spot_img

Արեւմտեան Մտայնութիւն Մը Զորս Ամբողջութեամբ Կը Մարմնաւորէ Նախագահ Թրամփը

Պատմական Դասեր, Ինչպէ՛ս Հայաստանի Նաե՛ւ Լիբանանի Իշխանութիւններուն ու Բոլոր Միամիտներուն Համար

Տեսանկիւն

Կ՛ապրինք, ոչ անպայմանօրէն աննախընթաց՝ թշուառ օրեր, որուն գլխաւոր պատճառներէն կը հանդիսանայ մեր տարածաշրջանի երկիրներու իշխանութիւններուն՝ պատմութեան մասին բացարձակ տգիտութիւնը եւ աւելորդ վստահութիւնը արեւմտեան երկիրներու սին խոստումներուն:

Որպէս արեւմտեան երկիրներու լաւագոյն ներկայացուցիչ, օրինակ վերցնենք Միացեալ Նահանգներուն պատմութիւնը իր դաշնակիցներուն հետ, որ իր  տեսակին մէջ ամենավատն է մարդկային արդի պատմութեան մէջ:

Սկսինք Վիեթնամէն: Այնտեղ ընթացող անյաջող մարտերուն ամենաթէժ պահուն, ԱՄՆ-ն յեղաշրջում մը կատարեցին այդ երկրին հանդէպ իր քաղաքականութեան մէջ, յանկարծ որոշելով Վիեթնամէն դուրս բերել իր արիւնաքամ բանակը:  Ամերիկեան բանակի հետ գործակցող Հարաւային Վիեթնամցի  զօրավարներ բարձրանալով ամերիկեան բանակի ուղղաթիռներ  փորձեցին երկրէն փախչիլ: Փախուստի այդ պահուն աշխարհը ականատեսը եղաւ դաժան պատկերի մը. Ամերիկացի զինուորներ այդ զօրավարներուն, իրենց ընտանիքներով հանդերձ դուրս նետեցին իրենց նահանջող ուղղաթիռներէն…:

Ոչ հեռաւոր անցեալին Լիբանանն ալ ունեցաւ նման լքուածութեան պատմութիւն մը:  1958 թուականին, Միացեալ Նահանգներու օրուայ իշխանութիւնը  դրդեց Լիբանանի նախագահ Քամիլ Շամունին միանալ Պաղտատի դաշինքին[1], արաբական աշխարհի ղեկավար ճանչցուած՝ Եգիպտոսի նախագահ Ժամալ Ապտել Նասերի եւ արաբական ազգայնականութեան դէմ ընդհանրապէս: Իրականութեան մէջ, ԱՄՆ-ն Պէյրութ ուղարկեց 5,000-էն 6,000 ամերիկացի հետեւակ զինուոր (մարինզ), որոնք ցուցադրական ցամաքահանում մը կատարեցին Պէյրութի ծովափին վրայ: Անշուշտ Լիբանանի նախագահին կամ այսպէս կոչուած Պաղտատի դաշինքին խումբը, կը հաւատար, որ ասիկա բացարձակ աջակցութիւն էր: Եւ Լիբանանի նախագահին հաւատարիմ կողմը մտաւ յեղափոխութեան ընթացքի մը մէջ: Սակայն ահա յանկարծ ԱՄՆ-ն կը համաձայնէր Ժամալ Ապտել Նասէրի հետ, եւ նախագահ Քամիլ Շամունի յեղափոխութիւնըլքուեցաւ իր անբարունակ ճակատագրին, որուն պատճառով նախագահ Քամիլ Շամունը մեկուսացաւ 10 տարի իր տան մէջ, որուն մասին ԱՄՆ իշխանութիւնները չհարցուցին անգամ: Նմանօրինակ բան պատահեցաւ Լիբանանի նախագահ Ամին Ժմայէլի իշխանութեան օրերուն: Ամերիկեան կամ Իսրայելամէտ Արեւմտեան աշխարհը ընդհանրապէս խրախուսեցին Լիբանանին համաձայնագիր մը կնքել Իսրայէլի հետ, վերջ տալու համար երկու երկիրներու հակամարտութեա:ն Համաձայնագիրը պատմութեան մէ» ծանօթ է 17 Մայիսի համաձայնագիր[2] անունով:

Մետասաներորդ պահուն սակայն,  ամերիկեան կողմը 17 Մայիսի համաձայնագրին զօրակցելէ հրաժարեցաւ: Նախագահ Ժեմայէլը մնաց մինակ, որուն իբրեւ արդիւնք, որոշեց չստորագրել համաձայնագիրը, որմէ ետք անշուշտ Ժեմայէլի վարչակարգի փլուզումը չուշացաւ:

Նմանօրինակ իրավիճակներում շարքը երկար է Աֆղանիստանէն Իրաք եւ այլուր: բան մը, որ բոլորիս ծանօթ է: Հայ ժողովուրդին ծանօթ է նաեւ, թէ «մեծահոգի» ֆրանսան, ինչպէս մէկ գիշերուայ մէջ լքեց Կիլիկիան, իրեն վստահած եւ հոն վերադարձած կիլիկահայութիւնը նետելով թուրք գազանին բերանը:

Նոյնը պատահեցաւ Ֆրանսային հոգատարութեան վստահած ափրիկեան շատ մը պետութիւններուն հետ: Նոյնը կրնայ պատահիլ Արաչական Ծոցի այն երկիրներուն հետ, որոնք ռազմախարիսխներ տրամադրած են ամերիկեան կողմին, եւ որոնք ԱՄՆ-ի Իրանի դէմ շղթայազերծած վերջին օրերու պատերազմին մէջ, ի զուր տեղը Իրանին թշնամութիւնը շահեցան: Ըստ տուաել պահին, անշուշտ նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ, Հայաստանի հարաւը կառուցուելիք այսպէս կոչուած «Թրամփի ուղի»-ին հետ, յուսախաբ թողելով ՔՊ-ի մեր ջահել իշխանաւորները (յիշեցնեմ, որ «ջահել» բառը ունի արաբական ծագում, որ կը նշանակէ տգէտ…):

Եզրակացնելու համար, նշեմ, որ ըստ իս, Ամերիկայի կամ Արեւմուտքի  խնդիրը այն է, որ անոնք աշխարհին կը նային, որպէս բաժնետիրական շուկայ: Եթէ տուեալ բաժնետոմս մը ամսուայ վերջը  իրենց բաւարարաչափ շահ չի նախատեսեր կամ չունի 100%-ի յոյսը հասնելու իրենց կողմէ ցանկացած  արժէքին, անոնք անմիջապէս կը ձեռնարկէն ծախել զայն ազատուելու համար անկէ։ Անոնք ձեռբազատուելով տուեալ անյոյս բաժնետոմսերէն, կ’երթան հաշուարկելու, որ ո՞ւր նոր ներդրում պէտք է կատարեն:

Սա, Արեւմտեան մտայնութիւն մըն է։ Այս մտայնութիւնը գերազանցօրէն մարմնաւորուած է նախագահ Թրամփի կողմէ, որուն վկաներն ենք մենք այսօր:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ


[1]  «Պաղտատի դաշինքը» (ապագային՝ Կեդրոնական դաշնագրի կազմակերպութիւն, կամ CENTO), Մերձաւոր կամ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական դաշինք մըն էր, որ գործած է 1955-1979 թուականներուն։ Ան ստեղծուեցաւ «Պաղ պատերազմի» ժամանակաշրջանին՝ ԱՄՆ-ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ նախաձեռնութեամբ, նպատակ ունենալով սահմանափակել Խորհրդային Միութեան ազդեցութիւնը տուեալ շրջանին մէջ:

[2] 17 Մայիսի համաձայնագիրը կը վերաբերի Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 1983-ին կնքուելիք դաշինքին, որուն նպատակն էր վերջ տալ պատերազմական կացութեան եւ ապահովել իսրայէլեան զօրքերուն դուրսբերումը Լիբանանէն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին