Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾ ԱՐԹՕ ՉԱՔՄԱՔՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը 1 Յուլիսին ընդունեց քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանը: Բարձր գնահատելով հայ քանդակագործին ներդրումը հայապահպանման եւ հայ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու առումով՝ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան զայն պարգեւատրեց «Արշիլ Գորկի» մետալով: Այս մասին կը յայտնէ նախարարութեան կայքէջը:

Նախարարը մասնաւորաբար նշեց. «Ինձ համար մեծ պատիւ է ներկայացնել արուեստի մեծագոյն վարպետներից մէկին՝ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանին, ով կեանքի մի մասն ապրել է Հայաստանում, միւս մասը՝ Կանադայում, բայց մշտապէս ամուր թելերով կապուած է եղել հայրենիքի հետ: Չաքմաքճեան ազգանունը վաղուց դուրս է եկել հայկական աշխարհի շրջանակներից եւ դարձել համաշխարհային մշակոյթի մեծագոյն երեւոյթներից մէկը»:

Յարութիւն (Արթօ) Չաքմաքճեան ծնած է 1933ին, Եգիպտոս։ 1948ին ընտանիքով հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: 1975 թուականէն կ՛ապրի Մոնթրէալ քաղաքը:

Արթօ Չաքմաքճեան քանդակագործութեան բնագաւառին մէջ կը նկատուի արտայայտչական ոճի հիմնադիրներէն մէկը: Այդ ոճով ան քանդակած է Կոմիտասի, Կոստան Զարեանի, Առնօ Բաբաջանեանի դիմաքանդակները, «Ազատութիւն» քանդակը: Նշանաւոր են անոր «Սասունցի Դաւիթ», «Բերքահաւաք» քանդակները, «Կոմիտաս» եւ «Ապրիլեան յուշակոթող» վեհաշուք յուշարձանները: 2010ին Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕն կազմակերպած է Արթօ Չաքմաքճեանի քանդակներու ցուցահանդէսը: Ան հեղինակն է Թորոնթոյի եւ Լաւալի Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած քանդակ-յուշարձաններուն։

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւին համար՝ Ա. Չաքմաքճեան նշեց. «Ես անուղղակիօրէն ներկայացուցած եմ մեր երկիրը եւ զայն ցոյց տուած աշխարհին՝ բացայայտելով, որ մեր երկիրն ալ գեղարուեստական խօսք եւ արուեստ ունի: Եթէ ես ճանաչում գտած եմ աշխարհի մէջ, ապա միայն շնորհիւ Հայաստանի, քանի որ իմ արուեստիս սնունդ տուած է Հայաստանի անցեալի եւ ներկայի մշակոյթը»:

Երեւանի Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանի հետ, ցուցադրուեցաւ Ռիտա Շառոյեանի՝ արուեստագէտին կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող «Քայլող Մարդըե ժապաւէն»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին