Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՄԱՀՈՒԱՆ 60-ԱՄԵԱԿ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԴԵՍՊԱՆ ՈՒ ՄԵԾ ԲԱՆԱՍԷՐ` ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ

.ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ.

Ara Aharonian

Չօպանեան ծնած էր Պէշիկթաշի շրջանը, Պոլիս, Յուլիս  15, 1872-ին: Հազիւ մէկ ամսական ան պիտի կորսնցնէր իր մայրը ու հասակ պիտի առնէր խորթ մօր մը խնամին տակ: Հայրը հակառակ արհեստաւորի համեստ պայմանները դիմակալող անձ մը ըլլալուն, զինք կրցած էր մասնաւոր  դասատուներու մօտ դնել նախնական կրթութեան համար, ապա միջնակարգ ուսման համար պիտի յաճախէր ան տեղւոյն Մաքրուհեան վարժարանը աւարտելով զայն բացառիկ յաջողութեամբ 1886-ին:

Պատանի տարիքին արդէն ընթերցանութեան նուիրուած էր ու վարժարանը չաւարտած 13 տարեկանին իր առաջին գրութեանը հանդէս պիտի գար «Բուրաստան Մանկանց» հրատարակութեան մէջ, որ կը հրատարակուէր Պոլիս:

Պոլսոյ կեդրոնական երկրորդական վարժարանը կրթութեան ուսումնարան պիտի հանդիսանար Չօպանեանի համար: Վարժարանի ատենի տնօրէնն էր Մինաս Չերազը: Ան պիտի մասնագիտանար հայ ու Եւրոպական գրականութեան մէջ աշակերտելով Գարեգին Սրուանձտեանցին, Եղիա Տէմիրճիպաշեանին, Մաղաթիա Արք. Օրմանեանին, Թովմաս Թերզեանին ու շատ մը ուրիշ երեւելի գործիչներու ու դաստիարակներու որոնց շունչին տակ ան պիտի աշխատակցէր նախ «Արեւելքը», ապա «Մասիս» թերթերուն: Իր մօտ կանուխէն կարողութիւններ կը տեսնէ Լեւոն Բաշալեան ու ցուցմունքներ կ՛ընէ Չօպանեանին եւ կը քաջալերէ իր գրչին արտադրութիւնը:

1889-ին առաջին իր պատմուածքներն ու քերթուածները լոյս պիտի տեսնէին «Արեւելք»ին մէջ: Արդէն քաջալերական խօսքերու անկեղծ արտայայտութիւնը խանդավառած էին վարժարանի ընթացքը չաւարտած հասուն պատանին, որուն յաջորդ քայլը պիտի ըլլար ֆրանսական գրականութենէն թարգմանութիւններ կատարել:

Չօպանեան պիտի աւարտէր երկրորդական իր կրթութիւնը, 1891-ին, ու լման ժամանակով պիտի շարունակէր իր աշխատանքը լրագրութեան ասպարէզէն ներս: Պոլսոյ ժամանակակից հասարակական ու մշակոյթի ատենի գործիչները՝ Զօհրապ, Կամսարական, Բաշալեան եւ Արփիարեան արդէն տեսած էին 19 տարեկան Չօպանեանի մօտ բացառիկ տաղանդի յատկութիւնները ու այդ միտումով Արփիարեան պիտի հրաւիրէր զինք մաս կազմելու Պոլիս հրատարակուող «Հայրենիք»ի խմբագրական կազմին: Նոյն տարին լոյս պիտի տեսնէր իր անդրանիկ գործը՝ «Արշալոյսի Ձայներ» խորագրով:

Նոյն տարուան աւարտէն առաջ ան կ՛անցնի ուսուցչութեան իր աւարտած կեդրոնական վարժարանէն ներս գրականութիւն դասաւանդելու, որովհետեւ Արփիարեանի հետ տարակարծութեան պատճառաւ ան որոշած էր ձգել «Հայրենիք»ին մէջ իր գործը:

Յաջորդաբար 1802-ին իր ուսուցչական ասպարէզին կողքին ան կը հրատարակէ «Թուղթին Փառքը» վէպը, ապա հետաքրքրական բանաստեղծութիւններու շարք մը, որ պիտի կոչէր «Թռթռումներ»: Հազիւ 20 տարեկան, արդէն ան դարձած էր գրականագէտ մը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ զարգացող մտաւորական իրեն հասակակից սերունդին մօտ:        Իրականացնելու համար իր երազը մօտէն ծանօթանալու ֆրանսական գրականութեան տիտաններուն, կ՛որոշէ ֆրանսա մեկնիլ բարձրագոյն կրթութեան համար: Այդ ծրագիրը պիտի իրականանար 1893-ի աշնան, ու մօտէն պիտի հետաքրքրուէր ֆրանսացի լրագրողներու ծանօթանալով, որոնց հետ ֆրանսերէն խօսելու ու ինքզինք արտայայտելու դժուարութիւնը պիտի չունենար:

Շուրջ տարի մը ան պիտի մնար Փարիզ ու պիտի աշխատակցէր ֆրանսական մամուլին շնորհիւ իր ստեղծած անհատական բարեկամութեանց, նոյն ժամանակ իր ունեցած ժամանակը տրամադրելով մօտէն ծանօթանալու ֆրանսական գրականութեան:

Պոլիս վերադառնալէ ետք կը նետուի ուսուցչական ասպարէզ, Պոլսոյ կեդրոնական վարժարանէն ներս, ու կը ձեռնարկէ լրագրական նոր հրատարակութեան մը 1895-ին՝ «Ծաղիկ» անունով, որուն մէջ առաջին անգամ լոյս պիտի տեսնէր Չօպանեանի ինքնատիպ ուսումնասիրութիւնը՝ Գրիգոր Նարեկացիի մասին որ նոյնութեամբ լոյս պիտի տեսնէր ֆրանսական «Մերքիւր տը ֆրանս» թերթին մէջ հինգ տարիներ ետք՝ 1900-ին:

Չօպանեան իր կարծիքը արտայայտելու տարբեր միջոցներու ալ պիտի դիմէր օգտակար ըլլալու համար իր տառապող ժողովուրդի արդար դատին: Համիտեան ջարդերու ցնցիչ ու քստմնելի արարքէն ետք ան կը դիմէր ֆրանսական մամուլի լուսաբանելու համար Եւրոպայի կարծիքը Արեւմտահայոց վիճակին մասին, ինչպէս նաեւ ան պիտի հրատարակէր ֆրանսերէն լեզուով գրքոյկներ, ուր պիտի պարփակէր փաստացի ու վաւերական տուեալներ իր ժողովուրդին արժանիքներուն ու իրաւունքներուն շուրջ: Պոլսոյ իր համեստ բնակարանը յաճախ կ՛այցելէին Երուանդ Օտեանի, Զապէլ Եսայեանի, Էտկար Շահինի, Տիգրան Կամսարականի, Սուրէն Պարթեւեանի նման գործիչներ ու մտաւորականներ, որոնք համոզումով կը մօտենային Չօպանեանի ուղղութեան, երբ այդ օրերուն տակաւին որպէս ոչ կուսակցական, հասարակական գործիչ մը: 1896-ին ան վերջնականօրէն պիտի հաստատուէր Փարիզ, ուր իր առաջին գործը պիտի ըլլար «Հայկական ջարդեր» գիրքի պատրաստութիւնը ֆրանսերէն լեզուով ու հրատարակութեան յառաջաբանը պիտի վստահուէր Ճորճ Գլեմանսոյին, իսկ ֆրանսացի նշանաւոր գրադատ՝ Անաթոլ ֆրանս լրջօրէն պիտի անդրադառնար աշխատասիրութեան վաւերագրութեան շուրջ:

Փարիզի մէջ էր, որ 1898-ին լոյս պիտի ընծայէր Չօպանեան «Անահիտ»ը, որ յետագային պիտի դառնար դիրքորոշող հրատարակութիւնը:

«Անահիտ»էն օրինակներ կը հասնէին Պոլիս ու ատենի արեւմտահայ գրականութեան տիտաններուն կողմէ կը գնահատուէր իր աշխատանքը: Չօպանեան դարձած էր Փարիզի փոքրաթիւ գաղութի փնտռուած առաջնորդը, իր յօդուածներով եւ վերլուծումներով ան կրցած էր յարգանքը վայելել նորահաստատ հայրենակիցներու, որոնց մեծամասնութիւնը եկած էին Պոլսոյ շուրջի գաւառներէն:

Չօպանեան իր գրութիւններով յաճախ քաղաքական ուղղութեան վերլուծում էր որ կը կատարէր, որովհետեւ արեւմտահայոց ապագան շատ ալ փայլուն չէր տեսներ 20-րդ դարու սկիզբէն արդէն: Իրեն համար Ռուսիոյ հետ մնայուն յարաբերութիւնը եւ բարեկամութեան կարեւորութիւնը որոշ բանի մը յենելու կարեւորութիւնը ունէր ու անոր համար ալ 1901-ին կը պատրաստէ ուսումնասիրութիւն մը «Ռուսիա եւ Հայեր» խորագրով,  որմէ օրինակներ գաղտնաբար պիտի հասնէին արեւմտահայ գաւառներ ու որոշ զարթօնք մըն ալ պիտի տար անոնց թարգմանութիւնը յետագային Ֆրանսայի լրագրողներուն, որոնք հետզհետէ սկսած էին ծանօթանալ արեւմտահայոց դատին:

Արշակ Չօպանեան այդ օրերուն տակաւին կուսակցական չէր ու իր գաղափարախօսութեամբ եւ մօտիկութեամբ կը քաջալերէր Լոնտոն եւ Փարիզ գտնուող վերակազմեալներու (Ռամկավար) ղեկավար տարրերուն, որոնց հետ յաճախ կը խորհրդակցէր սփիւրքահայոց մտահոգութիւններուն շուրջ, ու այդ միտումով ալ 1902-ին վերակազմեալները զինք կը հրաւիրեն երեք հոգինոց իրենց պատուիրակութեան, որ պիտի հանդիպէր Երիտասարդ Թուրքերու պատուիրակութեան հետ՝ Փարիզի մէջ կայացած համագումարի մը ընթացքին, որուն հետ ներկայ էին դաշնակցութեան ներկայացուցիչները:

Հոն արտայայտուած միտքերը կը տպաւորեն 30-ամեայ Չօպանեանը որ Երիտթուրքերու ծրագիրին մէջ յստակօրէն կը տեսնէ արեւմտահայ զանգուածներու ձուլումն ու հեռացումը եւ ոչ թէ կազմել դաշնակցային պետութիւն մը, որուն մէջ արեւմտահայ ու կարգ մը քրիստոնեայ ազգեր որոշ իրաւունքներու պիտի տիրանային: Յետագայ տարիներուն ան պիտի յաջողէր վերակազմեալները լուսաբանել այս իրողութեան շուրջ: Բայց ցաւի սիրտ չկարողացաւ ընել նոյնը դաշնակցութեան համար, որովհետեւ 1908-ին անոնք համաձայնութիւն գոյացուցին Երիտթուրքերուն հետ անոնց հռչակած սահմանադրութեամբ:

Չօպանեան հրաւէր ստացած էր 1908-ին մասնակցելու Էջմիածնի մէջ կաթողիկոսական ընտրութեանց, բայց նախ պիտի մնար իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, ուր ամէն մտաւորական շրջանակ զինք խանդավառութեամբ պիտի ընդունէր, ապա աշնան ան պիտի հասնէր Էջմիածին, ուր հիւրը պիտի դառնար Կոմիտաս Վարդապետին քանի մը ամսուայ համար: Այս շրջանին էր որ տեղի կ՛ունենար Ատանայի կոտորածը (1909), ու Արեւելահայաստանի մէջ կատարուած ժողովրդային մէկ հաւաքին, ուր խօսք պիտի առնէր Շիրվանզադէ նաեւ Չօպանեանի կը տրուի խօսելու առիթ, ուր ան շեշտակի կը ջատագովէ ռուս ժողովուրդի հետ բարեկամութեան ու հաւատարմութեան հիմնահարցը:

Փարիզ վերադարձին կ՛որոշէ դադրեցնել «Անահիտի»ի հրատարակութիւնը 11 տարիներ ետք, որ անկանոն դարձած էր իր ճամբորդութեանց պատճառաւ: Ան կ՛որոշէ կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերել «Բիւզանդիոն»ին, ապա Թիֆլիս հրատարակուող «Մշակ»ին, որուն դերը մեծ էր ու խօսքը լսելի՝ Կովկասահայութեան մօտ ու իր յօդուածներով ան կը զգուշացնէր հայութեան այն խաւը մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, որ կը ջանար հարցեր լուծել Երիտթուրք կառավարութեան հետ, առանց մտածելու ու հեռատես ըլլալու:

Չօպանեան Էջմիածին այցելութենէ ետք սկսած էր մնայուն նամակագրութիւն պահել արեւելահայ մտաւորականներու հետ առաւելաբար Թիֆլիս ապրող Լէօյին հետ,  որուն մէկ նամակը ուղղուած 1912-ին ան կ՛անդրադառնար որ Ֆրանսա ու Անգլիա եթէ աջակցին Ռուսիոյ հետ կարելի պիտի դառնայ ազատել Արեւմտահայաստանը ու արդար լուծում մը գտնել հայկական հարցին: Նոյնանման գրութիւններով նաեւ ան կապ կը պահէր Միքայէլ Պապաջանեանի հետ, որ այդ շրջանին ռուսական խորհրդարանի անդամ ընտրուած էր:

Հազիւ 40 տարին բոլորած, Չօպանեան դարձեալ հրաւէր պիտի ստանար գալու իր ծննդավայրը այս անգամ իրեն ի պատիւ ծրագրուած տօնակարութեան նշելու 25-ամեակը գրական ու հասարակական իր բեղում գործունէութեան, կազմակերպուած Պոլիս բնակող մտաւորականութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Գրիգոր Զօհրապի: Բայց վրայ պիտի հասնէր 1914-ի Համաշխարհային Առաջին Պատերազմը ու տօնակատարութիւնը պիտի յետաձգուէր անորոշ ժամանակով: Չօպանեանի համար յարմար առիթ էր գրելու եւ խրախուսելու որ զինուորագրուին իրենց գտնուած երկիրներու բանակներուն կռուելու պատերազմի հասարակաց թշնամիին՝ թուրքին դէմ,  որովհետեւ ան կը տեսնէր որ գուցէ այդ ձեւով պիտի իրականութիւն դառնար իր տարիներու երազը՝ Արեւմտահայոց հարցին լուծումը:

Վրայ կը հասնի 1915-ին ցեղասպանութիւնը ու այս անգամ Չօպանեան տարբեր առիթով ու մանաւանդ գրութիւններով կ՛արտայայտուի որպէս Հրէշային ծրագրուած ոճիր անուանելով Մեծ Եղեռնը:

Չօպանեան Կոմիտասի հետ - Օգոստոս 1917
Չօպանեան Կոմիտասի հետ – Օգոստոս 1917

Իր այս քարոզչական աշխատանքը պիտի շարունակէր մեծ թափով, օտարներուն ծանօթացնելով Մեծ Եղեռնի ոճիրին իրականութիւնը ու պիտի յաջողէր Սորպոնի մէջ Մեծ Եղեռնի առաջին տարելիցին առիթով կազմակերպել խորհրդաժողով մը նախագահութեամբ Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ՝ Դեշանելի, ուր խօսք պիտի առնէին Ֆրանսայի կրթական նախարար՝ Պենլըվի եւ Անաթոլ Ֆրանս, որոնք պիտի բաժնէին Չօպանեանի տեսակէտը ծրագրուած կոտորածին մասին: Տարի մը ետք պիտի հրատարակէր երկու գործեր «Ֆրանսա եւ հայ ժողովները», ինչպէս նաեւ «Հայաստան եւ թրքական լուծը», որոնք աւելի եւս պիտի հիմնաւորէին Ֆրանսայի մէջ հանրային կարծիքը՝ Թուրքիոյ նկատմամբ:

Մեծ Եղեռնի հետեւանքով Պոլսոյ  եւ շրջակայքի հայութեան կարեւոր մէկ մասը պիտի գաղթէր Ֆրանսա, ապահով ապաստան մը ունենալու: Փարիզի մէջ հաստատուած պոլսահայեր յետագային իրենց կարեւոր ներդրումը պիտի ունենային Ֆրանսահայ կազմաւորուած գաղութի ապագային ու հասարակական ու ազգային կեանքէն ներս: Իսկ Չօպանեան փնտռուած առաջնորդ մը դարձած էր որպէս ատենոյ մտաւորական ու հրապարակախօս իր յստակ ու անշեղ գաղափարախօսութեամբ: 1908-ի վերակազմեալներու միացումով արմենականներուն, յառաջ եկած էր Աղեքսանդրիոյ մէջ, Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը: Բայց Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ վերակազմեալներու մասնաճիւղերը հեռու մնալով Սահմանադրական սկզբունքը որդեգրելէ, կազմեցին Ազատական Կուսակցութիւնը, որուն առաջնորդներէն դարձեր էր Արշակ Չօպանեան:

Իր հաճելի նկարագրով ու անհատական յարաբերութիւններով, ան ստեղծած էր կարեւոր շրջանակ մը օտար բարեկամներու որոնք լրագրութեան մէջ կարեւոր ազդեցութիւն ունէին պետական շրջանակներու մօտ: Անմիջական յարաբերութեանց մէջ էր ան՝ Պօղոս Նուպարի, Գարրիէլ Նորատունկեանի, Վահան Թէքէեանի եւ Լեւոն Բաշալեանի հետ: Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի աւարտին (1918) ան տարուայ մը համար պիտի  ստանձնէր «Վերածնունդ» երկշաբաթաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը եւ պիտի լծուէր արեւմտահայ պահանջատիրութեան կարեւոր գործին:

1919 Փետրուարին Փարիզի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ազգային Համագումարը՝ նախագահութեամբ՝ Պօղոս Նուպար Փաշայի, այլոց կողքին կը մասնակցի նաեւ Չօպանեան ու կ՛ընտրուի Ազգային Պատուիրակութեան անդամ: Այս շրջանին արդէն մերձեցման աշխատանք կը տարուէր Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան ու Ազգային Ազատական Միութեան միջեւ, որուն ջատագովներէն էր Արշակ Չօպանեան, որովհետեւ ան կը տեսնէր հայկական իրականութեան մէջ ժողովրդավարութեան սկզբունքները որդեգրող զուգահեռ հոսանքներ, որոնց միացումով պիտի հզօրանար կազմուած միութիւնը:

Յաջորդ տարին իսկ ազգային պատուիրակութեան կողմէ ան պիտի ղրկուէր Պէյրութ, ուր կար Ֆրանսայի Պետութեան բարձրագոյն գոմիսարը: Անոր հանդիպելու առիթը պիտի ընծայուէր Չօպանեանի, ու ան բուռն եռանդով կը ներկայացնէ պատուիրակութեան տեսակէտը՝ Կիլիկիոյ մէջ հայկական պետութեան մը հաստատման մանին, որ պիտի ընդունուէր որպէս նախնական ծրագիր, բայց յետոյ պիտի ըլլար միայն պետական հռչակում Օգոստոս 1, 1920-ին:

Առանց ընկրկումի իր առաքելութեան մէջ, Չօպանեան պիտի մնար Միջին Արեւելք՝ Պէյրութ եւ Երուսաղէմ ու Տարսոն եւ Աղեքսանտրէթ, գէթ վստահ ըլլալով որ Ֆրանսան պիտի չպարպէր Կիլիկիան՝ իր հայ բնակչութենէն:

Տարի մը ետք ան պիտի վերադառնայ Փարիզ, ուր նոր հանգրուան մը լրացուած էր իր առջեւ խորհրդային Հայաստանի մը ստեղծումով, որուն հանդէպ իր հետեւորդներով ան նախ պիտի որդեգրէր վերապահ դիրք մը: 1921 Հոկտեմբերի 1-ին, Պոլսոյ մէջ պիտի յաջողէր կազմութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որուն արդէն նախնական աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր դերը պիտի ունենար Արշակ Չօպանեան: Հիմնադիր ժողովը 49-ամեայ Չօպանեանը պիտի ընտրէր Կեդրոնական Վարչութեան առաջին ատենապետը, մէկ տարուան շրջանի մը համար, որ Փարիզէն պիտի ղեկավարէր կուսակցութեան աշխատանքները՝ առաւելաբար ապաւինելով իր ունեցած ժողովրդականութեան ու վայելած յարգանքին: Նորակազմ կուսակցութեան առաջին գործը պիտի ըլլար իր դիրքը յստակացնել Խորհրդական Հայաստանի նկատմամբ, օգտակար հանդիսանալով անոր վերաշինութեան ջանքերուն եւ աշխատանքին: Արդէն այս քայլը մղած էր դաշնակցական մամուլը անիմաստ եւ զօրաւոր յարձակումներ կատարելու Չօպանեանի վրայ: Չօպանեան նախ լուռ պիտի մնար, բայց պայքարէ չվախցող հեռատես հրապարակախօսը ատենին պիտի պատասխանէր սաստկութեամբ, նոյնիսկ ծեծի ենթարկուելով Փարիզի մէջ դաշնակցութեան քանի մը տաք գլուխ երիտասարդներու կողմէ:

1927-ի Լոզանի խորհրդաժողովի ձախողութենէն ետք,  ան աւելի եւս պիտի ջատագովէր համախմբուիլ խորհրդային Հայաստանի շուրջ ու յօդուածներով հանդէս պիտի գար Ռամկավար Ազատական մամուլին մէջ՝ մանաւանդ մնայուն իր աշխատակցութիւնը պահելով «Արեւ»ին եւ «Պայքար»ին մէջ: 1924-ին ան լծած էր ՌԱԿ-ի շրջանակները խորհրդային Հայաստանի օժանդակելու գործին, մանաւանդ հանգանակութիւններով ան կրցած էր բազմահազար գիրքեր հասցնել հայրենիքէն ներս գտնուող համալսարանին: Իսկ 1924-ին եւ 1926-ին երկու տարբեր առիթներով Պոլսոյ շրջանէն կրցած էր գաղթականներ ու որբեր Հայաստան ղրկելու աշխատանքը յաջողցնել:

1920-ին կուսակցական որոշումով ան պիտի գար  Միացեալ Նահանգնէր շուրջ 9 ամիս մնալով ու շրջելով Արեւելեան նահանգներու մէջ հաստատուած ամէն հայկական գաղութ ներառեալ մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: Գոլոմպիա համալսարանին մէջ ան պիտի տար Ֆրանսերէն լեզուով դասախօսութիւն մը «Հայ բանաստեղծութիւն եւ արուեստ»ը նիւթին շուրջ ու ապա անոր որպէս հետեւանք զանազան առաջատար ամերիկեան թերթերու հետ պիտի ունենար որակաւոր հարցազրոյցներ, նշելով մի քանին այդ թերթերէն՝ «Տիթրոյթ Նիուգ»ը, «Քրիսչըն Մոնիթըր»ը եւայլն: Տարի մը ետք 1927-ին, ան կը վերադառնայ Փարիզ՝ իր առաքելութիւնը աւարտած, սակայն հանգիստ չգիտցող Չօպանեան պիտի շարունակէր մամուլի իր աշխատակցութիւնը, շինարար դեր վերցնելով հայրենիքի վերելքին մէջ: 1929-ին ան պիտի վերսկսէր «Անահիտ»ի հրատարակութեան, որ իր առաքելութեանց ու ճամբորդութիւններուն պատճառով ընդմիջումներով լոյս պիտի տեսնէր ու այս անգամ վերջնականապէս պիտի փակուէր 1949-ին , նիւթական ու այլազան դժուարութեանց պատճառաւ:

Արշակ Չօպանեան դարձած էր Հայ Մշակոյթի Դեսպանը ու մեծ Բանասէրը որ գիտէր կարեւորութիւնը իր հաւատամքին ու անոր գրաւականը հանդիսացող հայրենասիրութեան ու հայրենաշինութեան: Առիթով մըն ալ 1934-ին պիտի յայտարարէր «Պանդուխտ ծնայ ու պանդուխտ ապրեցայ, ոսկորներս թող կարենան հանգչիլ մեր տոհմային հողին մէջ»:

1936-ին կը մասնակցի «Հայ Գաղթականաց Յանձնախումբի» աշխատանքներուն ու կը յաջողի շուրջ 2000 գաղթականներ, դարձեալ Պոլսոյ շրջանէն փոխադրել հայրենիք:

1938-ին Փարիզի մէջ պիտի տօնուէր իր գրական-հասարակական գործունէութեան 50-ամեակի յոբելեանը հոծ բազմութեան մը ներկայութեան: Յաջորդ տարիներուն ան յաճախ կը ձգտէր կազմակերպելու հրապարակագրական ձեռնարկներ ծանօթացնելու հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ կատարելով ուսումնասիրութիւններ եւ թարգմանութիւններ որոնց որպէս արդիւնք 1945-ին Սորպոնի համալսարանին մէջ պիտի կազմակերպէր հայ մշակոյթէն նուիրուած գիտաժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուէին նաեւ Ֆրանսացի գրողներ ու լրագրողներ:

ՀԲԸՄ Մելգոնեան Հաստատութեան շրջանաւարտները Չօպանեանի հետ - 1953
ՀԲԸՄ Մելգոնեան Հաստատութեան շրջանաւարտները Չօպանեանի հետ – 1953

Յառաջացած տարիքը իր աշխուժութեան արգելք չէր կրնար հանդիսանալ: 1952-ին 80- ամեայ մշակոյթի ալեհեր դեսպանը պիտի հրաւիրուէր Պէյրութ՝ Գարեգին Յովսէփեանց Կաթողիկոսի հրաւէրով ու տարի մը պիտի մնար Լիբանան: Այդ շրջանին հոն կը գտնուէր ՌԱԿ-ի կեդրոնը ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինը: Լիբանանի գաղութէն ներս իր առաքելութիւնը աւարտած Չօպանեան պիտի վերադառնար Փարիզ:

1954 Յունիսին ան զոհ պիտի երթար ինքնաշարժի մը 82 տարեկանին յաւիտեան իր աչքերը փակելով:

Արշակ Չօպանեան
Արշակ Չօպանեան

Մեծ երախտաւորը պիտի մնայ Չօպանեան, որովհետեւ ան կրցաւ դրսեւորել հայ ժողովուրդը իր փառքով ու ցաւով՝ ներկայացնելով օտարին, իսկ սփիւռքահայութեան համար եղաւ ուժը հայրենաշինութեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին