Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՄՏԱՀՈԳ ԵՒ ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ Է ԹՈՒՐՔԻԱՆ

*ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ*

Haig Naccashian

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Յունաստանի պաշտօնաթերթ «Նոր Աշխարհ»ի 9 Յունիսի (2014) թիւին առաջին էջին վրայ թրքական «Ռատիքալ» թերթէն արտադրուած է «Հայ եւ Թուրք Մտաւորականներ Խաղաղութեան Միացեալ Կոչ Կ’ընեն» խորագրեալ յօդուածը: Կոչը ստորագրած են աւելի քան երկու տասնեակ թուրք եւ հայ մտաւորականներ՝ Ճենկիզ Աքթար, Ահմէտ Ինսէլ, Ալի Պայրամօղլու, Սամիմ Աէկէօնիւլ, Սերժ Աւետիքեան, Արմանտ Սարեան, Աղաւնի Փամուքճեան, Տենիս Տօնիկեան եւ այլն:

Հայ ժողովուրդի ճակատագրին հետ առընչուած այս նախաձեռնութեան հեղինակները ներողամիտ թող ըլլան, որ գէթ ինծի համար անծանօթներ են, նկատելով որ անոնց ոեւէ մէկուն կողմէ գրուած յօդուած չեմ տեսած աշխարհատարած Հայ մամուլին մէջ:

Այսպիսի պատասխանատու նախաձեռնութիւն արտօնուած կրնայ ըլլալ մեր կուսակցութիւններուն, խմբագիրներուն, կամ հեղինակաւոր հրապարակագիրներուն՝ իրենց պատկանած կազմակերպութեան համաձայնութեամբ:

«Մտաւորականները» կը շեշտեն թէ իբրեւ խաղաղութեան խորհրդանիշ մատնանշուող Արարատ լեռը կրնայ հայերու եւ թուրքերու համար իւրօրինակ ազատ գօտի ըլլալ, միաժամանակ հանդիսացող խաղաղութեան փարոսարկու՝ անշուշտ մնալով Թուրքիոյ մէջ, «Աղրը Տաղ» անունով:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին անհանգիստ ու մտահոգ Թուրքիան պատմաբաններ եւ իրաւաբաններ վարձելու աշխատանքին լծուած է, մանաւանդ օգտագործելով մեծամիտ ու փառասէր հայեր, որոնց վերոյիշեալ «Միացեալ Կոչ»ը իրենց գիտակից-անգիտակից ծանծաղամտութեան, կամ ազգադաւութեան ապացոյցն է: Բարեբախտաբար քիչ են անոնք:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին