Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Մեկնարկած է “Սփիւռք” Ամառնային Դպրոցը

Յուլիս 15-ին Երեւանի Պետական Համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Սփիւռք” ամառնային դպրոց 2014թ. ծրագրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատւութեան վարչութիւնը:

Ծրագրի մասնակիցները ողջունեցին եւ բացման խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը եւ ԵՊՀ գիտական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան գծով ղեկավար Գեղամ Գէորգեանը:

“Ամառային դպրոցի նպատակն է հայապահպանութեան խթանումը հայոց լեզուի ուսուցման, սփիւռքի հայկական կառոյցների ներկայացուցիչների մասնագիտական որակների բարձրացման միջոցով: Ծրագիրը հնարաւորութիւն է տալիս սփիւռքահայերին մայրենին սովորել եւ վերապատրաստուել Հայրենիքում, եւ ձեռք բերած գիտելիքները փոխանցել սփիւռքահայ մեր միւս հայրենակիցներին: Մասնակիցների շնորհիւ “Սփիւռք” ամառային դպրոցը կայացաւ եւ դարձաւ Սփիւռքի համայնքներին, հայկական կազմակերպութիւններին, հայապահպանութեան դժուարին գործին աջակցող, մշտապէս գործող կառոյց, ինչի վառ վկայութիւնն է ծրագրի  տարէցտարի ընդլայնումը”,– նշեց նախարար Հ. Յակոբեան: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնագէտներուն՝ այս ծրագրի կայացման գործին մէջ ունեցած անգնահատելի աւանդին համար:

ԵՊՀ ղեկավար Գ. Գէորգեան կարեւոր համարեց “Սփիւռք” ամառնային դպրոցին մէջ վերապատրաստուող ուսուցիչներուն դերը, քանի որ հայապահպանութեան թիւ մէկ կրողն ու պահպանողը ուսուցիչներն են, անոնց վերապահուած է Հայրենիքի սահմաններէն դուրս հայկականութեան պահպանման դժուար ու պատուաբեր գործը: Ան դպրոցի մասնակիցներուն մաղթեց ուսման արդիւնաւէտ ընթացք եւ հոգեւոր ազդակներ` Սփիւռքի մէջ գնտուող հայրենակիցներուն փոխանցելու համար:

“Սփիւռք” ամառնային դպրոցը 2014թ. կ’իրականացուի վեց ուղղութիւններով` “Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու ուսուցիչներու վերապատրաստում”, “Սփիւռքի լրագրողներու դասընթաց”, “Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթաց”, “Հայոց լեզուի (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացներ”, “Ազգային երգի, պարի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթաց”: Այս տարի աւելցած է “Սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ աշխատակիցներու վերապատրաստման” դասընթացը:

Նշենք, որ “Սփիւռք” ամառնային դպրոցը Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ կ’իրականացուի 2012 թուականէն: Դասընթացները կը վարեն Հանրապետութեան եւ Սփիւռքի լաւագոյն մասնագէտները: Ծրագրի ծիրէն ներս մասնակիցները հնարաւորութիւն կ’ունենան այցելելու պատմական եւ մշակութային վայրեր, հանդիպումներ ունենալ պետական եւ մշակութային նշանաւոր գործիչներու հետ: Այս տարի ծրագրին կը մասնակցի մօտ 300 մասնակից աշխարհի շուրջ 20 երկրէ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին