Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

«Կեանքի Գնով Ծառայեց» Եզրոյթին Վառ Օրինակը. Պատերազմական Լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեան Ի Պատուի

Պատիւ Արժանաւորին

… Մահը մերն է, մենք մահինը,
Մարդու գործն է միշտ անմահ։

Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարեդար,
Երնե՜կ նըրան, որ իր գործով
Կ՛ապրի անվերջ, անդադար։

Յովհ. Թումանեան

Ապրիլի 13-ը Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմին վատահամբաւ մեկնարկին օրն է: Վաղը կը լրանայ անոր 50 ամեակը:

Արդարեւ 1975-ի այդ տխուր օրը սկիզբ առած ու 15 երկար տարիներ տեւած եղբայրասպան պատերազմը խլեց տասնեակ հազարաւոր զոհեր, քարուքանդ ըրաւ ծաղկած երկիր մը, յառաջացուց հարիւր հազարաւոր վիրաւորներ, հազարաւոր հաշմանդամներ ու անհետ կորածներ:

Մինչ քաղաքացիները ռմբակոծումի ու ամենուրէք մահ սփռող անմարդկային պայթումներու դաժան օրերը կ՛անցնէին փորձելով ապահով մնալ ապաստանարաններու մէջ, կային հերոսներ, որոնք մահուան ձեռնոց նետելով, եւ իրենց արիւնը իրենց սեփական ձեռքի ափին մէջ պահելով, միւսով շալկած իրեն լուսանկարչութեան գործիքը մահուան ուրուականներով լեցուն վայրերուն մէջ կը վաւերագրէին տխրահռչակ պատերազմը, որուն այսօր նոր սերունդները ծանօթ են այդ մարդոց զոհաբերութեան գինով մեզի հասած այդ լուսանկարներով:

Ազնիւ նախաձեռնութեամբ մը, երէկ` Ուրբաթ 11 Ապրիլ 2025-ին, Լիբանանի  Վարչապետ Նաուաֆ Սալամը և Մշակոյթի նախարար դոկտոր Ղասսան Սալամէն Պէյրութի Ազգային գրադարանին մէջ բացումը կատարեցին Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին յիշատակին նուիրուած լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ վերնագրուած էր «Յիսունը Յիսունով»: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղան  նախարարներ, երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական, քաղաքական և հասարակական մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Ցուցահանդէսը կը ներառէր Լիբանանեան՝ արաբատառ Ալ-Նահար եւ ֆրանսերէն Լորիէն Լէ-ժուր թերթերուն մէջ այդ օրերուն լոյս տեսած, իրենց աշխատակցող Լիբանանցի հերոս լուսանկարիչներուն ոսպնեակով տակաւին ապրող նկարներ, օտարազգի լուսանկարիչ Տոն ՄաքՔալենի գործերը և Ազգային գրադարանին արխիւներէն այդ տխուր օրերուն վերաբերող պարբերականներ:

Ցուցահանդէսի բացումէն առաջ նախարար Սալամէն ելոյթ ունեցաւ, որուն մէջ ան ըսաւ. «Յիսուն տարիներ առաջ մեր երկրին մէջ սկսաւ պատերազմ մը: Մենք կռուեցանք մենք մեր հետ, կռուեցանք ուրիշներուն հետ, ուրիշներ կռուեցան մեր հետ, մենք կռուեցանք ուրիշներուն հետ, ուրիշները կռուեցան ուրիշներուն հետ՝ մեզի հետ, մեր դէմ: Պէտք է եղածը շրջելով բանանք նոր էջ ու նայինք դէպի ապագայ, սակայն մոռնալու իրաւունքը կը համընկնի յիշելու պարտաւորութեան հետ: Յիշելու բոլոր զոհերուն, որոնք այդ օրերուն ինկան եւ բոլոր անոնց, որ անհետ կորած կը համարուին մինչ այսօր»:

Նախարարը յաւելեց. «Մենք նաև պէտք է յիշենք մտածել այն պատճառներուն մասին, որոնք մեզի ստիպեցին պատերազմի, որպէսզի այսուհետև փորձենք հակամարմիններ կառուցել մեր մէջ, նորէն նոյն սխալին մէջ չիյնալու համար»:  

Իր ողջոյնի խօսքին աւարտին, յայտարարեց, որ այսօր պիտի պատուուին պատերազմական լուսանկարիչներու, որոնք յիսուն տարիներ առաջ եւ ընդհանրապէս իրենց կեանքի ընթացքին, որոնց ծանր աշխատանքին արխիւէն նմոյշներ ներկաները ցուցադրուած պիտի կարողանան տեսնել այսօր:

Իր հերթին Վարչապետ Սալամ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որուն մէջ ան յատկապէս ըսաւ. «Մենք այսօր՝ Լիբանանի մէջ պատերազմի բռնկման յիսունամեակի օրը այստեղ կանգնած ենք, ոչ թէ չսպիացած վէրքեր բանալու, այլ յիշելու դասերը, որոնք պէտք չէ մոռացուին, մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ յիշելու այն ցաւն ու աւերուածութիւնը, ինչպէս նաեւ մտաբերելու, որ մեր երկիրը վերապրած է… Լիբանանի գրեթէ իւրաքանչիւր տուն ունի պատմութիւն այդ սարսափելի օրերէն. մահացած հարազատ, որ երբեք չէ թաղուած, առևանգուած մարդ, որ երբեք չէ վերադարձած, կամ հոգիին խորքը արմատաւորուած վախ, որ այդ մութ օրերը կը վերադառնան: … Բայց այսօր մենք այստեղ չենք միայն անցեալը յիշելու, այլ՝ ապագային նայելու համար»:

Վարչապետը նաեւ յիշեց, որ. «Վերջին յիսուն տարիների մեր պատերազմներու արդիւնքները վերանայելով պարզ դարձաւ, որ ոչ ոք չէ յաղթած այս պատերազմին: Բոլոր կողմերն ալ ի վերջոյ պարտուողներ էին, և բոլոր «յաղթանակներ»-ն ալ կեղծ էին»:

Վարչապետ Սալամ իր խօսքը եզրափակեց յայտարարելով, որ. «Այս ամէն բաներուն համար, և որպէսզի այս առիթը ըլլայ անցեալի դասերու մասին մտածելու և աւելի լաւ վաղուայ օրուայ խթան, ես կոչ կ՛ընեմ համապարփակ ազգային լռութեան վայրկեան մը անցնել Երկուշաբթի 13 Ապրիլի  կէսօրուայ  ժամը 12-ին, որուն ընթացքին, հանրապետութեան տարածքին շարժումը կանգ կ՛առնէ ամենուրէք, որպէսզի մենք լիբանանցիներով համախմբուած ըլլանք «Մենք կը յիշենք միասին, եկէք միասին կառուցենք» կարգախոսի ներքոյ։ Թող Աստուած ողորմէ մեր բոլոր նահատակներուն, ամբողջ  Լիբանանի նահատակներուն, և բուժէ այն վէրքերը, որոնք դեռ չեն սպիացած»:

Խօսքերէն ետք յուշանուէրներ յանձնուեցան պատերազմական նկարիչներուն, որոնց շարքին նաեւ հայազգի նշանաւոր լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեանին, որ զոհուած էր իր իր առաքելութիւնը կատարելու պահուն որպէս յետ մահու յարգանքի տուրք: Ճորճ Սեմերճեանի յուշանուէրը Վարչապետին եւ Մշակոյթի Նախարարին ձեռամբ յանձնուեցաւ իրեն սիրելի Հայրը անժամանակ կորսնցուցած հերոսին դուստրերուն՝ Մարիային եւ Սեւանային:

Ցուցահանդէսի բացումէն ետք, տեղի ունեցան նիստեր, ներառեալ վկայութիւններ, քննարկումներ և բանավէճեր անցեալի և ներկայի, ինչպէս նաև այն մասին, թէ ի՞նչ փոխուած է մեր մէջ քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք:  

Այս առիթով, Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեան, որ իր հերթին այսօր կը հանդիսանայ Պէյրութի մեր սիրելի՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին կեանք ու լուսաւոր եռանք բերող արժանաւոր տնօրէնուհին, որ նաեւ յառաջադէմ շրջանաւարտը եղած է մեր վարժարանին, հետեւեալ գրառումը ըրած էր իր Ֆէյսպուքի էջին վրայ.

«Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմի մեկնարկի 50-ամեակին նուիրուած միջոցառումին ընթացքին այսօր  մեծարուեցաւ հայրս՝ Ճորճ Սեմերճեանը, որ իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ կատարած էր գերագոյն զոհողութիւն։

Անոր սխրագործութեան յիշատակն է, որ մեր ընտանիքին ամուր մնալու կարողութիւնը տուած է:  Մինչ անոր  ներկայութիւնը կարօտ է, անոր ոգին ամէն օր կը մնայ մեզի հետ:

Շնորհակալութիւն, հայրիկ, քու քաջութեան, սիրոյդ և յոյսի մեր փարոս ըլլալուդ համար: Դուն յաւերժ մեր  սիրտերուն մէջն ես ❤️»:

*****

Այս առիթով, այստեղ կը վերահրատարակենք Ճորճ Սեմերճեանին կեանքին ու գործին մասին ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մէջ անցեալին լոյս տեսած գրութիւնը.

Լուսանկարիչ Ճորճ Սեմերճեանը 41 տարեկան հասակին զոհուեցաւ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմին վայրագութիւնները նկարելու պահուն:

Ան մահացաւ  3 Փետրուար 1990ին, անոր նախորդող 31 Յունուարին կրակոցի մը անողորմ թիրախը դառնալով:  

Լիբանանին Քաղաքացիական ամբողջ Պատերազմը վաւերագրած Ճորճ Սեմերճեան նշանաւոր լուսանկարիչին մահը, իր տիկնոջ՝ Լուսիա Թորոս Սաթճեան Սեմերճեանին եւ երկու փոքր դուստրերուն՝ Մարիա եւ Սեւանային հետ սգաց Լիբանանի լրագրական ասպարէզի ամբողջ ընտանիքը։ 

Լուսանկարիչի տաղանդը բնածին շնորհ էր իր մօտ, որ ան դրսեւորած է կանուխ հասակէն շուտով հասնելու միջազգային մակարդակի:

Գէորգ Սեմերճեան իսկական անունը վերածուած է Ճորճի իր արաբ տնօրէնին առաջարկով, Լիբանանի կողմէ աւելի հեշտ ընկալումի համար:  Իր գործընկերներուն մէջ Սեմերճեան մեծ յարգանք վայելած է: Ան եղած է Լիբանանի Լուսանկարիչներու Սենտիքայի նախագահ:

Ճորճ Սեմերճեան Լիբանանեան Քաղաքացիական Պատերազը արխիւացուց հոյակապ կերպով: Իր առաքելութեան կատարման համար անհրաժեշտ էր վազել Լիբանանի ճամբաներուն վրայ ինկած դիակներու կողքով: Չնայած ամէն դժուարութեանց ան վաւերագրեց պատերազմը  մինչեւ իր եղերական մահը երբ ինկաւ իր առաքելութիւնը կատարած պահուն: 

Հայազգի լուսանկարիչը խիզախ զինուոր էր: Զէնքի փոխարէն տեսախցիկով եւ իր արուեստագէտի բնազդով անջնջելի վկայութիւններ պարգեւեց Լիբանանի պատմութեան համար։ 

Պատերազմի ընթացքին իր ամենածանօթ լուսանկարն է աւերակներու մէջէն անցնող Հարս ու Փեսայի նկարը, որ դրօշմուած է իւրաքանչիւրիս յիշողութեանը մէջ:

Բիւր յարգանք իր անմեռ յիշատակին:

Ս.Յ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին