Վերջին Նորութիւններ Սուրիայէն
Ըստ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մօտիկ աղբիւրներուն, իրավիճակը այս պահուս (9 Մարտ 2025 կէսօր) տակաւին թէժ է Սուրիոյ հիւսիսի ծովեզերեայ, հիմնականին մէջ Ալաուի բնակչութիւն ունեցող շրջաններուն մէջ, ուր մարդկութեան դէմ ոճիրներ կը գործուին յատկապէս թրքական կողմի նեցուկը վայելող Համզաթ եւ Ամշաթ ծայրայեղական ու հիմնականին մէջ օտարերկրացի վարձկան զինեալներու կողմէ, որոնք ջարդեր կը կազմակերպեն մտնելով Ալաուիներու եւ այլ փոքրամասնութիւններու, ընդ որում Հայերու տուներ (հայր ու որդի Պօղոսներ արդէն իսկ զոհուած են ինչպէս յայտնի է) իրենց « ամբաստանելով իբր թէ նախկին իշխանութիւններու հետ գործակցած ըլլալու մեղադրանքով եւ անոնց հետ տեղւոյն վրայ հաշուեյարդար կը տեսնեն նախ սպաննելով տղամարդիկը (թրքական ծանօթ ոճով), անօգնական եւ խոցելի թողելով կիներն ու անչափահաս երեխաները, յետագային անոնց եւս եւ աւելի հեշտ կերպով ոչնչացնելու միտումով: Ի դէպ նոյն այս խմբաւորումներն են, որ սուրիոյ հիւսիսի քիւրտերուն հետ բախումներ ունեցած են եւ տակաւին կ՛ունենան, միշտ դրդուած թրքական կողմէն:
Այս մէկ կողմէն, միւս կողմէ գաղտնիք չէ նաեւ ալաուիներու կամ նախկին իշխանութիւններու կողմնակիցներուն օրեր առաջ կատարած ըմբոստութեան անյաջող փորձը, ներկայ իշխանութեան դէմ, որուն գինը շատ ծանր կերպով սկսած են վճարել հիմա: Ահաբեկիչները, այս մէկը, որպէս պատճառաբանութիւն կ՛օգտագործեն իրագործելու իրենց արիւնարբու նպատակները:
Սուրիոյ Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններէն՝ Յոյն Ուղղափառ, Սիրիանի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու կրօնապետերը վերջին ժամերուն համատեղ յայտարարութիւն մը ստորագրած են, ուր ի միջի այլոց կը մատնանշուի նաեւ սուրիական ներկայ իշխանութիւններուն ազգային համերաշխութիւն նախաձեռնելու գոյացնելու դանդաղ ընթացքը, որ նաեւ պատճառ է այս բոլորին:
Այս պահուն արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի, մինչ իշխանութիւնները դիտմամբ, թէ այլ անհասկնալի պատճառներով, երեք օրուայ ուշացումով բանակի միաւորներ ուղարկած են դէպքերու վայրը, փորձելու հակակշռել սանձարձակ վիճակը:
Յատկանշական է, որ աշխարհագրական լրիւ հակառակ ուղութեամբ շրջանի մէջ, այս պարագային Սուրիոյ հարաւային շրջաններու Տարաա եւ Սուէյտաա նահանգներու մեծամասնութեամբ Տիւրզի համայնքով բնակուած նահանգին կամ գաւառներուն համացանցի կապը կտրուած է Դամասկոսի հետ: Բան մը, որ կրնայ սոսկ պատահականութենէ վեր եւ անդին, սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող այսօրուայ դէպքերուն կամ յաջորդող օրերու հաւանական դէպքերու հետ ուղղակի կամ անուղղակի կապ ունենալ:
Այս պահուն Սուրիոյ նոյն հիւսիս-արեւմտեան շրջանի Քեսապ Հայաւանը տակաւին զգուշաւոր հանդարտ է, սակայն վտանգը կը մնայ առկայ, քանի այդ շրջանը կը վերահսկուի թրքամէտ Թիւրքմէն զինեալներու կողմէ:
Այս բոլորին ենթահողը
ՎԵրջին տարիներու ամբողջ ընթացքին, սուրիական իշխանութեան դէմ պայքարող բոլոր զինեալ խմբաւորումներն ալ զուգահեռաբար իրար դէմ արիւնալի առճակատումներու մէջ էին, որոնց մէջ իր տեղը ունէր նաեւ անոնցմէ մէկը՝ Սուրիոյ մէջ այսօր իշխանութեան հասած Հայ՛աթ Թահրիր Շամ խմբաւորումը իր ղեկավար՝ Ահմատ Ալ Շարըով հանդերձ: Վերջինիս խմբաւորումը մնացեալ զինեալ խմբաւորումներու անդամ ահագին թիւով գերիներ ունէր Իտլիպի իր շրջաններու բանտերուն մէջ:
Սուրիոյ նախկին իշխանութիւններուն դէմ դէպի Հալէպ եւ Դամասկոս յայտնի վերջին արշաւանքին նախօրէին, Ահմատ Ալ Շարըը փորձեց համախմբել բոլոր նշեալ խմբաւորումները եւ որպէս բարի կամուց պահուածք, ազատ արձակեց իր մօտ պահուող բոլոր գերիները, միասնաբար վերջին հարուածը տալու համար Ասատեան ռեժիմին: Ըստ մեր աղբիւրին, այդ օրերուն եղած է նաեւ ներքին համաձայնութիւն, վերջնական յաղթանակէ ետք «աւարը» բաժնեկցելու նշեալ խմբաւորումներուն միջեւ: Այս պարագային սուրիոյ հիւսիսը բաժին պէտք էր իյնար թրքամէտ խմբաւորումներուն բնականաբար Թուրքիոյ հետ սահմանակցութեան հանգամանքով: Այստեղ տեղին է յիշել, այլ հանգամանք մը եւս, որն է սուրիական իշխանութիւններու թէկուզ ոչ հրատապ օրակարգը՝ մայրաքաղաքա Դամասկոսը փոխարինելու Հալէպով, որ աշխարհագրականօրէն աւելի մօտ է թուրքիոյ եւ Դամասկոսի հետ համեմատած, աւելի հեռու է Իսրայէլէն: Այստեղ կարեւոր է նշել, որ ի ժամանակաւոր բարեբախտութիւն Հալէպի Հայ համայնքին համար, Հալէպը բաժին ինկաւ բնիկ հալէպցի զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք Հալէպին հետ չվերաբերեցան իբրեւ աւար…:
Սուրիոյ վարչակարգին տապալումէն ետք իշխանութեան հասած Շարըը իր խոստումին համաձայն հնարաւորինս իշխանութիւնը սկսաւ բաժնել այդ բոլորին միջեւ, որոնք ամէն պարագայի հակոտնեայ դիրքերու վրայ կը գտնուէին եւ այս է պատճառը, որ ներկայ իշխանութեան մէջ համախոհութիւն չի տիրէր ինչ կը վերաբերի փոքրամասնութիւններու հետ վերաբերմունքի, որ ամէն օր աւելի եւս ջուրին երեսը կ՛ելլէ նման երեւոյթներով:
Սուրիոյ Հայերու ճակատագիրը եւ Հայաստանի Իշխանութիւններու Խօսքէն Գործի Անցնելու Անհաւատալի Չկամութիւնը
Հակառակ առաջին օրերու լաւատեսութիւններու, այսքան հակասութիւններով լեցուն իրավիճակի մէջ մեզի համար պարզ էր, առաջին օրերու խնճոյքներու աւարտին, պիտի գայ պահը, երբ սուրիոյ նորօրեայ փրկիչները իրենց «ազնիւ եւ հանդուրժողական» դիմակները վար պիտի դնեն եւ ցոյց տան իրենց իսկական երեսը: Այս մասին անընդհատ արտայայտուած ենք հնարաւոր բոլոր հարթակներուն վրայ: Հետեւաբար չափազանց վտանգաւոր է սուրիոյ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն, ընդ որում հայերու համար մեծ յոյսեր կապել նոր իշխանութիւններուն վրայ եւ պէտքէ էր օգտուիլ «շնորհուած» խաղաղ օրերէն ծրագրաւորելու համար համակարգուած ելք մը ապագան մշուշոտ այդ երկրէն:
Ի չգոյէ Հայաստանի պետութեան կողմէ ոեւէ լուրջ նախաձեռնութեան, որ ի դէպ բաւականին աշխոյժ է նոյն թրքական կողմին հետ խաղաղութիւն կնքելու անուղեղ կամ դաւադիր սեւտայով, սուրիահայութիւնը իր ազգային հաստատութիւններով հանդերձ կը գտնուի ամբողջական բնաջնջումի ենթակայ, որուն մեղքը հիմնականին մէջ ես այսօ՛ր, այստեղ, պիտի համարձակիմ բարդել Հայաստանի այսօրուայ՝ իր հերթին թրքամէտ իշխանութեան, եւ մասամբ մըն ալ տեղւոյն հայկական կառոյցներուն ու անոնց կրօնական, թէ աշխարհիկ կարճատես ղեկավարներուն վրայ, որոնք ելլելով զուտ անձնական նկատառումներէ կը շարունակեն սին յոյսերով ապրեցնել խեղճ ժողովուրդը: Այստեղ գուցէ տգեղ է, սակայն տեղին է կարծեմ յիշել այն պատկերը, ուր Հալէպի (Բերիոյ Թեմի) առաջնորդարանը, ամիսներ առաջ սեղաններու վրայ դրուած տրցակներով գումարներ իբրեւ օգնութիւն կը բաժնէր տեղւոյն հայութեան, մինչ նման կարողութիւններ եւ պիւտճէ պէտք է միայն յատկացուի համակարգուած տարհանումի վրայ, փրկելու համար անել վիճակի մատնուած մեր հայրենակիցները եւ այնտեղ գտնուող հայկական մշակութային գոնէ շարժական արժէքներն ու արխիւները:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ