Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՒՀԻՆ Կ’ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ՊԱՏՈՒՈՅ ԼԵԳԷՈՆ ՇՔԱՆՇԱՆԻ

Ֆրանսայի մէջ, փրոֆեսէօր Անահիտ Տօնապետեան, արժանացաւ պետութեան պատուաբեր գնահատանքին.ան
Հնդեւրոպաբան եւ հայագէտ-լեզուաբան, հիմնարկի անդամ Շարլ տը Լամպերթըրիի կողմէ պարգեւատրուեցաւ Պատուոյ Լեգէոն շքանշանի:

Արեւելեան լեզուներու հիմնարկի նախագահուհին՝ Մանիւէլ Ֆրանք եւ Լեզուաբանական հետազօտութեանց միաւորման տնօրէնուհի Իզապէլ Լեկլիզ՝ ներկայիս ղեկավարները այն հաստատութեանց, ուր տեղի ունեցած է Ա. Տօնապետեանի մասնագիտական յառաջընթացը, մանրամասնօրէն ներկայացուցին Անահիտ Տօնապետեան-Տեմոփուլոսի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը: Մ. Ֆրանք մասնաւորաբար նշեց Տօնապետեանի վիթխարի աշխատասիրութիւնը, դժուարին իրավիճակներու մէջ լուծումներ գտնելու կարողութիւնը եւ մարդամօտութիւնը: Անթուան Մէյէի, Ժորժ Տիւմեզիլի, Ֆրետերիք-Արման Ֆէյտիի, Ժան-Փիեռ Մահէի նման այնքա՜ն նշանաւոր գիտնականներէ ետք ստանձնելով ղեկավարութիւնը INALCO-ի Հայագիտական բաժինին՝ Տօնապետեան կրցաւ զայն վերածել Հայաստանէն դուրս ամէնէն լիակատար եւ ամբողջական հայագիտական կրթութիւն ապահովող համալսարանական ամպիոնին: Իզապէլ Լեկլիզ, իր կարգին, ընդգծեց, որ ինք յաջորդած է եւ ներկայիս կը ղեկավարէ Ա. Տօնապետեանի ժամանակին տնօրինած հետազօտական միջ-գիտակարգային միաւորումը, որ ձեւաւորուած եւ առաջին քայլերը առած է անոր օրօք (այժմ՝ ,Լեզուներու կառուցուածք եւ ուժականութիւնե):

Անահիտ իր երախտիքի բառերը ուղղեց, նախ եւ առաջ՝ իր ընտանիքին եւ ծնողներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան: 20-րդ դարասկզիբին Խարբերդի շրջանէն մազապուրծ եղած իր ընտանիքը մշտապէս թիկունք եւ ազդակ հանդիսացած է իր գործունէութեան: Մեծ Եղեռնէն վերապրած ընտանիքին միակ անդամը՝ Տօնապետ Տօնապետեանը, կռուած է ֆրանսական Արեւելեան լեգէոնի շարքերուն մէջ եւ մասնակցած Կիլիկիոյ մարտերուն: «Այժմ, այս պարտաւորող շքանշանը, որ կը շնորհուի ինծի, ես կը համարեմ յարգումը եւ պատուումը իմ մեծ հայր Տօնապետ Տօնապետեանի անմար յիշատակին. իսկական լեգէոնական, սակայն առանց Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետ կոչումին…»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին