Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

«ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԵԿՆԱՐԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

.ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ.

Sevag Hagopian

Սիրելի ընթերցող/բաժանորդ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի,

Ուրախութեամբ կ’ուզենք ձեզի տեղեկացնել, թէ աւելի քան ութ տարիներէ ի վեր անխափան ելեկտրոնային հրատարակութեամբ ցրուող «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը, որ իր լոյս ընծայման ժամանակամիջոցին միշտ ալ ջանացած է բարելաւել եւ ժամանակին ու ընթերցողին յարմար դարձնել իր տեսքն ու բովանդակութիւնը, այսօր ահա քայլ մը եւս առնելով ելեկտրոնային հրատարակութեան աշխարհին մէջ՝ յետ այսու պիտի հրատարակուի իրեն յատուկ կայքէջին միջոցաւ՝ առիթը տալու իր բաժանորդներուն, նաեւ համացանցը օգտագործող համայն հանրութեան, որոնք ծառաւ են ազգային առումով կենսական հարցերու տեղեկութիւններու եւ առ հասարակ՝ հայկականութեամբ առլցուն, անխտիր այցելել www.ragmamoul.net  եւ կարդալու այն ինչ, որ կը հետաքրքրէ իւրաքանչիւրը: Ասոր կողքին, մենք պիտի շարունակենք ամէն օր մեր հասցէացանկին հասցնել՝ մեր կայքէջին վրայ տեղադրուած նորագոյն լուրերուն եւ յօդուածներուն կապը, զոր բաժանորդը ճնշելով պիտի առաջնորդուի մեր կայքէջին համապատասխան էջը՝ կարդալու իր նախընտրածը:

Շարունակելով մեր նախորդ՝ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի վաստակաշատ պատասխանատու խմբագիր Ընկ. Ասատուր Տէվլեթեանի աշխատանքը, եւ փոխարինելով զինք ու հիմնուելով իր իսկ խօսքերուն վրայ, ուր ան կ’ըսէ. «…Կը փափաքիմ պարտականութիւնը փոխանցել երիտասարդ ուժերու, որպէսզի «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը առաւելագոյնը օժտուի      նաեւ  ժամանակի հնարաւորութիւններու թարմ շունչով», ինչպէս նաեւ համեստօրէն վայելելով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան վստահութիւնը, ահաւասիկ այսօր՝ www.ragmamoul.net-ի միջոցաւ կու գանք մեր կարողութիւններու ներած տարողութեամբ, իրագործել մեր նախորդին իղձը եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան մեր վրայ դրած յոյսը:

Լիայոյս ենք, որ մեր այս նախաձեռնութիւնը «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ը քայլ մը եւս պիտի մղէ դէպի ապագայ՝ արժանանալով ձեր գնահատանքին եւ ջանալով մնալ ձեր ակնկալութիւններուն
բարձրունքին վրայ:

Սիրով`

Սեւակ Յակոբեան 

Յ.Գ. Յետագայ քանի մը օրը նկատելով փորձառական շրջան մը  www.ragmamoul.net -ի համար, կը յայցենք ձեր ազնիւ հասկացողութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի կայքէջի ոչ-ամբողջական ձեւին եւ բովանդակութեան (ջանալով նաեւ շուտով «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ի տարիներու արխիւը փոխադրել կայքէջ), նոյն ատեն ակնկալելով ձեր կողմէ մեզի ուղղուած անոր ձեւին առնչուող նկատողութիւններ, զանոնք շուտով նկատի ունենալու համար:                                            

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին