Ուրբաթ, 25. 04. 2025

spot_img

Բանասէր, Հ.Բ.Ը.Մ. Համացանցային Համալսարանի Հայոց Լեզուի Եւ Գրականութեան Ուսուցչուհի Զեփիւռ Թամէրեանի Ելոյթը՝ Յովիկ Էօրտեքեանի «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն (Ակնարկ)» Գիրքի Շնորհանդէսին

Երեքշաբթի 15 Ապրիլ 2025-ին Երեւանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հ.Բ.Ը.Միութեան Հայրենական Գործունէութիւնը 1991-2021 Տարիներուն (Ակնարկ)» Գիրքին Շնորհանդէսը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք, բանասէր, Հ.Բ.Ը.Մ. Համացանցային Համալսարանի Հայոց Լեզուի եւ Գրականութեան ուսուցչուհի Զեփիւռ Թամէրեանի ելոյթը, արտասանուած այս առիթով.

Բարեւ սիրելի ընկերներ, բարեկամներ եւ ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ,

Մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն է, այսօր՝ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 119-րդ ամեակին ներկայացնել Յովիկ Էօրտեքեանի նոր հրատարակուած գիրքը, որ կը կոչուի «ՀԲԸ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ 1991-2021 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ»:

Փաստերու եւ վկայութիւններու վրայ հիմնուած պատմագրական-վերլուծական այս աշխատասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ’առնէ 1991-էն մինչեւ 2021 Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հայրենանուէր ծառայութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:  Գիրքը ընթերցելով մանրամասն տեղեկութիւն կը ստանանք Միութեան  իրագործած այն ծրագիրներուն մասին, որոնք նպաստած են  Հայաստանի ծաղկման  եւ սփիւռք-հայրենիք կապի խորացման։

Բայց նախքան բուն նիւթին անցնիլը, հեղինակը նպատակայարմար գտած է ամփոփ ներկայացնել Միութեան գործունէութիւնը սկիզբէն, հիմնադրութեան օրէն մինչեւ 1991: Բան մը, որ պատմագրութեան առումով խիստ կարեւոր  է, աւելի քան 100 տարուան միութեան մը պատմութեանը համապարփակ ծանօթանալու համար:

Այստեղ մենք կը տեսնենք Միութեան նախաձեռնած առաջին քայլերը,

վերահասու կը դառնանք Հայոց պատմութեան յարափոփոխ, բեկումնային եւ ճակատագրական ժամանակաշրջաններուն Միութեան ծաւալած տարաբնոյթ գործունէութիւններուն:

Այս իւրայատուկ աշխատասիրութիւնը կը սկսի Միութեան հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպարի հետեւեալ խօսքով, որ որպէս բնաբան ներկայացուած է ընթերցողին.  «Բարեգործականը այն օղակն է, որ իրար կը զօդէ աշխարհի ամէն կողմ ցրուած հայերը եւ զանոնք կը կապէ իրենց հեռաւոր հայրենիքին, որուն ցաւերը եւ պէտքերը պէտք չէ անտարբեր թողու ոեւէ զգայուն եւ գիտակից հայ»:

Որպէս հաստատում, բնաբանէն ետք, ընդհանուր շարադրանքին մէջ, յստակ գիծերով ներկայացուած էՄիութեան համահայկական եւ հայրենանուէր բնոյթը՝  հեռու կուսակցական եւ յարանուանական խտրականութենէ ու տարածքային սահմանումներէ,  որովհետեւ Միութեան բոլոր կառոյցները առաջնորդուած են հիմնադիր նախագահ Պօղոս Նուպարի յիշեալ տեսլականով:

***

Ընթերցելով 30 տարիներու վրայ երկարած Միութեան պանծալի գործունէութեան պատմութիւնը՝ Հայաստանի մէջ,  մենք կը հասկնանք, որ այս գիրքը պարզապէս արխիւային հետազօտութիւն մը չէ, ուր մէկ առ մէկ յիշուած են Միութեան նուաճումները, այլ համահայկական կազմակերպութեան մը առաքելութեան վկայութիւնը. միութիւն մը,  որ հիմնուած է սփիւռքի մէջ, հատելով սահմանները, հասած է Հայաստան,  անկախացումի շեմին կանգնած եւ անկախացումի շրջանի դիմագրաւուած բոլոր մարտահրաւէրներուն նեցուկ կանգնելու միտումով:

Գիրքը ներկայացուած է ժամանակագրական հերթականութեամբ եւ հարուստ է վկայութիւններով եւ արխիւային նիւթերով: Միութեան կատարած բոլոր օժանդակութիւններուն եւ նիւթական յատկացումներուն մասին, որպէս փաստ, տրուած են օրինակներ հանրութեան ներկայացուած հաշուետութիւններէն, տեղեկագիրներէն: Նոյնիսկ կան փաստաթուղթերու պատճէններ, ուր նշուած է նպաստի տեսակը եւ անոր յատկացուած գումարը:

Բնականաբար, այստեղ պիտի չանդրադառնամ, Միութեան նախաձեռնած, կազմակերպած, 30 տարուան ընթացքին   իրագործած գործունէութեան: Գիրքին մէջ այդ բոլորին մասին մանրամասն անդրադարձ կատարուած է: Բայց, խիստ կարճ, պիտի անդրադառնամ առանցքային դեր ունեցող քայլերուն: Այսպէս.

  1. Յատկանշական է ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի  ներկայացուցչութեան հիմնումը:

Լուիզ Մանուկեան Սիմոն, որ Միութեան նախագահ Ալեք Մանուկեանի հրաժարումէն ետք, կը դառնայ Հ․Բ․Ը․Մ․-ի 6-րդ նախագահը, Հայաստան կատարած իր շարունակական այցելութիւններուն ընթացքին, կը ծրագրէր Միութեան մնայուն գրասենեակ մը հաստատել Երեւանի մէջ: Եւ իսկապէս, Միութիւնը  կը ստանայ Ներկայացուցչութեան իրաւավիճակ եւ առ այսօր, անթիւ անհամար ծրագիրներու իրագործման դարբնոցը կը հանդիսանայ:

  • Միութեան հաստատուն համոզումն է, թէ հայ ժողովուրդի գոյերթին մէջ եկեղեցին բացառիկ դերակատարութիւն մը ունի, հետեւաբար պէտք է զօրակցիլ եւ աջակցիլ անոր ազգային եւ հոգեւոր առաքելութեան եւ ծառայութիւններուն։ Եկեղեցանպաստ գործունէութեան անհրաժեշտութեան լաւագոյն վկայութիւնը թերեւս  Միութեան ցկեանս Նախագահ Ալեք Մանուկեանի խօսքն է. «Առանց Հայ եկեղեցիին եւ դպրոցին հայ ժողովուրդը չի կրնար դիմադրել»։
  • Միութիւնը միշտ Արցախի հետ է: Արցախի պատերազմի, ողբերգութիւններու, զրկանքներու, բայց նաեւ յաղթանակներու եւ վերակառուցումի ոգեւորութեան տարիներուն Միութիւնը մի՛շտ գտնուած է Արցախի կողքին, յատկապէս՝ մարդասիրական օգնութիւններով, Արցախի  վերաբնակեցման, Արցախի մշակութային կեանքի աշխուժացման եւ ապահովութեան ուղղուած ծրագիրներով:   

Ծրագիրները անթիւ եւ անհամար են, ո՛ր մէկը թուել, ներկայացնել:

Գիտէ՞ք, գիրքը երբ թերթատէք, Միութեան նախագահներու մտածելակերպերուն եւ կարծիքներուն ծանօթանալու առիթը եւս պիտի ունենաք: Օրինակ, 1992-ին, «Ազգ» օրաթերթը Միութեան նախագահ Լուիզ Մանուկեան Սիմոնին կը հարցնէ,  թէ  ինչո՛ւ Միութեան հայրենական լայնածաւալ ծրագիրներուն մասին պատշաճ քարոզչութիւն չի կատարուիր: Ան հետեւեալ պատասխանը կու տայ.«Այդ գործը դու՛ք պիտի ընէք։ Թէեւ ՀԲԸ Միութիւնը քարոզչութեան պէտք չունի։ ՀԲԸ Միութիւնը քարոզչութեան համար չ՛ըներ, այլ միայն հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար։ Մենք մեր պարտականութիւնները ըրած ենք նախկին կառավարութեան ժամանակ, հիմա ալ կ՛ընենք եւ յաջորդ իշխանութիւններուն ժամանակ ալ պիտի կատարենք։ Պէտք չէ յուզուիլ, որ ՀԲԸ Միութեան անունը չի տրուիր յաճախ։ Ժամանակի ընթացքին ՀԲԸ Միութիւնը իր գործով իր մասին խօսիլ կու տայ։ Մեր ըրածը մեր երկրին համար է եւ ոչ ասոր կամ անոր սիրոյն»։

Կ’ուզեմ ընդգծել, որ աս աշխատութեան մէջ դրական եւ յաջողութեամբ պսակուած գործունէութեան յիշատակումի կողքին յիշուած են նաեւ այնպիսիք, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չիրականացուած կամ կիսատ մնացած են: Այդպիսիներէն է «Կեանքի չկոչուած ծրագիրներ» ենթավերնագիրի տակ ներկայացուած տեղեկութիւնը՝ Հայաստանի երկրագործութեան ասպարէզին նախատեսուած ծրագիրը 1990-ականներուն, որ առաջադրուած է  սնունդի, կաթնեղէնի եւ անասնակերի արդիւնաբերութեան զարգացումը ապահովելու միտումով:

Պատմագրութեան մէջ այս մօտեցումը, իրագործուած ծրագիրներու կողքին չիրագործուածներու կամ չամբողջացածներու մատնանշումը ազնիւ մօտեցում մըն է հեղինակին կողմէ, որ անաչառ մօտեցումով հանրութեան ներկայացուցած է  Միութեան պատմութեան տուեալ ժամանակահատուածը:

Մէկ հատուած մը եւս կայ, որուն կ’ուզեմ անդրադառնալ, հեղինակին գրական ոճին եւ կարողութիւններուն մասին պատկերացում մը փոխանցելու համար: Թոյլ տուէք ընտրաբար կարդալ.

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄ

23 Ապրիլ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով տեղի ունեցող դարադարձիկ ոգեկոչումի ձեռնարկներու ծիրէն ներս Մայր Աթոռ Ս Էջմիածնի Ս Տրդատի Բաց Խորանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Սրբադասումի արարողութիւնը։

… Արարողութեան ընթացքին ուղիղ սփռումով կապ հաստատուեցաւ աշխարհի չորս անկիւնները տարածուած հայ եկեղեցիներու հետ, ուր հաւաքուած էին մեր հայրենակիցները։ Ս Էջմիածնէն մինչեւ հեռաւոր ափերու վրայ գտնուող հայ եկեղեցիներէն ներս միեւնոյն ժամուն հնչեցին եկեղեցական տագնապի գուժկանի 100 զանգերը, խորհրդանշելով 100-ամեակը։ Օտար բազմաթիւ եկեղեցիներ նոյնպէս միացած էին այս արարողութեան։ Մէկ վայրկեան լռութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով եւ «Սուրբ, Սուրբ» ով աւարտած համաշխարհային արարողութեան այս իրադարձութիւնը եւ անոր սփռումի ամբողջ ծախսը հոգաց ՀԲԸ Միութիւնը։

Այն, ինչ հիմա կարդացի, պատմական մէկ պահի փաստի արձանագրո՞ւմ է, Միութեան մէկ նախաձեռնութեան վկայութի՞ւն, թէ՞ հայ ժողովուրդի գոյառման ոյժի ու կամքի գեղարուեստական արտայայտութիւն:

Դուք դատեցէ՛ք:

Իսկ ինծի կը մնայ ըսել, որ այս պատմագրական աշխատութեան մէջ Յովիկ էօրտեքեան կրցած է ստանձնել մատենագիրի դերը, թուղթին յանձնելով փաստացի իրողութիւններ՝ անաչառ մօտեցումով, պարզ գեղեցիկ ոճով եւ … անթերի արեւմտահայերէնով:

Արդէն այս ալ կը սպասէինք Էօրտէքեանէն, Հ․Բ․Ը․Մ․ Հայաստանի ներկայացուցչութեան նախկին փոխ-տնօրէնէն, որ յօդուածներով ու թղթակցութիւններով աշխատակցած է հայրենի եւ սփիւռքահայ թերթերու, եղած է օգնական խմբագիր, խմբագիր, ուսուցիչ, մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական բաժինէն, դպրոցական կրթութիւնը՝ Պէյրութէն, իսկ նախկրթական կրթութիւնը՝ ՀԲԸՄ-ի Լ. Ն.-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանէն, իր ծննդավայր Հալէպէն, մեզմէ շատերուն համար արեւմտահայերէնի օճախը համարուող մայր գաղութէն:

***

Շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ գործին համար:

ՀԲԸՄիութեան 119-րդ ամեակը շնորհաւոր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին