Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Կ՛ԸՆԴՈՒՆԻ ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

*ԼԻԲԱՆԱՆ* Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային  Վարչութիւնը  կրօնապետերու իր պաշտօնական այցելութիւններու շարքին ծիրեն ներս այցելութիւն մը տուաւ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

Արդարեւ՝ Շաբաթ 5 Յուլիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Սեւակ Յակոբեան (ատենադպիր) եւ ընկերուհի Ճէքի Տէրվիշեան (գանձապահ), այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին:

ՄԱՀԱԵՄ կեդրոնատեղիին մէջ աւելի քան մէկ ժամ մը տեւած մտերմիկ ընդունելութեան ընթացքին ՌԱԿԻ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Վեր. Գարակէօզեանին հետ քննարկեց ընդհանրապէս Հայ ազգը եւ մասնաւորաբար շրջանն ու Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին Վերապատուելի Նախագահը շեշտը դրաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ ազգային անսակարկ ուղեգիծին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցուոյ հովիւներուն ազգային եւ մարդկային դաստիրակութեանը վրայ: Ան նաեւ նշեց, թէ Հայ Եկեղեցական եւ Կուսակցական հաստատութիւններու ղեկավարութիւնը մեծ պատասխանատութիւն ունին ճիշդ առաջնորդելու ժողովուրդը  եւ հսկելու տուեալ գաղութներուն ընդհանրական շահերուն վրայ ինչ կը վերաբերի շրջանային վերիվայրումներուն: Վերապատուելի Գարակէօզեանը մարդկային համարելով հանդերձ առաջնորդութեանց երբեմնի սխալները ընդգծեծ թէ, յանցանքը կը սկսի անցեալի տուեալ սխալէ մը դասեր չքաղելու պարագային: ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը իր կարգին դրուատեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ անզուգական եւ անփոխարինելի դերը Հայ ազգին մէջ իր զանազան հաստատութիւններով:

Հանդիպման աւարտին Վերապատուելի Գարակէօզեանը բարձր գնահատելով ՌԱԿ–ը, Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան յաջողութիւն մաղթեց շարունակելու ՌԱԿ-ի ազգային վեհ առաքելութիւնը:

 ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին