Ազգանուէր Շնորհակալ Նախաձեռնութիւն
ԶԱՐԿ-ը կրթական ծրագիր մըն է, նախատեսուած 10-էն 17 տարեկան պատանիներու համար։ Ծրագիրին հիմքը փորձառութեան վրայ հիմնուած ուսուցումն է, ուր պատանիները իրենց սեփական փորձով ձեռք կը բերեն կեանքի համար կարեւոր հմտութիւններ։
Ծրագիրին նպատակն է ձեւաւորել մարմնապէս զօրաւոր, հոգեպէս կայուն, ազգային եւ համամարդկային արժէքներով առաջնորդուող սերունդ մը՝ նաեւ ապահովելով պատանիներուն պատրաստութիւնը զանազան արտակարգ իրավիճակներու համար։ Այդ նպատակով, պատանիները կը զարգանան մարմնապէս, հոգեպէս եւ արժէքային դաստիարակութեան միջոցով՝ տարիքային յատկութիւններուն համապատասխան մշակուած ծրագրով մը։
Ծրագրի դասանիւթերը կը պարփակեն տեսական եւ գործնական դասեր, ինչպէս՝ Առաջին Օգնութիւն, Լեռնային Պատրաստութիւն, Քարտէսագրութիւն, Ինքնապաշտպանութիւն, Արտակարգ Իրավիճակներ, Գոյատեւում, Ձեռնամարտ, Հոգեբանութիւն, Հայրենագիտութիւն, Հոգեւոր Պատրաստութիւն եւ այլ ուղղութիւններ։
Դասընթացքները կը կազմակերպուին շաբաթական 3 անգամեայ կանոնաւոր մարզումներով, ինչպէս նաեւ հաւաքներով, բանակումներով, արշաւներով, ուխտագնացութիւններով եւ հայրենաճանաչողական այցելութիւններով։
ԶԱՐԿ-ը այս պահուս կը գործէ 16 գիւղերու եւ համայնքներու մէջ՝ ընդգրկելով մօտաւորապէս 600 պատանի եւ ունենալով մօտ 25 գործող խումբեր, որոնց թիւը շարունակաբար կ’աճի։
Հմտութիւններու ուսուցումը կը սկսի ամէնէն պարզէն՝ կողմնացոյցի գործածութիւն, տարհանման գծագրութիւններու ընթերցում, եւ կը հասնի աւելի բարդ հմտութիւններու՝ գետանցում, առաջին օգնութեան ցուցաբերում, հրդեհի մարում, ինքնապաշտպանութիւն եւ այլ կենսական կարողութիւններ։
Ծրագիրին մարզիչները ունին ինչպէս մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւն, նոյնպէս ալ հարուստ գործնական փորձ, անցած են բազմաթիւ տեղական եւ միջազգային վերապատրաստումներ եւ ունին տարբեր տարիքային խումբերու հետ աշխատելու փորձ։
Տարուան ընթացքին կը կազմակերպուին նաեւ մեծ ճամբարային հաւաքներ՝ 7-10 օր տեւողութեամբ, որոնց ընթացքին պատանիները մասնակից կը դառնան եռանդուն գործնական մարզումներու, խմբային խաղերու եւ մրցումներու։
Ճամբարները տեղի կ’ունենան Շիրակի մարզի Սառնաղբիւր գիւղին մէջ գտնուող ԶԱՐԿ Էկոճամբարին մէջ, ուր ապահովուած են անհրաժեշտ բոլոր պայմանները՝ գիշերակաց, ճաշարան, սանհանգոյցներ, բուժկէտ եւ այլ ենթակառոյցներ։ Էկոճամբարը եւս կառուցուած է բազմաթիւ բարերարներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ՝ 2024-2026թթ։
ԶԱՐԿ-ը բարեգործական ծրագիր մըն է եւ կը գործէ ամբողջութեամբ անվճար՝ նպատակ ունենալով մատչելի ըլլալ բոլոր պատանիներուն։ Ծրագրի իրականացումը կ’ապահովուի կրթաթոշակներու միջոցով, ուր ծրագրին աջակցել փափաքող անհատները կամ կազմակերպութիւնները կը ստանձնեն մէկ կամ մի քանի պատանիներու տարեկան կրթաթոշակի պատասխանատուութիւնը, տալով մեզի կարելիութիւն աւելի շատ պատանիներ ներգրաւելու ծրագրին մէջ։ Մէկ պատանիի տարեկան կրթաթոշակը կը կազմէ 250,000 դրամ։
Դիտենք ԶԱՐԿ-ի մասին հետեւեալ կարճ տեսանիւթերը՝






