Երկուշաբթի, 28. 04. 2025

spot_img

Օտեանը Անմահ Է… Ափսոս, Որ Փանջունիներն Ալ

Ակնարկ

«… Հայրը տեսնելով իր զաւկին այս տարօրինակ ընթացքը, յաճախ ակռաները կճրտելով կը պոռար. — Փորձա՛նք պիտի ըլլաս, փորձա՞նք … Խեղճ մարդը կը սխալէր իր լաւատեսութեանը մէջ: Փանջունի փորձանք չպիտի ըլլար, այլ յեղափոխական…»

«Առաքելութիւն մը ի Ծապլվար»-ի մէջ՝ «Կենսագրական Նօթեր Ընկեր Բ. Փանջունիի Մասին» գլուխէն հատուած մը – Երուանդ Օտեան – 1909

Նշեմ, որ ապուշներու դասական տիպարն է Փանջունին: Ան ցեղայատուկ հարազատ գիծեր ունենալով հանդերձ, իր շատ մը կողմերովը կը պատկանի մարդատեսակ ապուշներու մեծ րնտանիքին: Ցնորաստեղծ երեւակայութիւն, սնափառութիւն կամ փառասիրութիւն, իրականութեան զգացումի չգոյութիւն, եւ փորձառութենէ խրատուելու անընդունակութիւն: Ահա գլխաւոր յատկանիշները Օտեանի ժամանակուայ, թէ մերօրեայ համապատասխան մարդուկներուն: Անբուժելի եւ անուղղայ մեր «հերոսներուն»:

Այս տողերը ընթերցողն ու մեծն Սարուխանի համապատասխան երգիծանկարները տեսնողը, եթէ համեմատական գիծեր տեսնէ Օտեանի ընկեր Բ. Փանջունիին եւ մերօրեայ «Գլխաւոր Գերագոյն Փանջունիին» միջեւ ապա յանցանքը իմս չէ…

Օտեանը անմահ է: Ափսոս, որ Փանջունիներն ալ են անմահ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին