Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՕՍՔ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԱԾ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 2013-2014 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

*ԿԱԼԻՆԱ ՇԵՄԵՄԵԱՆ-ՆԱՃԱՐԵԱՆ*

DSC_5792

Այսօր, եզակի օր մըն է Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին համար, որ հաւաքուած է վայելելու 2013-2014  տարեշրջանի վկայականաց բաշխման միացեալ հանդէսը:

Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը թուին, սակայն ան իրողապէս ամենակարճ հանգրուանն է: Այսպէս ալ, վարժարանիս 2013-2014 կրթական տարեշրջանի շրջանաւարտներն ու ընթացաւարտները, լի ու լի կատարելով իրենց վստահուած աշխատանքը, կուգան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու իրենց իւրայա-տուկ ոճով, որ անցնող տարիներուն ապրեցան ու հիւսեցին բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի շունչով ու ոգիով,ինչպէս նաեւ դրոշմուելու հայկական վկայականով, պատրաստ փոխանցուելու յաջորդ ուսումնական շրջան, որպէսզի հայավայել տքնաջան աշխատանքով կերտեն իրենց ապագան:

Սիրելիներ, Վահան Թէքէեան Վարժարանը առաջատար է ջամբելու հայեցի ու ազգային կրթութիւն, զինուած հայ մշակոյթով ու պատմու-թեամբ: Ուստի մենք չենք կրնար երախտապարտ չըլլալ Թ.Մ.Մ. հիմնադիրներու մարմինին՝ իրենց նուիրուածութեան, մեծահոգութեան եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան համար, որ իր հերթին մեզ հնարաւորութիւն կուտայ դաստիարակել հայ մատղաշ սերունդը, կերտել ապագայի մարդը եւ վերջապէս շարունակել մեր երեւելի ազգանուէր գործը, որը ուղղուած է հայ նոր սերունդի բարօրութեան ապահովմանը:

Սիրելի ծնողք, չկայ աւելի քաղցր բան, քան մեր զաւակներուն յաջողութիւնը, անոնց առթած հրճուանքը՝ բեմին վրայ վկայուելով, որուն մէջ կը կերտուի ամէնէն առաջ մարդասիրութեան ոգին, ստեղծագործ եւ մշակոյթի տէր ազգասէր հայ պատանին, օրինակելի եւ տիպար Լիբանանցին, որ պիտի կարենայ խանդավառ ու վերանորոգ կամքով շարունակել իր ուղին, դիմագրաւելով ամէն մարտահրաւէր ու անաղարտ պահելով Լիբանանահայութեան ազգային դիմագիծը:

Հետեւաբար, հայ կեանքին մէջ վարժարանս ունի մեծ ներդրում, նշելով որ 1951 թուականէն ի վեր իր հիմնադիրներուն առօրեայ մտահոգութիւնը եղած է հայ մանուկը եւ հայ պատանին դատիարակել հայկականութեամբ եւ այսօր արդէն վարժարանիս շրջանաւարտները աշխարհի չորս ծագերուն պատիւ կը բերեն ո]չ միայն իրենց անձին ու ընտանիքին, այլեւ՝ գաղութին եւ համայն հայութեան, որովհետեւ անոնք սերտօրէն կը մասնակցին մեր ազգային կեանքին:

Երախտագիտութեան յատուկ խօսք կ’ուզեմ ուղղել նաեւ վարժարանիս հոգաբարձութեան, որոնք ամէնօրեայ հոգածութեամբ կը հետեւին վարժարա-նիս գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Ձեզի սիրելի ծնողք՝ որով հաւատալով հայ դպրոցի առաքելու-թեան Ձեր զաւակները կը վստահիք այս հաստատութեան, որպէսզի անոնք հայկական առողջ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ դաստիարակուին ու շրջանաւարտ դառնալով ըլլան գործող մէկ մարմինը վարժարանիս ու պատիւ բերեն բոլորիս:

Սիրելիներ, 2013-2014կրթական տարեշրջանը ընթացաւ հեզասահ եւ անգամ մը եւս արձանագրեցինք յաջողութիւններ: Տարեվերջին՝ 14 աշակերտներ արձանագրեցին գերազանց միջին, 12՝ Բ.Պ.Յ. եւ 12՝ Պ.Յ.: Հետեւաբար, տարեվերջի ուսումնական արդիւնքներու հիման վրայ, գերազանց միջին արձանագրող մեր աշակերտները (4-րդէն 7-րդ)ամավերջի քննութեան չմասնակցեցան: 18 հոգի մեր աշակերտներէն, ամավերջի քննութիւն չանցուցին Հայոց Պատմութեան դասանիւթին մէջ եւ 5 հոգի հայերէն լեզուի, որովհետեւ ունէին գերազանց միջին: Այս կը փաստէ անգամ մը եւս թէ այսօր Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանը կը մնայ ու կը գոյատեւէ որպէս հայկական ինքնութիւն կերտող դարբնոց, հայեցի դաստիարակութեան կեդրոն եւ վերջապէս աշխատասիրութեան ու ուսումնատենչութեան օրրան:

Ուսումնական այս տարեշրջանին, ունեցանք ներքին ատենամարզանքներ, նշեցինք ազգային տօները, ինչպէս նաեւ մեր աշակերտները մասնակ-ցեցան միութիւններու, կազմակերպութիւններու, հիմնարկներու այլազան միջոցառումներու ինչպէս գծագրական, մարզական, արտասանական, գրական եւ անոնք արձանագրեցին պատուաբեր դիրքեր:

Բարեփոխութիւններու ծիրէն ներս, կ’ուզեմ ըսել թէ ընթացքի մէջ է արդիական համակարգիչի սենեակի մը կառուցումը շնորհիւ ժպիտ կազմակերպութեան: Վերամուտին ստացանք  աշակերտական գունազարդ աթոռներ մանկապար-տէզի music room-ին համար, ինչպէս նաեւ  պահարաններ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններուն համար world vision-ի կողմէ: Այս տարեշրջանին նաեւ փոխեցինք նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններուն շերտավարագոյրները շնորհիւ world vision կազմակերպութեան: Այս  վերանորոգ սրահը օժտուեցաւ digital piano-ով մը, իսկ մանկապարտէզը՝ դաստիարակչական խաղալիքներով ու երաժշտական գործիքներով շնորհիւ բարեսէր նուիրատուի մը:Յառաջիկայ Երեքշաբթի օր արդէն իսկ պիտի սկսի վարժարանիս բոլոր բաղնիքներու նորոգութիւնը շնորհիւ նուիրատուներու առատաձեռն օգնութեան:Մեծ ուրախութեամբ եւ հաճոյքով կուգամ տեղեկացնելու թէ նոր մանկամսուրի մը ծրագիրը իր առաջին գործնական փուլը թեւակոխեց եւ արդէն իսկ պիտի գործէ 12 ամիս, 2014-2015 տարեշրջանէն սկսեալ:Հոս կ’ուզեմ աւելցնել թէ ամիսը մէկ անգամ,մանկամսուրի յատուկ օրէնքին համաձայն,վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ մանկաբոյժ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը պիտի այցելէ մանկամսուրի բաժինը քննելու համար մեր փոքրիկներուն առողջութիւնը: Հետեւաբար,երիտասարդ ծնողներ առաւօտեան ժամը 7:30–էն սկսեալ իրենց մէկ ու կէս տարեկան զաւակը վստահելով մեր մանկավարժ ուսուցչուհիներուն հանգիստ միտքով կրնան երթալ իրենց աշխատանքին: Դրութիւն մը, որ ձեռնտու է մեր ծնողներուն եւ թէ անկասկած պիտի նպաստէ մեր գաղութի հայապահպանման նպատակին:

Յանուն հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան շնորհակալութեան խօսք՝ բոլոր անհատ բարերարներուն, միութիւններուն ու կազմա-կերպութիւններուն, որոնք միշտ պատրաստ են սատարելու նիւթապէս եւ բարոյապէս մեր վարժարանին, իբր ազգային գոյատեւման ամուր բերդ: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անձնակազմին եւ քաղաքապետին, Պուրճ Համուտի ոստիկանութեան ընդհանուր պատասխանատու գնդապետին, ինչպէս նաեւ վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբի տիկիններուն եւ ատենապետուհիին՝ տարուան ընթացքին իրենց մատուցած կամաւոր աշխատանքին համար, որ վարժարանիս կը բերէ գնահատելի նիւթական օժանդակութիւն:

Խորին շնորհակալութիւն կ’ուզեմ յայտնել նաեւ վարժարանիս ուսուցչակազմին, որ անշահա-խնդրօրէն նուիրուած է աշակերտներու մշակման դժուարին բայց նուիրական գործին եւ թէ ամէն ինչ կ’ընեն ոչ միայն ուսումնական գործընթացի արդիւնավետութիւնը բարձրացնելու, այլ աշակերտին առօրեան բովանդակալից դարձնելու համար, ինչպէս նաեւ կը ձգտին ապահովել բարձր որակ եւ կարգապահութիւն: Յատուկ շնորհակալութիւն նաեւ պարուսոյց՝ օրդ. Արազ Ռաստկելենեանին, որ կարճ ժամանակի մէջ վերակենդանացուց վարժարանիս »Կարս» Պարախումբը, իր հետեւողական ու բծախնդիր աշխատանքով:

Եւ վերջապէս շնորհաւորանքի եւ շնորհակալութեան խօսք կ’ուզեմ ուղղել Ձեզի սիրելի ծնողք՝ Ձեր համբերատար հետեւողութեան: Մեծապէս կը գնահատենք Ձեր հաւատքը, վստահութիւնը, անձնազոհութիւնն ու գիտակցութիւնը, Ձեր ցուցաբերած յարգանքը վարժարանիս եւ մանաւանդ Ձեր նիւթաբարոյական քաջալերանքը: Շնորհիւ ծնողք- դպրոց սերտ գործակցութեան եւ հասկացողութեան՝ անպայմանօրէն մեր վարժարանը կը հասնի իր հիմնադիր հայրերուն որդեգրած ուսումնական ծրագրի լռիւ գործադրութեան:

Շնորհակալութիւն:

 Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան

Տնօրէնուհի

Վահան Թէքէեան Վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին