛ուզեմ անդրադառնալ ներկայիս Հայաստանի մէջ գտնուող Սուրիահայերու մեծամասնութեան հոգեվիճակին մասին՝ իմ սեփական ընտանիքին օրինակով…

Հայրենասիրութիւն՝ ըստ ամուսինիս, մարդու հոգեբանութիւնը ձեւաւորող կառոյցին գլխաւոր հիմնաքարերէն մէկն է: Ան ունի երկու բաղադրեալներ՝ զգացական եւ կենցաղային:

Զգացական Հայրենասիրութիւն
Սփիւռքի մէջ տիրող հայրենասիրութեան գլխաւոր բաղադրեալը զգացմունքն է, որտեղ Հայրենիքը, եւ անոր հետ կապուած ամէն ինչ՝ իտէալական է, սկսած օդ ու ջուրէն, «մեղրահամ» պտուղներէն, բնութենէն, մայրաքաղաք Երեւանէն, մինջեւ ժողովուրդը՝ որ բոլորն ալ Հայ են, Հայու վայել օրինակելի նկարագրով՝ գրագէտ, քաղաքակիրթ, ազնիւ, առաքինի… մինչ հայրենի պետութիւնն ու կառավարութիւնը՝ Հայրենասէր, Հայրենանուէր, ինքնազոհ եւ խիզախ այրերով լի …:

Մանկութիւնս, պատանեկութիւնս եւ երիտասարդութինս Ռամկավար Ազատական համակարգի մէջ անցուցած եմ: Այս համակարգին մէջ է , որ դաստիարակուած եւ հոգեբանութիւնս ձեւաւորուած է: Հոն՝ զիս բարձր դեղաչափերով զգացական հայրենասիրութեամբ լիցքաւորած են: Պարզ է, որ այդպիսի դաստիարակութիւնը, օտար ափերու մէջ գոյատեւման ու տեսակի պահպանման համար անհրաժեշտութիւն է: Նոր սերունդին գիտակցութեան մէջ հարկ է տեղաւորել թէ, Հայը աշխարհի ամենախելացին է, ամենաքաղաքակիրթը, ամենաառաքինին, վսեմը, բարին..: Մէկ խօսքով Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը մենք ենք, իսկ աշխարհիկ դրախտը՝ Հայաստանն է: Դաստիարակուած եմ հետեւեալ լոզունքներով՝ «հայրենիքը պէտք է սիրել բոլոր իր առանձնայատկութիւններով», «Հայրենիքը պէտք է պաշտել անկախ այնտեղ տիրող համակարգէն, որովհետեւ անոնց գունաւորումը փոփոխական է բայց հայրենի հողին գոյնը անփոփոխ կը մնայ՝ նախնիներու քրտինքով ու նահատակներու արիւնով ներկուած»… այս ու նման գաղափարներով զինուած, զգացական հայրենասիրութեամբ լեցուն պակաժով, ես, ամուսինս ու երկու աղջիկներս, պարագաներու բերմամբ դարձանք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներ…:

Սկիզբի շրջանը հաճելի էր: Դուրիստիկ տրամադրությամբ Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը վայելեցինք մի քանի ամիս՝ Դամասկոսէն մեզի հետ բերած երկու լեցուն պակաժ-ներով: Մին՝ զգացական հայրենասիրութեան լեփ-լեցուն պակաժ ու անոր կողքին՝ բաւարար լեցուն նիւթական պակաժ: Որոշ ժամանակ անց նիւթական պակաժի սլաքը սկսաւ լրջօրէն մտահոգել ամուսինս հակառակ անոր, որ տարիներու փորձառութեամբ այստեղէն շրջանաւարտ մասնագէտ բժիշկ էր եւ տեղի բժշկական համակարգէն տեղեակ, ազդեցիկ ծանօթի մը պէտք եղաւ դիմել, իր միջոցաւ աշխատանք գտնելու համար: Շուտով այդ մէկը տեղական հիւանդանոցի մը մէջ ապահովուեցաւ սակայն, հակառակ որպէս բժիշկ մասնագէտ աշխատելուն կը դժուարանար լրացնելու նիւթական մեր պակաժ-ին բացը, որ մեծ արագութեամբ կը դատարկուէր…: Թուային յստակ տուեալներ տալս անյարմար է հրապարակաւ, սակայն յաճախ ամուսինս ինքն իրեն կը մխիթարէր կրկնելով. «ամենայնդէպս մասնագիտութեամբս կը զբաղիմ, տունը նստած չեմ… մնացածը կամաց կամաց կ՛ըլլայ՝ տեղը կը գտնէ»: Այդ «կամաց-կամաց» ըսուածն ալ ըլլալիք չէր սակայն …եւ այսպէս, նիւթական պակաժ-ի սլաքը մեր բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած էր այնպէս, որ առաջին պակաժ-ին ուշադրութիւն դարցնող չկար… Հայրենասիրութեան պակաժ-ը նոյնպէս կը դատարկուէր մեծ արագութեամբ, իսկ անոր վերականգնելը շատ աւելի դժուար էր, որովհետեւ «զգացական» բաղադրեալը անհրաժեշտ էր փոխարինել «կենցաղային»-ով, որը ոչ միայն անձնկան նիւթականի հետ կապուած է, այլեւ շրջապատի, մթնոլորտի եւ համաքաղաքացիներուն նիւթականով, անոնց կենսամակարդակով, ապրելակերպով, բարոյականով եւ տրամադրութեամբ:

Կենցաղային Հայրենասիրութիւն
Այստեղ պիտի կրկնեմ ամուսինիս արտայայտութիւնը, երբ ան՝ վեր ցցած քիթով, ձեռքի հաստ սիկարի ծուխին առանքէն հնչող ծամծմուած բառերով, այլոց հանդէպ ակնյայտ կամ թաքնուած արհամարհական ոճով, ընդամէնը քանի մը հարիւր տարուայ պատմութիւն ունեցող երկրի մը քաղաքացին ըլլալուն չնայելով, կը ճարախօսէ թէ՝ «մեր օթօները մեծ են քանի որ մեր ճամբաները լայն են, մենք վարժուած ենք արդիական ու մեծ բնակարաններու մէջ ապրիլ, մեր երկրի տնտեսութիւնը կ՛որոշէ աշխարհի քաղաքականութիւնը…»: Հասկնալի է, որ նման արտայայտութիւններ, որքան ալ օտարի մը համար ոչ հաճելի ըլլան, այսուամենայնիւ տուեալ անհատին հայրենասիրութեան ցասումն է: Գուցէ նման նախադասութիւններ շպրտող Ամերիկացին, Աւստրիալացին, Գերմանացին կամ նոյնիսկ՝ դեռ կօշիկ եւ գուլպայի անսովոր Քաթարէն արաբը, այդպիսի վարքով զզուանք եւ իրենց հանդէպ անարգանք տրամադրեն, բայց առիթ կուտան համեմատելով հասնելու տխուր եզրակացութեան մը…: Մարդը իր ներկայով հպարտ է, իսկ ես՝ իմ անցեալովս: Ինք իր ներկան կ՛ապրի իսկ ես անցեալս կ՝երգեմ (մենք հին ազգ ենք, Տիգրան Մեծ ունեցած ենք, առաջին Քրիստոնեայ ազգն ենք, մշակոյթ ունեցած ենք… եւ մեծ մասամբ անցեալ կատարեալ.. երբեմն ալ անկատար հոլովոյթով…) եւ ակամայ այս բոլորը զայրոյթի կը վերածուի, ու կը պոռթկաս ըսելով՝ ի՞նչու ես ալ այսպէս պիտի չխօսէի, մեր ի՞նչն է պակաս, որ այս նոր յայտնուած «քաղաքակրթութիւն»-ը մեզի վերէն դիտեր, եւ վերջապէս՝ անցեալիս տեղը գիտեմ, նոյնիսկ ամբողջ աշխարհը գիտէ, բայց ներկաս ու՞ր է…

Որքա՜ն կ՛ուզէի հարցնողի մը, թէ. «ինչու՞ որոշած ես Հայաստան ապրիլ» հարցումին ոչ թէ հպարտ ոճով պատասխանել թէ. «քանի որ մեր պապենական հայրենիքն է», այլ պարզապես մեղմ ու բարի ժպիտով շշնչայի. «քանի որ լաւ ապրելիք տեղ է…»:

Յուսամ ամուսինս այնքան զբաղած կ՛ըլլայ, որ այս յօդօւածս կարդալու ժամանակ չունենար, այլապէս հերթական անգամ նոյն բարկութեամբ պիտի սկսի զիս յանդիմանել ըսելով թէ. «նորէ՞ն կը դժգոհիս… նորէ՞ն սկսար հայրենիքդ սեւ գոյներով ներկայացնել… համբերել չե՞ս գիտեր, վաղը թող այս երկրի վիճակը լաւանայ, մարդիկ երազեն հոս գալ ապրիլ, այն ատեն հետդ կը խօսիմ…»:

Այսուամենայնիւ ես կը համբերեմ… ճարս ի՜նչ…

Շարունակելի…

Երեւան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին