* ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ *
Սոյն յօդուածը անդրադարձ մըն է «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի մէջ հրատարակուած Անի Մարգարեանի «Հայերը Եթովպիայում» խորագրեալ յօդուածին:
1951-64 Եթովպիա ապրած ըլլալովս վայելած եմ այդ երկրին սքանչելի կլիման, բնութիւնը եւ վայրի կենդանիներուն որսորդութիւնը, որոնք նիւթ հայթայթած են գրած քանի մը գիրքերուս:
Շնորհաւորելի է Անի Մարգարեան, որ պատմական ակնարկով մը կու տայ անուններ, որոնք դեր կատարած են Եթովպիոյ քաղաքական եւ ընկերային կեանքին մէջ, ինչպէս դեսպան Մաթէոսը, եւ աւելի վերջ Սարգիս Թերզեանը, որ զինուորական ու վարչական բարձր պաշտօններ վարած է, կ’ըսէ յօդուածագիրը: Ես ճանչցած եմ անոր զաւակ Աւետիս Թերզեանը, որ նոյնպէս կարեւոր դեր կատարած է Եթովպահայ կեանքին մէջ: Ճանչցած եմ նաեւ Եթովպական հիմնը, հեղինակ Քափիթէն Գէորգ Նալպանտեանը եւ անոր զաւակը Ներսէս, որ խմբավարն էր Եթովպական երգչախումբին:
Բայց սխալ կարծիք է, թէ Եթովպական այբուբենի հեղինակը Մեսրոպ Մաշտոցը եղած ըլլայ: Արդարեւ, Մաշտոց Հայերէն լեզուն օժտած է 36 գիրերով, որոնց վեցը ձայնաւոր են: Յետագային, Եւրոպական մշակոյթին հետ շփման պատճառով ընդունուած են նաեւ «օ» ձայնաւորը եւ «Ֆ» բաղաձայնը:
Մաշտոց այնպիսի հնչական կատարելութեամբ օժտած է Հայ լեզուն, որ Հայը կրնայ աշխարհի որեւէ լեզուով խօսիլ, կարդալ ու գրել հարազատօրէն: Իսկ Եթովպերէնը ունի աւելի քան հարիւր գիր, քանի որ ձայնաւոր գիրերը բաղաձայնին միացնելով ուզուած վանկը չի շինուիր Եթովպերէնի մէջ, հետեւաբար եւ օրինակի համար «հա, հո, հի» ձայներուն համար անջատ գիրեր կան՝ բազմացնելով գիրերուն թիւը, ինչ որ կը հակասէ Մաշտոցական ոճին:
Յօդուածին խորագիրը «Հայերը՝ Եթովպիայում» ըլլալով, կ’ակնկալուէր որ պատմականէն զուգահեռ արդի-Եթովպահայ կեանքն ալ ներկայացուէր:
Հիմնուելով իմ հոն ապրած շրջանիս կացութեան, համայնքը ունէր գաղութային վերին մարմին մը, նախակրթարան՝ Ուսումնական խորհուրդի մը ղեկավարութեամբ, եկեղեցի եւ մարզական ակումբի մը Արարատ անունով: Քանի մը տարի հրատարակուած է նաեւ «Փիւնիկ» անունով ամսաթերթ մը իմ խմբագրութեամբ՝ օգնութեամբ խմբագրական կազմի մը:
Կեդրոնական հրապարակէն մինչեւ եկեղեցի երկարող շարքով մէկ քիլօմեթր ճամբուն վրայ կային հայապատկան երկու դեղարաններ, ոսկերիչներ, ժամագործներ, դերձակներ եւ կօշկակարներ. Արհեստներ՝ որոնք հայերու մենաշնորհն էին: Կաշեղէն արտադրութիւններու ճարտարարուեստը եւս հայոց ձեռքն էր: Որսացուած կոկորդիլոսներու, մեծ օձերու, յովազներու, առիւծներու եւ այլազան մեծ մողեսներու մորթերը կը բերուէին Մարտիրոս Տարագճեանի, կամ Սվաճեան եղբայրներու գործարանը, ուր մշակուելէ եւ տեղական շուկան գոհացնելէ յետոյ կ’արտածուէին: Աւելի քան 1000 գործաւոր եւ մասնագէտ պաշտօնեաներ աշխատցնող Տարագճեան գործարանը ոչ միայն Եթովպիոյ, այլ ամբողջ Ափրիկէի մեծագոյնը կը նկատուէր: Իսկ երկրին մեծագոյն տպարանը եւ գրենական պիտոյքներու վաճառատունը Ճերահեան Եղբայրներուն կը պատկանէր:
Թագաւորական ընտանիքը եւ իշխող վերնախաւը իրենց կարիքներուն համար հայ արհեստաւորներուն կը դիմէին:
Սակայն հակառակ Եթովպացիներուն հայասէր ըլլալուն, իրենց պետականութիւնը արքայականացնելու համար մղուած յեղափոխութեան անուղղակի զոհ եղաւ նաեւ այդպիսի բարգաւաճ գաղութ մը՝ համրանքը շուրջ 2000-էն իջնելով 200-ի, խառնուածքները ներառեալ:
Տարագիր հայու դժբախտ ճակատագիր:
Մոնթրէալ