*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
Կլենտյէլի Կեդրոնական Գրադարանի Հանդիսասրահը Ուրբաթ 27 Յունիսի երեկոյեան, հոծ բազմութեան մը ժամադրավայրն էր` վաստակաւոր բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեանի զոյգ գործերուն ներկայացումին առիթով: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ: Թ.Մ. Միութեան վարչական անդամ Նազիկ Գոճայեանի հանդիսավարութեամբ սկսած յայտագիրով, նախ ներկայացուեցաւ բանաստեղծուհիին ամփոփ կենսագրութիւնը եւ երկերուն թւումը:

Թամարա Յովհաննիսեան Հայաստանէն է, որ այժմ հաստատուած է Գալիֆորնիա: Հանդիսավարուհին առաջին հերթին հրաւիրեց վաստակաւոր արձակագիր Սարգիս Վահագնը, ներկայացնելու համար «ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՆՈՒԱԳ» գործը, որ տպագրուած է 2013-ին` Երեւան:
Բանախօսը յատկապէս անդրադարձաւ Յովհաննիսեանի գործին մէջ տեղ գտած սիրերգութեան բոլորովին նոր ոճին, լեզուի հարստութեան, բանաստեղծելու իւրայատուկ մօտեցումին եւ թէքէեանական շունչի առկայութեան:

Գեղարուեստական բաժնի առաջին ելոյթով ժողովրդական ասմունքով Անահիտ Մարտիրոսեան, իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ մը արտասանեց Յովհաննիսեանէն չորս կտորներ:
Դաշնակահար Շուշան Յակոբեան եւ ջութակահար Օֆելիա Նանակիւլեան միասնաբար ներկայացուցին Արամ Խաչատուրեանի Գայանէ եւ Սպարտակուս պալէներէն երեք կտորներ: Իսկ Նանակիւլեան առանձին կատարեց Կռունկ սիրուած կտորին մեկնաբանութիւնը:

* *
Սիրուն անակնկալ մըն էր բեմի պաստառին վրայ ունկնդրել հայրենի տաղանդաւոր յօրինող Ռոպերթ Ամիրխանեանի ողջոյնի խօսքը` ուղղուած օրուան մեծարեալ Թամարա Յովհաննիսեանին, մանաւանդ երգի կատարումը զոր Ամիրխանեան հրամցուց մեզի:

Յայտագիրին երկրորդ խօսք առնողն էր վարչական անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քէհէեան: Բանախօսուհին բարձրորակ վերլուծումով ներկայացուց Յովհաննիսեանի «ԿԻՆ»ը գործը, որ 2006 թուականին Երեւան տպագրուած է: Քէհէեան կեդրոնացաւ բանաստեղծին լեզուի տպաւորիչ ոճին յատկութեան վրայ, որ իւրայատուկ կը դարձնէ գրողին քերթողական արուեստը:

Ծանօթ դերասան Յովհաննէս Բաբախանեան, իր սրտագին ողջոյնի խօսքը ուղղելէ ետք բանաստեղծուհիին, ընթերցումներ ըրաւ Յովհաննիսեանի գործերէն` խորապէս տպաւորելով ներկաները:
Յայտագիրի աւարտէն առաջ, վարչութեան ատենապետ Վաչէ Սեմերճեան ընթերցում կատարեց` Թ. Մ. Միութեան Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ, գրադատ Երուանդ Ազատեանի ողջոյնի բովանդակալից եւ սրտառուչ խօսքը:

Աւարտելով յայտագիրը բանաստեղծուհի Թամարա Յովհաննիսեան անկեղծ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կազմակերպիչ վարչութեան, յայտագրի մասնակիցներուն, երկու խօսք առնողներուն եւ ներկաներուն ու խորանալով իր նիւթին մէջ, մեկնաբանեց իր գեղարուեստական կեանքին դժուարութիւնները, դառնութիւնները, ինչպէս նաեւ հպարտառիթ յաջողութիւնները: Գրող Յովհաննիսեանի փափաքով իր մօտ գնուող գործերուն օրինակները նուէր տրուեցան գրասէրներուն:
