Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԱԶԱՏ ԱՐՑԱԽԸ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ “ԻՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆ” ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 2-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ

Ազատ Արցախը կ’ողջունէ “Իմ Հայաստան” համահայկական 2-րդ փառատօնի մասնակիցները: Այս խօսքերով, ըստ Hayernaysor.am-ի, Արցախը Յուլիս 7-ին դիմաւորած է “Իմ Հայաստան” համահայկական 2-րդ փառատօնի մասնակիցները` Ստեփանակերտի Մշակոյթի տան մէջ կայացած համերգի ժամանակ: Համերգին ներկայ եղած է նաեւ ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան:

Հանդիսատեսի շարքերուն՝ մասնակիցներուն առանձնակի ջերմութեամբ դիմաւորած են ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի զինուորները:

Մասնակիցները ողջունած է Արցախի “Մենք ենք մեր սարերը” երգի-պարի խումբը:

Չդադրող ծափահարութիւնների ներքոյ՝ մօտ երկու ժամ տեւած համերգին՝ ելոյթ ունեցած են Քուէյթի “Շաքէ”, Ախալքալաքի “Վաչեան”, Վոլկոկրատի “Արտոյտ”, Գրասնոտարի “Արմաւիր”, Ուքրանիոյ “Արմենիա”, Սոչիի “Նայիրի”, Պեադիկորսգի “Անի”, Ռոստովի “Արփի”, Լիբեցգի “Կռունկ” պարախումբերը:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան եւ շնորհակալութիւն յայտնած սփիւռքահայ պարախումբերուն, որոնք երկար ու դժուար ճանապարհ յաղթահարելէ յետոյ այնպիսի ոգիով պարած են, այնպիսի տրամադրութիւն հաղորդած, որ յոգնածութեան նշոյլ անգամ չէ երեւցած անոնց դէմքին: Նախարարը խնդրած է մէկ անգամ եւս բարձր ծափահարել մասնակիցներուն:

“Շնորհակալ ենք ձեզ, որ եկաք Արցախ եւ աւետիս բերեցիք մեզ: Եկաք վկայելու, որ հայ ոգին արթուն է, աննկուն, որ Արցախի ազատագրական պայքարն իզուր չի եղել, եւ հազարաւոր քաջորդիների արիւնն իզուր չի հեղուել, որ արցախեան ոգու կրակը հասել է Սփիւռքի համայնքներ, տարածուել է ափէափ եւ հայի մէջ նորից արթնացրել ազգային ինքնութիւնը եւ իրաւունք տուել հպարտանալու իր ազգային ինքնութեամբէ,-նշեց նախարարը եւ յաւելեց, որ մեզ բաժանել է ճակատագիրը, բաժանել են պատերազմները, արհաւիրքները, բայց մեզ միշտ միացեալ պահողը եղել է մեր հաւատը, լեզուն եւ մշակոյթը:

“Շնորհակալութիւն ձեզ, որ ամուր կառչած էք ձեր արմատներին եւ կենդանի էք պահում հայ մշակոյթը: Քանի դեռ Սփիւռքի գաղթօջախներում, օտար ափերում հնչում է հայկական երաժշտութիւն, մեր երիտասարդները պարում են հայկական ազգագրական, ժողովրդական պարեր` այս ազգն անպարտելի է: Սա լաւագոյն պատասխանն է եւ լաւագոյն ուղերձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ”,- ըսած է Նարինէ Աղաբալեան:

Այնուհետեւ պարախումբերը պարգեւատրուած են ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան շնորհակալագրերով եւ փոքրիկ նուէրներով:

Գեղեցիկ համերգն ու փառատօնային հերթական օրը աւարտած է Արցախի գլխաւոր խորհրդանիշներէն մէկը համարուող “Մենք ենք մեր լեռները” յուշարձան այցելութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին