Հայկական «Լուռ Ցաւեր»
ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Լիբանանահայ ծանօթ գործիչ եւ մտաւորական՝ Վարդան Թաշճեանի հետեւեալ գրութիւնը լոյս կը սփռէ այն դաժան իրականութեան վրայ, որ Լիբանանահայութիւնը այսօր կը ղեկավարուի միջակութիւններով:
Այս ցաւոտ գրութիւնը այնքան դիպուկ է, որ պիտի ուզէինք առանց վերապահութեան ստորագրել անոր տակ:
Ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք մըն է անշուշտ, որ Լիբանանահայութիւնը, հասկնալի պատճառներով, իր որակական իմաստով նախկինը չէ: Սակայն ղեկավարուելով միջակութիւններով, ենթակայ է աւելի եւս անկումի ու խեղճութեան:
Անկումային իրավիճակի, ինչպէս նաեւ մեծ փաղանգի մը զզուանքին ու անտարբերութեան իբրեւ արդիւնք, նախկին Մեծերուն պատասխանատու դիրքերը «ժառանգած» մարդուկներ, որոնց, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծերը եւ Միւսները» գիրքին հետեւողականութեամբ, անվարան պիտի դասէինք միւսներէն: Այս մարդուկները, իրենց մտային անկարողութեամբ, աւելի եւս կը խեղճացնեն մեր համայնքին մակարդակը, շարունակելու համար «իշխել»… աւերակներու վրայ:
Ամբողջ Սփիւռքին գաղափարական շունչ եւ աւիւն տուած լիբանանահայ համայնքը, այսօր ո՛չ միայն զիջած է իր դերը, այլ կը սնանկանայ ամէն իմաստով, որուն հիմնական պատասխանատուները վերոյիշեալ «միւսներն» են, որոնք իրենց ապիկարութեան, քիչ մըն ալ նեղմտութեան պատճառով ամբողջ համայնքը վերածեցին նպաստընկալ հաւաքականութեան մը, կախեալ՝ իրենց այսպէս կոչուած ղեկավարներուն քմայքէն, որոնք ճակատագրի հեգնանքով ստացած են այդ պաշտօնները իբրեւ վարձատրութիւն իրենց ամէն գործին մէջ ձախողած ըլլալուն «արժանիքով»: Անոնք նոյն «բարեյաջողութեամբ» կը շարունակեն կործանարար իրենց աշխատելաոճը, միշտ մանուկ Փանջունիին նման հաւատալով, որ «կը շինեն կոր»:
Հետեւաբար, հակառակ անոր, որ անակնկալ մը չէր այս մարդոց կողմէն, ներքեւի գրութեան մէջ նշուած ժամանակավրէպ, ինչու չէ նաեւ օթեկ «սնունդի» նման լոզունգի մը որդեգրումը, երբ ճիշտ է ժողովրդային այն իմաստասիրութիւնը, որ կըսէ. «Ձուկը գլխէն կը հոտի» (Ի դէպ վերնագիրը մեր ընտրութիւնն է, որուն պատասխանատուն չէ անշուշտ մեր հետեւեալ գրութեան տէր՝ մեր սիրելի բարեկամը):
Խմբ.
Լիբանանի մէջ հայկական երեք կուսակցութիւններ (ՍԴՀԿ – ՀՅԴ – ՌԱԿ) մամուլով հրաւիրեցին նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 110ամեակը Պէյրութի կեդրոնին մէջ: Գլխաւոր կարգախօսներէն մէկը կըսէ` «քանդենք լռութեան շղթան»: Այս կարգախօսը (կամ անոր բնօրինակը` քանդենք լռութեան պատը) իմաստ մը ունէր 1955-ին, 1965-ին, 1975-ին, 1985-ին, սակայն կը կասկածիմ որ, օրինակ, 1995-ին ու բնականաբար անկէ ետք կրնար պահած ըլլալ որեւէ այժմէականութիւն:
Կարգախօսը յայտնապէս կը վերաբերի Ցեղասպանութեան փաստի ընդունման, համաշխարհային ճանաչման, անոր մասին մարդոց իրազեկուածութեան եւ այլն: Այդ բոլորը, սակայն, եղած են արդէն: 2025-ին, այդ բոլորը կան, գոյութիւն ունին, կարեւոր չափերով: Փաստերը յայտնի են բոլորիս` մինչեւ ԱՄՆ նախագահի յայտարարութիւնը քանի մը տարի առաջ:
Այո, ճանաչումը կրնար աւելի ծաւալուն ըլլալ, սակայն երբեք այնքան նսեմ ու փոքր չէ, որ որեւէ մէկը մտածէ հայ մարդիկը դնել դէմ յանդիման «լռութեան շղթայի» մը, զոր պէտք է քանդել: Գոյութիւն չունի լռութեան շղթայ: Տասնամեակներէ ի վեր օր չ’անցնիր որ ցեղասպանութիւնը այս կամ այն կերպ թեմա չդառնայ զանազան շրջանակներու մէջ (Թուրքիոյ ուրացումը, Իսրայէլի տմարդութիւնը կամ Փաքիստանի մը թշնամութիւնը եղանակ չեն ստեղծեր, ինչպէս կըսեն):
Երեք կուսակցութիւնները Լիբանանի մէջ ունին բազմաթիւ հետեւորդներ: Ունին ազդեցութիւն: Ամէն տեղ, ազդեցութիւնը զօրաւոր կ’ըլլայ յատկապէս պատանիներու եւ երիտասարդներու վրայ, ի բնէ: Նշածս կարգախօսին նման կարգախօսները կը վնասեն մեր երիտասարդներու մտային առողջութիւնը: Այդ կարգախօսները ոչ ներկայի իրականութեան մասին բան մը կըսեն, ոչ ալ ուղենիշ մըն են ապագային համար: Անոնք սուտ կարգախօսներ են, որոնց հեղինակները պէտք է պատժուին, իւրաքանչիւրը` իր կուսակցութեան մէջ: