Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՌԱԿ ԱՄԻՆ ԺԷՄԱՅԷԼԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՎԻՐԱՒՈՐԱԿԱՆ

*ԼԻԲԱՆԱՆ* 

Լիբանանի Նախկին նախագահ եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան պետ Ամին Ժէմայէլ վերջերս այցելելով Պաքու ընդունուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Լիբանանահայութեան անունով կ՛ուզէ  յուշել  յարգելի նախկին նախագահին, որ նման այցելութիւններ եւ ընդունելութիւններ՝ ինչ պիտակի տակ ալ եղած ըլլան անոնք, անհանդուրժելի են Հայ ժողովուրդին համար եւ վիրաւորական:

Մեզի համար անհասկնալի է լրատուական աղբիւրներէ լսել թէ, վերոյիշեալ կողմերը քննարկած են շրջանային երկիրներու դեմոկրատական գործնթացը՝ մինչ նախագահ Ժէմայէլ քաջ գիտէ թէ, Ատրպէյճան տակաւին չէ կրցած մարսել տարածքաշրջանի բնակիչ ժողովուրդի մը ինքնորոշման ազատութեան եւ անկախ ապրելու  դեմոկրատական տարրական իրաւունքը:

Այս առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կ՛ուզէ յիշեցնել նախկին նախագահ Ժէմայէլին եւ բոլոր այն լիբանանցի պատասխանատուներուն, որոնք նման այցելութիւններ կ՛ուզեն կատարել, նկատի ունենան լիբանանահայ համայնքին զգացումները, գիտակցելով թէ՝  Հայ ժողովուրդին հարցը միայն Թուրքիոյ հետ չէ, այլ նաեւ Ատրպէյճանի, որ ոտնակոխելով ժողովրդավարական ամէն հասկացողութիւն, պատերազմական լարուած վիճակի մէջ  կը գտնուի այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան հետ սպառնալով համայն Հայ ժողովուրդին եւ տարածքաշրջանի երկիրներուն դեմոկրատական գործընթացին:

ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին