Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԱՄԷՆԷՆ ԿԱՅՈՒՆ ԵՐԿԻՐԸ ԿԸ ՀԱՄԱՐՈՒԻ

Ամերիկեան «Խաղաղութեան հիմնադրամ» հետազօտական հաստատութիւնը հրապարակած է «Անկայուն երկիրներու ցանկ-2014» (Fragile States Index–2014) տարեկան վարկանշային աղիւսակը:

focus12_01_chart1

Անիկա վարկանշային միաւորներ կը ճշդէ աշխարհի 178 երկիրներու համար՝ հաշուի առնելով վերջիններուն կայունութեան մակարդակը:

Մեթոտաբանութեան համաձայն՝ իւրաքանչիւր երկրի պարագային վերջնական միաւորը կը գոյանայ քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական բնոյթի 12 ցուցանիշներէ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ենթացուցանիշներու միաւորներու ամբողջացման իբրեւ արդիւնք։ Վարկանշային աղիւսակի տրամաբանութեան համաձայն՝ որքան ցած ըլլայ վերջնական միաւորը, այնքան իրավիճակը լաւ կ՛ըլլայ տուեալ երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ հակառակը՝ որքան բարձր ըլլայ միաւորը, այնքան բարձր կ՛ըլլայ անկայունութեան մակարդակը:

Ըստ վարկանշային աղիւսակին՝ Հայաստան, ստանալով 71.3 միաւոր եւ յայտնուելով 104րդ հորիզոնականին վրայ, տարածաշրջանին մէջ լաւագոյն ցուցանիշը արձանագրած է՝ նկատուելով աւելի կայուն, քան Վրաստանը (82.7 միաւոր, 63րդ դիրք) եւ Ատրպէյճանը (77.8 միաւոր, 77րդ դիրք): Հայաստանը կայունութեան մակարդակով աւելի լաւ է նաեւ Իրանէն (87.2 միաւոր, 44րդ դիրք) Ռուսիայէն (76.5 միաւոր, 85րդ դիրք), ինչպէս նաեւ Ուզպեքստանէն (86.3 միաւոր, 48րդ դիրք), Տաճիկստանէն (84.6 միաւոր, 55րդ դիրք), Թուրքմէնստանէն (78.2 միաւոր, 74րդ տեղ), Մոլտովայէն (75.1 միաւոր, 89րդ դիրք), Պելոռուսէն (75 միաւոր, 90րդ դիրք) եւ Թուրքիայէն (74.1 միաւոր, 93րդ դիրք):

Ցանկին մէջ կայուն երկիրներու հնգեակին մաս կը կազմեն Շուէտը, Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան եւ Նիւ Զիլանտան, իսկ ամէնէն կայունը Ֆինլանտան է։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին