spot_img

Ռամկավար Ընկերներու Մասին՝ Մէկ Դրուագով ԿԱՄ Այնպէ՛ս, Ինչպէս Ճանչցայ Զիրենք – Կերպար Ե.

Յուշեր և Մանրապատումներ

Կերպար Ե.

«Մէկ Հատիկ»՝ Ընկեր Յ. Գ.-ն

Իր անուանակոչութեան օրն էր երբ մտածեցի զանգեմ ընկեր Յ.Գ.-ին որպէսզի շնորհաւորեմ իրեն այդ առիթով: Գիտեմ, որ երեխայի պէս, նման զանգերու սպասողն է: Չզանգողին, ինք կը զանգէ այպանելու, որ ինչու չզանգեց…:

Մեծ ուրախութեամբ պատասխանեց: Խօսեցանք հոսկէ-հոնկէ: Շնորհակալութիւն յայտնեց, որ չմոռցայ իրեն:

Սիրտս կատակ ընել ուզեց, քանի գիտէի, որ այդ օրերուն սեւ կատու մը անցած էր իր, եւ երկար ժամանակի իր միութենական գործընկեր՝ ընկեր Ա.Մ.-ին միջեւ: Եւ քանի, որ վերջինիս տարեդարձը նաեւ կը զուգադիպէր նոյն օրը, ուզեցի չարաճճի կատակով մը հունեն հանել ընկեր Յ.Գ.-ն քանի զինք լաւ ճանչնալով, գիտէի, որ ինչպէ՞ս երեխայի պէս կ՛ուրախանայ փոքր բանէ մը, նոյնպէս ալ երեխայի պէս կը նեղանայ ամէնափոքր բանէն:

Ուրեմն հեռախօսը փակելէ առաջ բարեմաղթութիւններուս շարքը դարձեալ կրկնելէ ետք, որ յանկարծ բան մը չմոռնամ, իրեն կատակով ըսի, թէ ամէն պարագայի այս օրը կրկնակի նշանակելի օր է, քանի նաեւ ընկեր Ա. Մ.-ին տարեդարձին կը զուգադիպի: Սոյն անունը լսելով, իր «օրհնուած» բերանը բացաւ եւ… տուր, որ կու տաս, սկսաւ «օրհնել» ինձ եւ ընկեր Ա.Մ.-ին ինչպէս օրինակ «քեզի ալ …., անոր ալ ….» եւ մասամբ նորին, եւ բարկութեամբ  փակեց հեռախօսը:

Միտքէս խնդացի: 5 վայրկեան չէր անցած, երբ ետ զանգեց ըսելու, որ. «նայէ հելէ, դուն ինչպէ՞ս գիտես, որ Ա.Մ.-ին տարեդարձն է այսօր»: Իբրեւ առաջին հակազդեցութիւն, շատ խնդացի, սակայն յետոյ անդրադարձայ, որ այս մարդուն անուանակոչութեան տօնի հաւաքոյթը քիթէն բերնէն կրնայ գալ երբ, սկսի սեւերուիլ, այն գաղափարին վրայ, որ ես իր «թշնամիին» հետ մտերմիկ յարաբերութեան մէջ եմ, այն աստիճան, որ իր տարեդարձի օրը գիտեմ, եւ գուցէ նաեւ կը պատրաստուիմ անոր հետ նշելու….

Այնուհետեւ երեք ամիս տեւեց կերպով մը բացատրելու ընկեր Յ.Գ.-ին, որ խնդրին մէջ դաւադրութիւն չկայ, այլ՝ ընդամէնը, ֆէյսպուքն էր, որ տուեալ օրուայ առաւօտուն, ինձ յիշեցուցած էր ընկեր Ա.Մ.-ին տարեդարձին մասին:

Երբ վերջապես լիարժէք հասկցաւ ու հանգստացաւ, չմոռցաւ իր «օրհնութենէն» բաժին մըն ալ ֆէյսպուքին հանել, ըսելով. «ֆէյսպուքն ալ ...»:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Յաջորդիւ՝

ԿԵՐՊԱՐ Զ.

«Մեծագործ»՝ Ընկեր Ա.Թ.-ն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին