Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԱՇՆԱՆ ՀԱՅ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆ

Աշնան հայ խաղաղապահները պիտի մեկնին Լիբանան՝ հոն կատարելու խաղաղապահ առաքելութիւն եւ նպաստելու միջազգային անվտանգութեան: Այս մասին կը յայտնէ Armenpres-ը։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան սպառազինութիւններու եւ միջազգային անվտանգութեան վերահսկողութեան վարչութեան պետ Սամուէլ Մկրտչեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ իրաւական առումով հարցերը կարգաւորուած են, համաձայնութեան գոյացման վերաբերեալ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը արդէն ստորագրուած են թէ՛ Իտալիոյ, թէ՛ ՄԱԿի գրասենեակին մէջ, եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, աշնան հայ խաղաղապահները կը մեկնեն Լիբանան:

Խաղաղապահ ոլորտին մէջ Հայաստանի կարեւորագոյն նպատակներէն մէկն ալ խաղաղապահ գործողութիւններու աշխարհագրութեան ընդարձակումն է: Այդ առնչութեամբ կը կատարուին բանակցութիւններ, եւ շուտով հայ խաղաղապահները պիտի մասնակցին ՄԱԿի հովանիին տակ կատարուող խաղաղապահ գործողութիւններուն:

«Դա գործունէութեան այնպիսի ոլորտ է, որն իրականացնելով՝ ի ցոյց ենք դնում, որ Հայաստանի համար խորթ չեն առաւել լայն միջազգային անվտանգութեան խնդիրներն ու երկիրն իր հնարաւորութիւնների շրջանակում փորձում է իր ներդրումը բերել այդ գործունէութեանը», ըսած է Սամուէլ Մկրտչեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին