ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 4 Փետրուար 1941ին, Պէյրութ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Համբարձում Տատուրեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2026ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2026ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave., ապա թաղումը՝ Eternal Valley Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 23287 Sierra Hwy, Newhall, CA 91321։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Սիրարփի (Օհաննէսեան) Տատուրեան
Դուստրերը՝
Սրբուկ եւ Սերժ Զաւզաւաթճեան
Արմիկ Տատուրեան
Շողիկ եւ Հրաչ Թաշճեան (Լիբանան)
Թոռները՝
Հրաչ Զաւզաւաթճեան
Անժելինա եւ Լոռի Տաղլեաններ
Կարօ եւ Անի Թաշճեաններ (Լիբանան)
Քոյրը՝ Ժաքլին Ալաք եւ զաւակը (Թուրքիա)
Քոյրը՝ Մակի Գանըգուրեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Եւ համայն հարազատները եւ բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ, 1901 N. Allen Ave., Altadena, CA 91001։
Այս տխուր առիթով, ԶԱՐԹՕՆՔ իր խորազգաց վշտակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալ ընկերոջ հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի՝ այրիին եւ դուստրերուն:
Ընկեր Տատուրեանին յիշատակը մնայ անթառամ:






