Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ ԽՕՍԱԾ Է ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեանց գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեանց ներկայացուած միացեալ թեկնածուն՝ Էքմելետտին Իհսանօղլու, Հինգշաբթի, Յուլիս 10ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին պատասխանած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին «Թարաֆ» թերթի հայազգի սիւնակագիր Հայկօ Պաղտատի հարցումին: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը:

«Դուք միջազգային հարթակներու վրայ պաշտօններ ստանձնած անձ էք եւ Թուրքիոյ նախագահ ըլլալու պարագային՝ ձեր օրակարգին վրայ պիտի դիմակայէք Թուրքիոյ ամենակարեւոր հարցերէն մէկը՝ 1915 թուականի դէպքերու (Հայկական Ցեղասպանութեան, «Ակունք»ի Խմբ.) 100ամեակը։ Այս հարցը օրակարգային պիտի ըլլայ միջազգային հարթակներու վրայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կեանքին մէջ: Դուք միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն ինչպէ՞ս կը գնահատէք 1915 թուականի դէպքերը: Ի՞նչ կ՛ըսէք հրապարակուած ցաւակցական ուղերձին մասին», հարցուցած է Պաղտատ:

«1915 թուականին պատահած ցաւալի դէպքերը մեզ միշտ վշտացուցած են եւ պիտի շարունակեն վշտացնել: Ես շատ լաւ կը յիշեմ, երբ 1970ականներուն, իբրեւ համալսարանի դասախօսական կազմի երիտասարդ անդամ, կը մասնակցէի մշակոյթի նախարարութեան միջոցառումներուն եւ սերտ կապեր ունէի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Այս երկու նախարարութիւններու միջոցառումներուն մասնակից ըլլալով՝ նաեւ հարցին էութեան ծանօթ եմ: Կառավարութեան ցաւակցական ուղերձը ճիշդ եւ տեղին էր: Թուրքիա այս հարցը պէտք է լուծէ համբերատարութեամբ, սառնասրտութեամբ՝ օգտագործելով դիւանագիտութեան եւ գիտութեան բոլոր ճամբաները: Այս պահուն աւելին չեմ ուզեր ըսել», պատասխանած է Իհսանօղլու:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին