Երեքշաբթի 15 Ապրիլ 2025-ին Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն (Ակնարկ)» Գիրքին Շնորհանդէսը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք, գիրքին հեղինակ Յովիկ Էօրտեքեանին ելոյթը, Շնորհանդէսին ընթացքին:
Հոգեշնորհ եւ Արժանապատիւ հայրեր,
Յարգելի ներկաներ,
ՀԲԸՄ-Ի մեծ ընտանիքի անդամներ,
Այսօր երեք առիթներ կան ուրախանալու։ Առաջինը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տարեդարձն է, երկրորդը՝ գրքիս շնորհանդէս-գինեձօնն է, իսկ երրորդն ալ Արեւմտահայերէնի ներկայութիւնն է այս սրահէն ներս, որուն համար այնքա՜ն ուրախ եմ։
Մեծանուն Պօղոս Նուպար Փաշան եւ իր լուսամիտ համախոհները Միութիւնը հիմնած են Գահիրէի մէջ, 1906 թուականի Ապրիլ 15-ին։ Այդ օրը զուգադիպած է Զատկի առաջին օրուան։ Հաւանաբար մեր հիմնադիրները, ընտրելով այդ օրը, իրենց միտքին մէջ ունեցած են Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան խորհուրդը, քանի որ վերջին հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին, ամէն անգամ երբ մեր ժողովուրդը ենթարկուած է խաչելութեան, անոր Յարութեան եւ վերածնունդին նուիրուած է այս Միութիւնը։ Ինչպէս Միութեան հիմներգի առաջին քառատողը կ՛ըսէ՝
Աւետի՛ս Հայեր, ալ սուգը մէկդի,
Նոր արեւ ծագեց մեր ազգին վերեւ։
Հայութիւնն ամբողջ կուտայ ձեռք-ձեռքի՝
Հայկական Միութեան դրօշին ներքեւ։
Ահա՛ այս ոգիով ալ Միութիւնը գործած է անցնող 119 տարիներուն՝ Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, միշտ հասնելով հո՛ն, ուր Հայութիւնը պէտք ունի զինք։ Միութեան առաքելութիւնը եղած է եւ կը մնայ հայ ժողովուրդի հզօրացումը՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ 119 տարի ետք, մենք հաւաքուած ենք նշելու կազմակերպութեան տարեդարձը, ինչպէս նաեւ ներկայացնելու գիրք մը, որ կ՛ուրուագծէ Հայաստանի մէջ Միութեան ծաւալած գործունէութիւնը 1991-2021 տարիներուն։
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատմութեան նուիրուած բազմաթիւ գիրքեր, գիտական աշխատութիւններ, պատկերագիրքեր եւ յուշամատեաններ կան, ուր լայնօրէն լուսաբանուած են Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Խորհրդային Հայաստանի տարածքին Միութեան ազգօգուտ հսկայածաւալ գործունէութիւնը։
Խորհրդային Հայաստանի եւ որոշ չափով Հայաստանի հանրապետութեան առաջին տարիներու Միութեան գործունէութիւնը ներկայացուած է երջանկայիշատակ Վարդգէս Համազասպեանի, պատմական գիտութիւններու դոկ.-փրոֆ. Էդուարդ Մելքոնեանի եւ Յարութիւն Գէորգեան-Վահէ Թաշճեան համատեղ խմբագրուած պատմագիրքերուն եւ աշխատութիւններուն մէջ, որոնց լոյս ընծայումէն անցած է գրեթէ երկու տասնամեակ։
Այդ թուականներէն ի վեր Բարեգործականը ոչ միայն շարունակած է իր աւանդական բարեսիրական ծրագիրները Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ զարգացնելով զանոնք, մարդասիրական, կրթական, մշակութային, եկեղեցաշինական, երիտասարդական եւ մանաւանդ ընկերային-տնտեսական բարգաւաճումի լայնածիր ասպարէզներ մուտք գործած է։ Ի վերջոյ, տասնամեակներ շարունակ՝ շէնքեր, կեդրոններ, եկեղեցիներ կառուցելէ ետք, Միութիւնը վերջապէս իր սեփական կեդրոնատեղին ունեցած է հայրենիքի մէջ՝ խորհրդանշելով իր ծանրակշիռ ներկայութիւնը Հայաստանի տարածքին։
Եթէ յետ անկախութեան շրջանի առաջին տասնամեակի գործունէութիւնը մասնակիօրէն լուսաբանուած է վերոյիշեալ աշխատութիւններուն մէջ, բաց մնացած է վերջին քսան տարուան պատմութիւնը, որ միայն սահմանափակ կերպով ներկայացուած է մամուլի թէ որոշ հրատարակութիւններու միջոցով։
Անշուշտ, տակաւին կանուխ է կատարելու Միութեան երեք տասնամեակներու հայրենական գործունէութեան պատմագիտական արժեւորումը եւ գնահատումը։ Վստահ ենք հետագային շնորհալի պատմաբաններ պիտի գրեն համապարփակ պատմութիւնը եւ անդրադառնան համահայկական այս կառոյցին հայաստանեան ծրագիրներուն, գիտականօրէն վերլուծեն, գնահատեն եւ արժանին մատուցեն այդ ազգանպաստ գործունէութեան։
Մեր այս գործը պատմագիտական աշխատութիւն մը մատուցելու, կամ վերջին երեսուն տարիներու ամբողջական պատմութիւնը ներկայացնելու յաւակնութիւն չունի, այլ պարզապէս փորձ մըն է ի մի բերելու, վաւերագրելու եւ թուղթին յանձնելու այդ տարիներու կարեւոր իրադարձութիւնները, իրագործումները, հայրենահայութեան եւ Հայաստանի զօրացումին նպաստող նախաձեռնութիւնները եւ ճգնաժամերու դիմագրաւումի ծրագիրները։
Մենք կը զգայինք նման գործի մը անհրաժեշտութիւնը, որ կրնար իբրեւ սկզբնաղբիւր եւ գրականութիւն, օգտակար ըլլալ ապագայի աւելի ընդարձակ եւ համապարփակ պատմութեան նուիրուած արժէքաւոր եւ ակադեմական հրատարակութեան մը։
Այս գործին պատրաստութեան ընթացքին մեր միութենական պատկանելութիւնը, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարումը Միութեան գրասենեակէն ներս, մեզի համար եղաւ թէ՛ առաւելութիւն, թէ՛ ալ կաշկանդող հանգամանք՝ որոշ երեւոյթներ առաւել առարկայօրէն ներկայացնելու տեսակէտէ, եւ, ի հարկին, քննադատական մօտեցում ցուցաբերելու։ Ամէն պարագայի, մեր դատումներուն եւ դիտումներուն մէջ եղած ենք անկեղծ, վայրկեան իսկ չկասկածելով հայրենիքին ծով կարիքներուն հասնելու եւ Հայաստանը զօրացնելու Միութեան ղեկավարութեան եւ աշխարհատարած անդամակցութեան անսակարկ նուիրումին, հայրենասիրութեան եւ ծառայասիրութեան։
Այդ ծառայութիւնները գիրքին մէջ ներկայացուած են նախապատմութեան բաժնին մէջ՝ աղէտալի երկրաշարժի, Արցախեան ազատամարտի եւ անկախութեան առաջին տարիներու դժուարութիւններու դիմագրաւման ժամանակաշրջանը, յետոյ արդէն յաջորդ տարիները, մինչեւ սուրիահայերու Հայաստան փոխադրութիւնը, քառօրեայ պատերազմը, Քովիտի համաճարակը, եւ, վերջապէս, 44-օրեայ պատերազմն ու Արցախի հայաթափման օրերուն Միութեան ծաւալած մարդասիրական ծրագիրները, որոնք վկայարաններն են Միութեան առաքելութեան։
Օգտուելով արխիւային նիւթերէն, մամուլէն եւ Միութեան հրատարակութիւններէն, փորձած ենք առանձնացնել մեր կարծիքով ամենէն կարեւոր իրադարձութիւնները, իրագործումները, կենսական ծրագիրները եւ գործող անձերը։ Յատկապէս կարեւորած ենք հայրենի հայութեան կենսագործունէութեան վրայ դրական ազդեցութիւն գործած Միութեան թէ անոր անհատ բարերարներուն նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կեանքի կոչուած ծրագիրները․ անդրադարձած ենք նաեւ որոշ չիրագործուած ծրագիրներու եւ վրիպումներու։ Ըստ ուղղութիւններու, ցանկագրած ենք այդ ծրագիրները, նախաձեռնութիւնները, գործընկերութիւնները եւ հրատարակութիւնները։
Այս գործը նաեւ յարգանքի տուրք մըն է բոլոր անոնց, որոնք յանուն հայրենիքի հզօրացման, ոչինչ խնայած են՝ ջանք, եռանդ, նուիրում եւ դրամական միջոցներ, յատկապէս երիտասարդներուն եւ կամաւորներուն, որոնք իրենց կոչումը գտած են ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութիւններուն շնորհիւ։ Գիրքը մեր համատեղ պատմութիւնն է՝ տեսլականի, իրագործուած ծրագիրներու եւ տակաւին իրագործուելիք նոր երազանքներու։ Վստահ ենք, անկախ մեր ազգին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն, միասնութեան, բարեգործութեան եւ տեսլականի ուժը կրնան կեանքեր փոխել մեր իրականութենէն ներս։ Գիրքին մէջ ա՛յս է, որ փորձած եմ արձանագրել։
Այս գործը կը նուիրեմ լուսահոգի մօրս՝ Արմէնուհի Զէյթունցեանի յիշատակին, որ մանուկ տարիքիս, ձեռքէս բռնելով զիս տարած է Հալէպի Բարեգործականի դպրոց եւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ակումբ։
Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Վաչէ Ղազարեանին՝ արժէքաւոր խորհուրդներուն եւ աջակցութեան, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Էդուարդ Մելքոնեանին՝ թելադրութիւններուն, Միութեան Պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեանին եւ Միութեան Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանին՝ քաջալերութեան։ Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ունիմ նաեւ Միութեան «Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան» հիմնադրամին՝ գիրքին հրատարակութեան, ՀԲԸ Միութեան Հայաստանի գրասենեակի նախկին պաշտօնակիցներուս՝ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ ընտանիքիս, որոնք հակառակ որոշ դժուարութիւններու, մի՛շտ աջակից եւ քաջալեր հանդիսացան աշխատանքիս։
Խորապէս շնորհակալ եմ նաեւ Արթուն Համալեանին եւ Զեփիւռ Թամէրեանին՝ հատորը ներկայացնելու համար։ Շնորհակալութեան խօսք ունիմ նաեւ գիրքին էջադրումը եւ ձեւաւորումը կատարած Նուպար Տոլմաճեանին,Ժոզէֆ Տոլմաճեանին եւ «Զանգակ» հրատարակչութեան՝ տպագրութեան համար։
Վերջապէս, խորին շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ ձեռնարկը կազմակերպած ՀԲԸՄ Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատուներուն եւ ձեզի, սիրելի ներկաներ։
Կեցցէ՛ Հայաստանը եւ կեցցէ՛ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը։