Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԽՕՍՔԸ

*ՄԱՅՔ ԽԱՐԱՊԵԱՆ*

???????????????????????????????

Թանկագին այցելու «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջին,

Հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան ժամանակակից միջոցները եւ համացանցը մուտք գործած են նաեւ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառները:

Այժմ յաջողութեամբ կը գործեն հայկական կազմակերպութիւններու եւ հայ մամուլի բազմաթիւ ներկայացուցիչներու սեփական կայքէջեր: Հարուստաւանդոյթներով ՌԱԿ-ը իր կարգին եւ իր աշխարհատարած մամուլը, մօտիկ անցեալին, ունեցած են եւ ունին համացանցի կայքէջեր:  «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը ինքնին՝ աւելի քան ութ տարիէ ի վեր համացանցային, սակայն իր դասական ձեւով մինչեւ օրս եւ անխափան՝ ամէն օր հասցուած է շուրջ 25,000 ելեկտրոնային հասցէներու: Սակայն միշտ ալ պէտքը զգացուած է աւելիին,  համապարփակին եւ վերոյիշեալները համադրող ու հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ աւելի կատարելագործուած գոյացութեան:

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, նախաձեռնելով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջը, որպէս իր պաշտօնական եւ կեդրոնացած լրատուութեան կայք, կու գայ իրականցնելու այդ գոյացութիւնը, նպատակ ունենալով հասնիլ աշխարհատարած իր շրջանակներու իւրաքանչիւր անդամի, համակիրի, հայ կեանքով եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութեամբ եւ ընդհանրապէս հայկական  լուրով հետաքրքրուած ամէն ՀԱՅ մարդու: Մեր ձգտումն է աւելի մեծ լսարանի ուշադրութեան յանձնել մեր մտածումները, տեսակէտները, ազգային-քաղաքական ըմբռնումները, կուսակցական մեր խօսքը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ մտաւորականի ազատ տեսակէտը անխտիր եւ մանաւանդ հայրենի եւ աշխարհասփիւռ Հայ ժողովուրդին վերաբերող անաչառ  լուրերը քանի մը լեզուով:

«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջը միջոց պիտի հանդիսանայ հաւաքական մտածողութեան ձեւաւորման եւ ամրապնդման, հեռաւոր երկիրներու մէջ ապրող եւ գործող մեր ընկերներուն եւ ընդհանրապէս հայրենակիցներուն միջեւ հաղորդակցութեան, բայց նաեւ ազգային կարեւոր իրադարձութիւններու լուսաբանման:

Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր այն ընկերներուն եւ համախոհներուն, որոնք նուիրուածութեամբ իրականութիւն դարձուցին մեր վաղեմի երազանքը, բարի գալուստ կը մաղթենք «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի կայքէջի այցելուներուն:

Հաճելի ընթերցում ձեզի, յաջողութիւն խմբագրութեան եւ բարի երթ մեր կայքէջին:

 Մայք Խարապեան

Ատենապետ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին