Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

*ԼԻԲԱՆԱՆ* Կիրակի, 29 Յունիս 2014-ին, վեհափառ հայրապետին այցելեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ժալխը:

Նախ եւ առաջ ան վեհափառ հայրապետին` իբրեւ խորհուրդի նախագահներէն մէկը, մանրամասն զեկուցում տուաւ Ամմանի մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական հանդիպման մասին, ուր կարեւոր որոշումներ տրուած էին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ծրագրային առաջնահերթութիւններուն եւ վարչական դրութեան առնչութեամբ: Ան նաեւ զեկուցեց վեհափառին խորհուրդի ընդհանուր գործունէութեան մասին:

Յայտնենք, որ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մաս կը կազմեն շրջանի բոլոր եկեղեցիները: Յիշեալ կառոյցը Միջին Արեւելքի մէջ միակ միջեկեղեցական կառոյցն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին