Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՀՈՒՍԿ ԲԱՆՔ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2013-2014 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

*ԶԵՓԻՒՌ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ*

Կրկին կրթական տարեշրջանի աւարտ մը, կրկին ամավերջի վկայականներու բաշխման հանդէս: Ուրախ, հպարտ, եւ միաժամանակ յուզիչ մթնոլորտ թէ աշակերտներու եւ թէ իրենց ծնողներուն համար:

Մեծ հպարտութեամբ եւ անկեղծ երախտագիտութեամբ, շնորհակալութիւններս կը յայտնեմ Վ. Թ. Միջնակարգ Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչականկազմին, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետին եւ անդամներուն,վկայականաց բաշխման ներկայ գտնուելու եւ խօսք առնելու հրաւերին համար, որը մեծ պատիւ եւ անակնկալ մըն էր ինծի համար որպէս նախկին շրջանաւարտ:

Ողջոյնի եւ սիրոյ խօսք կ’ուղղեմ այսօրուան շրջանաւարտներու ծնողներուն իրենց կատարած զոհաբերութեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներուն իրենց նուիրեալ եւ դժուարին աշխատանքին համար:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Դպրոցական տարիները ձեր կեանքի լաւագոյն տարիները կը նկատուին, որը փորագրուած կը մնան ու պիտի մնան ձեր սրտերուն մէջ:

Հպարտoրէն եւ յուզումով կը յիշեմ այս դպրոցին պատերը որուն շուքին տակ արժանացած եմ ուսման եւ հայեցի դաստիարակութեան:Խորհրդաւոր այս պահուն, պահ մը յիշողութիւնս կ’երթայ ետ ու կը յիշեմ այն օրը երբ ես ալ ձեզի պէս առաջին անգամ մուտք գործեցի մանկապարտէզ, արտասուող աչքերով եւ դողդոջուն մարմնով,սակայն անմիջապէս շրջապատուեցայ հոգատար դաստիարակներով եւ սիրելի ընկերներով:

Վ.Թ. Վարժարանի ամէն մէկ սենեակ, ամէն մէկ անկիւն ունի իր պատմութիւնը, ուր հայերէն խօսելով, հայաբար ապրելով եւ հայօրէն մտածելով անցուցած ենք մեր կեանքի ամենէն յիշատակելի օրերը: Եւ եթէ այսօր կարելի ըլլար եւ տողանցէին այս վարժարանէն ելած տարիներու շրջանաւարտները պիտի տեսնէիք թէ անոնք ընկերութեան մէջ յաջող անձերեն:

Թէեւ սա կը պատկանի երազային անցեալին, սակայն այսօր, այս ժամուն նոյն երամն է որ կանգնած է հպարտ եւ հաստատակամ, խիզախ ու ապահով քայլերով մուտք գործելու վաղուայ ապագան: Անոնց երեկուայ արտասուող աձքերը այսօր կը ժպտին, ուրախ կը ժպտին մեզի եւ կեանքին: Խորհուրդ մը կայ անոնց աչքերուն մէջ, որը արդիւնքն է սիրոյ եւ արդար քրտինքի, անոնց աչքերը հպարտութիւն կը ներշնչեն մեր բոլորին:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Վկայականաց բաշխման այս նուիրական եւ եզակի այս պահը, սոսկ վկայականի տուչութեան արարողութիւն մը չէ, այլ ուխտ մը, երդում մը տալու պահն է ազգային հպարտանք եւ ներշնչում պատճառող յուզիչ առիթ մը: Ձեր հայու հոգին կը պարտաւորեցն է որպէսզի միասնաբար ուխտէք մնալ ու հաւատարիմ եւ տէր ձեր սքանչելի լեզուին՝ հայերէնին, հայու նուիրական աւանդութեանց, Հայաստանեաց Առաքելական սուրբ եկեղեցուոյ, ազատ եւ անկախ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ ձեր ծնած եւ ապրած հայրենիք Լիբանանին: Մենք ըլլալով հայ համայնքի զաւակներ, պարտինք պահպանել մեր հայկական ինքնութիւնը, կառչած մնալով մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ մշակոյթին:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Եղէք անվախ ու պայքարող, կեանքի դժուարութիւններուն ու խոչնդոտներուն առջեւ մի երկնտիք ու մի տատամսիք: Միշտ պայքարեցէք հանուն արդարին եւ մաքուրին: Մի բաւարարուիք «ձեռքբերածով», այլ ձգտեցէք աւելիին եւ աւելի բարձրին: Իսկ այդ բարձրին հասնելու համար, անհրաժեշտ է աստիճաններէ բարձրանալ հատ առ հատ, որպէսզի չհոգնիք ու չսայթաքիք: Որեւէ բարձրունք յաղթահարելու եւ նուաճելու պարագային մի շլանաք, այլ հայեացք մը նետեցէք դէպի հետ ու ապա նոյն թափով շարժեցէք առաջ:

Այսօր, յաղթանակած կանգնած էք նոր հանգրուանի մը առջեւ: Ձեզ կը սպասեն նոր պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատութիւններ: Վստահաբար ջանասիրութեամբ եւ համբերութեամբ զինուած պիտի տիրանաք աւելի բարձր վկայականներու: Ձեր ապագայ մասնագիտութիւնը ընտրեցէք զգուշօրէն որպէսզի կեանքի մէջ ըլլաք յաջողակ: Խուսափեցէք միջակութենէն, յարատեւութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը թող ըլլան ձեր անբաժան ուղեկիցը, որովհետեւ ներկայ արագնթաց այս մրցավազքին, այսօրուայ ձեր ձեռք բերած գիտելիքը վաղը կրնայ ըլլալ անբաւարար: Իսկ մուտք գործելով ընկերութեան մէջ, գնահատեցէք գեղեցիկը ու մաքուրը, զանազանեցէք ճիշդն ու սխալը: Շրջապատին մէջ ձեռք մեկնեցէք կարիքաւորին, մի ըլլաք եսակենդրոն: Ընկերասիրութիւնը անհրաժեշտութիւնէ, որպէսզի մարդիկ ալ ձեզ ճիշդ գնահատեն:

Անպայմանօրէն մասնակցեցէք միութենական եւ ազգային կեանքին մէջ, ոչ միայն ձեր լուման բերելով այլ նաեւ ձեր թանկ ժամանակը, որովհետեւ ծառայելը ձեր պարտաւորութիւնն ու պատիւն է:

Կեանքին պէտք է նայիլ լաւատեսօրէն եւ դրական հայեացքով: Հեռու մնացէք ամէն տեսակի ծայռահեղութիւններէ: Ունեցիք հպարտութիւն, միաժամանակ եղէք խոնարհ: Խիստ եղէք ձեր անձին հանդէպ եւ բարիացական դիմացինին նկատմամբ: Ճիշդ գնահատեցէք պահն ու պարագան, ու պիտի գայ պահը եւ պիտի տեսնէք թէ ձեր անցած ուղին ճիշդ էր ու դուք հասած էք ձեր նպատակին:

Մի մոռնաք որ դուք զաւաքներն էք ստեղծագործ ժողովուրդի մը եւ հաւատարիմ մնացէք ձեր արմատներուն, խուսափելով օտարամոլութենէ:

ՍիրելիՇրջանաւարտներ,

Վստահ եմ լաւ աշխատանք տարիք այս ամիս եւ բոլորիս փափաքն է որ ձեր թափած ճիգը յաջողութեամբ պսակուի: Թող այդ յաջողութիւնը ճամբայ հարթ է դէպի նորանոր նուաճումներու, ձեր առջեւ պիտի բացուին նոր հորիզոններ, սակայն ինչ որ ալ ըլլայ ձեր ընտրելիք ճամբան, ձգտեցէք միշտ լաւագոյնին:

Վերջապէս կը շնորհաւորեմ եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր նախաձեռնելիք բոլոր ծրագիրներուն եւ միշտ հպարտ քայլէք ձեր ընտրած ուղիով: Վստահ եղէք որ ձեր ստացած գերազանց ուսումն ու դաստիարակութիւնըՎ.Թ. Վարժարանէն ներս պիտի ըլլայ զէնք յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:

Ձեր յաջողութիւններով պատիւ բերէք դուք նախ ձեզ, ապա ձեր ծնողքին, դպրոցին եւ հայազգին:

Բարի երթ կը մաղթեմ ձեզի եւ կրկին ու կրկին կը շնորհաւորեմ:

Շնորհակալութիւն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին