Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

«ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ 1920-2020» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով

Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ վերջերս լոյս տեսած է լիբանանահայ վաստակաշատ դերասան, բեմադրիչ և թատրոնի բազմավաստակ գործիչ՝ Յարութ Գնդունիի հեղինակած՝ երկար սպասուած «ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԹԱՏՐՈՆԸ 1920-2020» աշխատասիրութիւնը:

Ստորեւ կը հրատարակենք, նշեալ գիրքին, «Փոխան Յառաջաբանի» վերնագրեալ ներածականը, որուն հեղինակն է հայ գիրքի եւ գիրի նուիրեալ, լիբանանահայ հասարակական գործիչ՝ Վարուժ Թէնպէլեանը:


Լիբանանահայ թատրոնը, հայ դպրոցին եւ մշակութային այլ մարզերու կողքին, կը հանդիսանայ ցեղասպանութենէն վերապրած ու տարագիր հայութեան տոկունութեան, ստեղծագործական ոգիի եւ մշակութապաշտութեան ամենէն խօսուն ցուցանիշներէն մէկը։ 1920-էն 2020 երկարող տարիներու լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան նուիրուած այս հատորը պարզապէս ներկայացումներու եւ բեմադրութիւններու տարեգրութիւն մը չէ, այլ սփիւռքացած կեանքի մարտահրաւէրներուն դիմաց իր մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու՝ հայութեան, այս պարագային լիբանանահայութեան, անսասան յանձնառութեան արտայայտութիւնը։ Այսուհանդերձ, անոր ազդեցութիւնը զգալի է լիբանանահայութենէն շատ անդին՝ վճռորոշ դեր խաղալով նաեւ լիբանանեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ թատրոնի մշակման ու զարգացման մէջ։

Յարութ Գնդունիի այս եզակի աշխատասիրութիւնը կը միտի լիբանանահայ թատերական մէկդարեայ գործունէութեան համապարփակ ուսումնասիրութեան՝ մանրամասնելով ներդրումը իւրաքանչիւր թատերախումբի, բեմադրիչի եւ բազմաթիւ դերասաններու (Գնդունիի իսկ խոստովանութեամբ՝ դերասաններու ամբողջական ցանկագրումն ու անոնց գործունէութեան պատումը կը կարօտի այլ հատորի մը), որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են մշակութային հարուստ աւանդի ստեղծումին։ Յետ-ցեղասպանական կանուխ տարիներէն, երբ թատրոնը կը ծառայէր իբրեւ մշակութային պահպանման եւ համայնքաշինութեան կենսական գործիք մը, մինչեւ արհեստավարժ բեմադրութիւնները, որոնք կը զարդարէին Լիբանանի բեմերը եւ անկէ դուրս, հայկական թատրոնը կը զարգանար իր ներկայացուցած հաւաքականութեան զուգահեռ։ Ընթերցողը պիտի նշմարէ, թէ թատերական այս նախաձեռնութիւնները ինչպէ՞ս կ’առնչուէին եւ կը դրսեւորէին լիբանանահայութեան ընկերային եւ մշակութային զարգացման հոլովոյթը։

Այս գործը նաեւ վերյիշեցում մըն է այն իրողութեան, թէ լիբանանահայ թատրոնը ինչպէս նպաստած է ընդհանուր լիբանանեան թատրոնի ստեղծումին ու զարգացման։ Իրենց յատուկ թեքնիքներով եւ գեղարուեստական տեսլականով, հայ բեմադրիչներ հարստացուցած են լիբանանեան թատրոնը՝ համագործակցելով լիբանանցի արուեստագէտներու հետ։

Մեծ եղած է մշակութային միութիւններու դերը հայկական թատերախումբերու ստեղծումին եւ անոնց զօրավիգ կանգնելու առաքելութեան մէջ՝ տրամադրելով նիւթական ու բարոյական անհրաժեշտ միջոցները, նոյնիսկ՝ թատերասրահները։ Այս Միութիւնները ո’չ միայն ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն նպաստած են անթիւ տաղանդներու յայտնաբերումին, այլեւ երաշխաւորած, որ թատրոնը դառնայ լիբանանահայ մշակութային կեանքի հիմնաքարերէն մէկը։ Սակայն, մեծ եղած է նաեւ անհատական նախաձեռնութիւններու դերը։ Տաղանդաւոր անձեր իրենց ստեղծագործական կիրքն ու տաղանդը եւ սեփական միջոցները ներդրած են այդ հիմնաքարը կանգուն պահելու։ Այս գիրքը նաեւ անոնց մասին է։

Այս աշխատանքին առանձնայատկութիւններէն է սկզբնաղբիւրներու բծախնդիր օգտագործումը։ Հեղինակը հաւաքած ու լայնօրէն ուսումնասիրած է մէկ դարու ընթացքին՝ 1920-2020 տարիներուն հրատարակուած հայկական թերթերը, որոնք հարուստ տեղեկութիւններ կը բովանդակեն թատերական կեանքը կերտած բեմադրիչներու, դերասաններու (նուազ տարողութեամբ) եւ թատերախաղերու մասին։ Այս թերթերը ո’չ միայն կը ներկայացնեն փաստացի տուեալներ, այլեւ՝ հարուստ գնահատականներ, քննադատութիւններ եւ մտորումներ, որոնք կը կենսաւորեն լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը։ Այս աղբիւրներու ընդգրկումը խորք եւ վաւերականութիւն կու տայ այս աշխատասիրութեան։

Բացի թերթերէն, հեղինակը իբրեւ աղբիւր օգտագործած է նաեւ բեմադրիչներու եւ թատերական այլ գործիչներու յուշագրութիւններ, որոնք կը դրսեւորեն այն մարտահրաւէրները, իրագործումներն ու զոհողութիւնները, զորս ապրած են իրենց կեանքը հայ բեմին նուիրաբերած մարդիկ։ Այս յուշերու մէջբերումներուն ընդմէջէն, ընթերցողները աւելի լաւ կրնան ըմբռնել լիբանանահայ թատրոնի սպասարկուներուն ապրած ներքին խռովքը, թռիչքներն ու պայքարը նախ ծառայելու, ապա՝ սատարելու թատերական կեանքի վերելքին։

Այս գիրքին հեղինակը պարզապէս պատմութեան մատենագիր մը չէ. ան նաեւ լիբանանահայ թատրոնի ամենայայտնի դերասաններէն եւ բեմադրիչներէն մէկն է։ Յարութ Գնդունիի փորձառութիւնը եւ թատերական արուեստին մասին անոր ունեցած խոր ըմբռնումը աւելի եւս կը հարստացնեն այս աշխատանքը ու զայն կը դարձնեն հեղինակաւոր։ Անոր ինքնուրոյն մօտեցումը թէ» իբրեւ մասնակից, եւ թէ» իբր դիտորդ, հնարաւորութիւն կը ստեղծէ պատկերացում մը կազմելու գեղարուեստական այն ուղղութիւններուն եւ մշակութային ուժերուն ու շարժումներուն մասին, որոնք ձեւաւորած են լիբանանահայ թատրոնը անցեալ մէկ դարուն։

1960-ականները անկիւնադարձային կ’ըլլան լիբանանահայ թատրոնի պատմութեան մէջ, երբ քանի մը տաղանդաշատ երիտասարդներ կը մեկնին Անգլիա ՝ մասնագիտանալու բեմադրական եւ դերասանական արուեստին մէջ։ Անոնք Լիբանան կը վերադառնան նոր թեքնիքներով ու գաղափարներով, եւ զանոնք ներմուծելով թատերական կեանքին մէջ՝ կը յեղաշրջեն բեմը եւ հայկական սիրողական թատրոնը կը բարձրացնեն արհեստավարժութեան նոր մակարդակներու։ ուրիշներ ալ կը մեկնին հայրենիք նոյն մտասեւեռումով։ Հեղինակը՝ այս շրջադարձային ժամանակի առանցքային դէմքերէն մէկը, ընթերցողներուն կը տրամադրէ ականատեսի իր մեկնաբանութիւնները՝ միշտ մնալով առարկայական ու չափաւոր՝ աւելի խօսեցնելով թերթերն ու յուշագրութիւնները։

Իբրեւ խմբագիր, մեր դերն էր ապահովել ու պահպանել հեղինակին ստեղծագործութեան էութիւնը եւ միայն յստակութեան եւ ճշգրտութեան նպատակով՝ անհրաժեշտ սրբագրութիւններ կատարել։ Միջամտութիւնները եղան նուազագոյնը՝ կեդրոնանալով քերականական վրիպումներու ուղղման, լեզուական միօրինակութեան ստեղծման եւ անհրաժեշտութեան պարագային՝ պարզաբանումներու վրայ։ Հազուադէպօրէն անհրաժեշտ եղան վերստին գրել պարբերութիւններ կամ ճշգրտել մէջբերուած նիւթեր, իսկ երբ միջամտութիւն կը կատարուէր՝ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուէր բովանդակութեան միտքն ու ոգին պահպանելու համար։

Ընթերցելով այս հատորը, դուք ո’չ միայն աւելի մօտէն պիտի ծանօթանանք Լիբանանի մէջ հայ թատրոնի պատմութեան ու զարգացումին, այլեւ պիտի կարենաք գնահատել անոր ունեցած մեծ ազդեցութիւնը մեր հաւաքական կեանքի կազմաւորման ու լիբանանահայ ինքնութեան ձեւաւորման մէջ։ Հոս մէկտեղուած վկայութիւնները, մէջբերումներն ու մտորումները կարելի չէ լոկ արձանագրութիւններ նկատել. անոնք գրուած են յարգանքի տուրք մատուցելու ստեղծագործական արարքի, տոկունութեան եւ յարատեւութեան հարիւրամեակի մը, որ անջնջելի հետք թողած է մեր եւ ընդհանրապէս Լիբանանի մշակութային ժառանգութեան վրայ։

Ներկայացնելով այս աշխատանքը, հեղինակը՝ Յարութ Գնդունի, նաեւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ ու կը մեծարէ այն անհամար անձերը՝ դերասանները, բեմադրիչները, հեղինակները, դիմայարդար ները, բեմայարդարները, բեմավարները, յուշ արարները, առանց մոռանալու հանդիսատեսները, որոնք իրենց նուիրումով եւ բազում զոհողութիւններով կենդանի պահած են հայ թատրոնը Լիբանանի մէջ։

Անոնք իսկական «ենթեր» են, որոնց նուիրումը ու նաեւ անոնց ստեղծագործական տեսիլքը երաշխաւորած են հայ թատրոնի ծաղկումն ու բարգաւաճումը։

Վարձքդ կատար, սիրելի» Յարութ ։

ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին