ՄԿՐՏԻՉ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ
Սոյն գրութիւնը/գրական վերլուծութիւնը կը պատկանի Հ.Բ.Ը.Մ. – Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան ատենի աշակերտ Մկրտիչ Պուլտուքեանին, որ կը հանդիսանայ 1957-ին իր յանձնած Հայերէն աւարտական թէզը:
Ընթերցելով զայն առիթը ունեցանք մեր կարգին վելուծելու, այն ատենուայ հայկական դպրոցին՝ ի մասնաւորի Հ.Բ.Ը.Մ. – Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին կարեւոր դերը կոփելու լաւ մարդ ու կատարեալ հայորդի: Վստահաբար դերը մեծ էր նաեւ ատենի հայագիտութեան անզուգական ուսուցիչներուն ինչպիսին եղած են Վահէ Վահեանը, Օննիկ Սարգիսեանը, Գերսամ Ահարոնեանը եւ ուրիշներ, որոնք նմանօրինակ խստապահանջութեամբ եւ հայագիտութեան մէջ արհեստավարժութեան հասնող Հայ աշակերտներ դաստիարակելու ու քաջալերելու: Մեզի համար պարզ դարձաւ նաեւ այն տարիներու հայկական դպրոցին լրջութիւնը հայագիտութեան նիւթերու մէջ , ուր ըստ երեւոյթին «Հայերէնի Աւարտական Թէզ» հարկաւոր էր ներկայացնել աւարտելու համար հայկական վարժարանի մէջ ուսումնառութիւնը: Այստեղ, հայագիտական հմտութենէ, վեր եւ անդին շեշտուած է նաեւ ուսումնասէրի մը լուրջ մեթոտաբանութիւնը, որ իւրայատուկ է իր տեսակին մէջ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք դպրոցական աշակերտի մը նմանօրինակ ոճի անգիտութեան ակնկալութիւնը, բան մը, որ երկրորդական վարժարանի աշակերտ՝Պուլտուքեանին պարագային՝ հակառակը կը փաստուի:
Մինչ ներկայիս Լիբանանահայ վարժարաններու, կամ ինչ, որ մնացած է անոնցմէ, տնօրէնութիւնները, ընելիք ունին ի տես վերոյիշեալ շատ կարեւոր երեւոյթին, մեզի կը մնայ հիանալ Մկրտիչ Պուլտուքեանին այնքան կանուխ տարիքէն գրական վերլուծութեան հոյակապ մակարդակին վրայ, եւ բնաւ չզարմանալ ապագային թէկուզ հայագիտութենէ հեռու, կեանքի ասպարէզի մէջ ալ նոյնքան բծախնդիր իր մօտեցումին ու նկարագրի գիծին վրայ, որուն սերմերը դրուած են մեր դպրոցին մէջ: Մեզի համար նորութիւն չէր սոյն գրութենէն ի յայտ եկած Մկրտիչ Պուլտուքեանի քնարերգական ու զգացական ոգին, սակայն նորութիւն էր նկարչական արուեստին հանդէպ իր ունեցած բացառիկ ձիրքը, որ կ՛արտացոլայ իր գործը հանդիսացող՝ Մեծարենցի հետաքրքրական դիմանկարով:
Քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթելով շուտով 89-ամեայ մեծ հայորդիին եւ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի սիրելի բարեկամին ու հաւատարիմ ընթերցողին, ձեր դատին կը յանձնենք իր արդէն 68-ամեայ հնութիւն եղող սոյն գրութիւնը:
Խմբ.
ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ ՏԵՂ
Սփիւռքահայութիւնը երբ ապահոված է իր ֆիզիքական գոյութեան պահպանումը, երբ արաբ եղբայրական եւ ասպնջական ժողովուրդը իր ունեցածէն կը փորձէ բաժին հանել հայուն, երբ սփիւռքահայութիւնը, մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ օրէնքի առջեւ ունի նոյնքան իրաւունքներ որքան արաբ լիբանանցին, կը պահանջուի հայ լիբանանցիէն, որ առաւել եւս հայ մնայ, որ այսպէս կոչուած «ճերմակ ջարդը» չգործէ իր աւերները հայ ժողովուրդին այս խմբաւորումէն ներս ալ։
Ժողովուրդները կրծող այդ աղէտը չի կրնար աւերներ գործել մեր համայնքէն ներս, այնքան ատեն երբ մենք գիտենք բարեկամ մնալ մեզ հիւրընկալող ժողովուրդին, այնքան ատեն որ մենք կրնանք մերը նկատել զիրենք հետաքրքրող հարցերը, կը պայքարինք անոնց կողքին իրենց թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ քաղաքական ազատութեան համար։ Տուեալ երկու հիմնական պայմանները լրացնող ժողովուրդը կրնայ միայն ուռճանալ, զարգանալ եւ մշակոյթ ունենալ։ Բաներ զորս արաբ ժողովուրդը մեզի տուած է հակառակ անոր որ մենք, մեր հարազատ հողին վրայ չենք բնակիր։
Արաբ ազնիւ ժողովուրդը մեզի տուած է առիթ, որպէսզի մեր վարժարանները ունենանք, նաեւ մեր եկեղեցին եւ կազմակերպութիւնները։ Մենք կը պարտինք լաւագոյնս օգտագործել այդ բոլորը, մինչեւ այն օրը, երբ մենք բախտը եւ երջանկութիւնը կ՛ունենանք մեր հայրենիքը մեկնելու։
Սակայն, որպէսզի քայլ պահենք մեր հայրենիքին մէջ բնակող եւ լոյս ապագայ կերտող մեր նոր սերունդին հետ, կը պարտինք իւրացնել մեր մայրենի լեզուն։ Անով մշակուած գրականութիւնը, անով գրուած պատմութիւնը, անհրաժեշտ տարրեր են, որոնք ժողովուրդի մը նկարագիրին ամբողջականութեանը մաս կը կազմեն։
Որպէսզի կարենանք մեր դրական օգուտը քաղել մեզ հիւրընկալող ժողովուրդէն, պէտք է լաւագոյնս ծանօթանանք անոր հոգեբանութեան, մտածելու եղանակին, նման բանի մը մէջ կրնանք յաջողիլ, եթէ սորվինք իրենց լեզուն, կարդանք իրենց գրականութիւնը, ուսումնասիրենք իրենց պատմութիւնը. եւ իրենք առիթը կու տան մեզի որպէսզի նման յառաջադրանքներ իրագործենք։
Կրնանք իրագործել վերոյիշեալը, երբ առաւելագոյն ծանօթութիւնը ունինք մեր մասին, իսկ ծանօթութիւնը չի բաւեր, այնքան ատեն որ զայն չենք դասաւորած։
Ուրեմն, որպէսզի աշակերտներուս միտքին մէջ բիւրեղանայ որոշ հարց մը նախ, ապա որպէսզի նման աշխատանքներու վարժուինք եւ աւելի սիրենք մեր լեզուն, մեր գրականութիւնը, տեսնենք մեր անցեալին ունեցած եւ երեւակայենք ապագային ունենալիք յաւիտենականութեան պատկանող արժէքները, եւ վերջապէս տարիներու մեր աշխատանքը կարեւորութիւն ներկայացնող գործով մը – ըլլայ ան շատ համեստ – պսակուի վարժարանի ծրագիրին մրցանակը՝ «Աւարտական թէզի ծրագիրը»։ Ծրագիր մը, որ դժբախտաբար միայն մէկ հայկական երկրորդական վարժարանէ ներս գոյութիւն ունի, հակառակ բազմաթիւ ուրիշ հայկական երկրորդական հաստատութիւններու գոյութեան, աւելի՛ն. անկարեւոր կը նկատեն որոշ դասարանէ ետք «Հայ ժողովուրդի պատմութեան» կամ «Հայերէն լեզուին» դասաւանդումը։
Այն ինչ որ փորձած եմ ներկայացնել, արդիւնք է որոշ աշխատանքի, թէ որքան յաջողած եմ, ուրիշներու կարծիքը լաւագոյն պատասխանը կրնայ ըլլալ։
Մ. Յ. ՊՈՒԼՏՈՒԳԵԱՆ
II. ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ ԺԱՄԱՆԱԿԸ
ա) Կեանքը.-
Միսաք Մեծարենցը (Մեծատուրեան) ծնած Ակնի Բինկեան գիւղը, 1886 թուականին։ Վեց տարեկանին կ՛ուղարկուի տեղւոյն Մեսրոպեան նախակրթարանը։ Երկու տարի ետք, ծնողքին հետ կը մեկնի Սեբաստիա, եւ հոն կը յաճախէ Արամեան վարժարանը։ 1896-1901 թթ. կ՛ուսանի Մարզուանի «Անատոլիա» կոչուած երկրորդական վարժարանին մէջ։ 1901 թուականի ամառը, դպրոցական արձակուրդի շրջանին, կը վերադառնայ Սեբաստիա, ուր կը մնայ շուրջ մէկ ու կէս տարի եւ հոն կը կատարէ իր գրական առաջին փորձերը։ Հոս երեւան կու գան թոքախտի նախանշանները. 1902-ին կը մեկնի հօրը քով Պոլիս, ուր կը յաճախէ Կեդրոնական վարժարան, մինչեւ 1905 թուականը։ Ուսումը կ՛ընդհատի թոքախտի սաստկացման պատճառով։
Պոլիսի քաղքենի կեանքը չի հրապուրեր Մեծարենցը, Մեծարենց կ՛երազէր վերադառնալ գիւղ՝ Բինկեան, սակայն իր երազը կը մնայ երազ։ Մեծարենց կ՛ուզէր լսել իր ծննդավայրի երգերն ու ժողովրդական աւանդութիւնները, կ՛ուզէր տեսնել հայրենի բնութիւնը, բաներ, զորս մանկութենէն կը սիրէր, հիւանդութիւնը տակաւ կը սաստկանար եւ կ՛առաջնորդէր նոր հանգրուան մը, որու հետ վաղուց հաշտուած էր սակայն։
Մեծարենց իր աչքերը կը փակէ Պոլիսի Հէրպէլի արուարձանին մէջ, 1908-ի Յուլիս 4-ին, 22 տարեկանին։ Մեծարենց իր գրական փորձերուն կը սկսի 15 տարեկանին (1901), սակայն որոշ ժամանակ մը անոնք չեն հրատարակուիր։ 1903-էն սկսեալ, իր բանաստեղծութիւնները լոյս կը տեսնեն ժամանակի պարբերականներուն մէջ։
Գրական իր երախայրիքը կ՛ըլլայ «Ծիածանը», որ կը հրատարակուի 1907-ի գարնան. այս հատորը կը պարունակէ 1903-էն 1907-ի միջոցին գրուած բանաստեղծութիւնները, իսկ նոյն թուի աշնան լոյս կը տեսնէ «Նոր տաղեր»ը։
Իր մահէն ետք, պարբերականներու մէջ կը հրատարակուին 1907-8ի միջոցին գրուած բանաստեղծութիւնները։ Մեծարենցի գործերուն ամբողջութիւնը՝ բանաստեղծութիւնը եւ արձակը միասին, հրատարակուած է Սովետական Հայաստանի մէջ, «Երկերի լիակատար ժողովածու» խորագիրով։
բ) Ժամանակը.-
Մեծարենցի գիտակցական կեանքը եւ գրական գործունէութիւնը կը զուգադիպի թրքական կիսասատապետական կարգերու քայքայումին եւ երկրէն ներս տակաւ սաստկացող պետական հալածանքներու շրջանին։ Իր բանաստեղծութիւնը պահպանելու ձգտումով, Սուլթան Համիտ կը ճնշէր այն բոլոր շարժումներն ու արտայայտութիւնները, որոնք կրնային իրեն դէմ ուղղուած ըլլալ։
Երկրէն ներս գոյութիւն ունէր ոստիկանական սանձարձակութիւն եւ կազմակերպուած էին ջարդեր։
Սուլթան Համիտ արեան մէջ խեղդեց հայ ժողովուրդին ազգային ազատագրութեան պայքարը։ Դեռ 1865-ին կազմակերպուած էին Արեւմտահայաստանի ջարդերը։
Քաղաքացիական կեանքը սարսափով լեցնող այդ մթնոլորտը, անպայմանօրէն իր անդրադարձը կ՛ունենար մշակոյթի կալուածէն ներս ալ։
Մշակոյթի եւ գրականութեան զարգացման սանձը կը գտնուէր սուլթանական վայրագ ու խելագար գրաքննութեան ձեռքին մէջ. գրաքննութիւն, որ կ՛արգիլէր շարունակելի ձգել յօդուածները, գրաքննութիւն, որ կ՛արգիլէր «Օգոստոս» բառին գործածութիւնը։ Պէտք չկայ խօսելու «հայրենիք, մայր, եղբայր» եւ այս շարքի պատկանող բառերու մասին։
Սակայն, մեր գրագէտներն ու բանաստեղծները չէին կորսնցուցած իրենց հոգեկան եւ մտաւորական կորովը, այսպէս` Սիամանթոն, Վարուժանը, Ռ. Սեւակը, Թէքէեանը, Մեծարենցը կը գտնեն նոր մոթիֆներ երգելու. ան ըլլայ բնութիւնը, մարդկային զգացումները։ Վերջապէս այն բոլորը, որոնք կը կազմեն մտաւորականի մը վսեմութիւնը։
Ներքին եւ արտաքին այս դժնդակ պայմաններուն տակ Մեծարենց երգած է հայ գիւղը, հայ բնութիւնը, հայկական սովորութիւնները, այն բոլորը, որոնք հայ նկարագիրին ընդհանուր գիծերը ցոյց կու տան։
Իր քնարական շունչով` Մեծարենց երգած է տոհմիկը, այն որ հարազատ է հայ հոգիին, եւ այս բանին մէջ կը կայանայ արդէն Մեծարենցի մեծութիւնը։
III.- ՏՈՀՄԻԿԸ` ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ.-
Գրականութեան մէջ տոհմիկը ի յայտ կու գայ, երբ տուեալ գրական գործը իր մէջ կը պարունակէ հայրենականին կողքին, նաեւ մասնաւորը։
Գրական յաջող գործ մը, ընդհանուր կերպով խօսելով թարգմանիչն է տուեալ ժամանակի մը ընկերութեան աշխարհահայեացքին։
Սակայն, մի՛շտ ալ չենք հանդիպիր գրական ստեղծագործութիւններու, որոնք եղած ըլլան համամարդկային յուզումներու, մտածողութեան արտայայտիչը, այլ կը հանդիպինք գրական երկի մը, որուն մէջ նիւթ դարձած է ժողովուրդի մը պատմութիւնը, աւանդութիւնները, երգերը, եւ այդ տուեալ հողին վրայ ապրող մարդուն կեանքն ու մտածումը, որ ինքնուրոյն է, կը պատկանի միայն տուեալ երկրի մարդուն, որ սակայն կրնայ հասարակաց գիծեր ունենալ տարբեր աշխարհագրական պայմաններու տակ ապրող ժողովուրդի մը հետ, անոր կեանքին զանազան երեւոյթներուն մէջ։
Ուրեմն, այն որ որպէս տոհմիկ կը ներկայանայ մեզի հայ գրականութեան մէջ, կը պատկանի հայ ժողովուրդի կեանքին զանազան երեւոյթներուն։ Տոհմիկը հայ գրականութենէն ներս պիտի ըլլար եւ է, այն որ կը պատկանի հայրենի հողին, բնութեան, կենցաղին, հայրենի հողին կը պատկանին հայ շինականը, եւ այն բոլոր յարաբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին անշունչին եւ շնչաւորին միջեւ։
Հայ գրականութենէն ներս` տոհմիկին մաս կը կազմէ հայրենի բնութեան մէջ հայկական ձմեռը եւ միւս եղանակները, որոնք միայն աշխարհագրական այդ վայրին մէջ ունին իրենց յատուկ նկարագիրը։
Եւ վերջապէս տոհմիկ է այն միջավայրը հեղինակի մը համար, որ ան ծնած է, ապրած է եւ ունի հոգեկան կապեր։ Ու Մեծարենց ապրած է մեր հայրենի բնութիւնը իր զանազան երանգներուն մէջ։
IV.- ՏՈՀՄԻԿԸ ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ ՔՆԱՐԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ։
Միսաք Մեծարենց այն քնարերգակ բանաստեղծն է, որ իր քնարականութիւնը ժառանգած է բնութենէն իսկ, եւ իր կեանքին մանրամասնութիւնները կը հաստատեն ըսուածը։ Երեւակայել մանչուկ մը, որ ամբողջ տարիներ երեկոյեան, գիւղին ծայրը կանգնած կը դիտէ նախիրը, որ գիւղ կը դառնայ, արեւը` որ կը կորսուի եւ այն հեշտութիւնը, զոր կը բերէ հովիւին սրինգը։ Արդէն ունինք այն տարրերը, որոնք պիտի կազմաւորէին բանաստեղծ Մեծարենցը։
Որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն չափով ըմբռնել Մեծարենցի բանաստեղծութիւններուն մէջ տոհմիկ տարրը, պէտք է բանաստեղծութիւնները ենթարկել որոշ դասաւորումի։
ա) Հայրենի բնութիւնը.
բ) Հայկական գիւղը իր գործերուն մէջ.
գ) Հայ գեղջուկին պապենական սովորութիւնները։
Իսկական հայը միայն կրնայ ըմբռնել հայրենիքի իմաստը իր ամբողջութեանը մէջ։ Մեծարենց այն հարազատ անձնաւորութիւնն է, որ առաւելագոյն չափով սիրած եւ ապրած է իր հայրենիքը։
ա) Հայրենի բնութիւնը.
……………………………………..
Արեւելքի գիշեր մը ջինջ
շափիւղազարդ երկինքով,
ուր հեշտութիւն է ամէն ինչ,
ամէն իր լի բուրմունքով։
Ծառաստուերին տակ սխրալի
Բուներուն մօտ ու հեռու,
ջինջ հեղեղը կը թաւալի
արծաթացօղ լոյսերու։
«Ցայգանուագ»
Մեծարենց արդէն իր հարազատ հայրենիքին մէջ կը գտնուի։ Կ՛երգէ իր հայրենիքին գիշերը, որ այնքան պայծառ է, ուր կը տիրէ հանդարտութիւնը, ուր ամէն ինչ լեցուն է բուրմունքով։ Մեծարենցի գիշերը սակայն կ՛անցնի արագ, եւ ահա արեւն է, որ պիտի ծագի, արեւը` որ անորոշ է տակաւին, լոյսը` որ պիտի իջնէ արծաթացօղ է։
Արծաթացօղ լոյսին մէջէն Մեծարենց մեզի ցոյց կու տայ իրականութիւն մը, տունն է այդ։ Ու ապա վերադառնալով բնութեան, մեզի կը ներկայացնէ վիթխարի լեռները։
Համատարած անդորրութեան մը մէջէն,
Կիսաթափանց մըշուշներուն մէջ հալած
ուրուագիծը տուներու՝
որոնց լայնաքթիթ պատուհաններէն
Կը ժայթքեն
Լոյսի ցայտքեր՝ տարփագին ծաղիկներուն պըլլըուած։
ապա`
Ու դեռ հեռուն,
Քաղաքէն ու բացավայրէն ալ անդին,
Կ՛ընդնշմարեմ արտեւանները ցըցուն,
մանիշակէ լեռներուն
մարմաշի մէջ պլլըուած հսկայ հարսեր հեշտամոլ` «Ցայգալոյս»
Սակայն Մեծարենցի հոգին մեզի չըսաւ ամբողջը. եւ «Ցայգային»-ի մէջ կը շարունակէ
Լուսնի մահիկն երբ
սանդուխներու վրայ
մեղմով կը տեղայ
լոյծ, անձրեւակերպ
սահանքն ի լոյսին. «Ցայգալոյս»
Այսպէս, լուսնի լոյսով պայծառացած է իր գիշերը, եւ այս անգամ Մեծարենց մեզի կու տայ`
Ցայգն է պայծառ անհունօրէն
Ցոլցըլանքովն իր խոլապար.
օդանոյշներ` որ մեղմաբար
քնքշանքով զիս կը պարուրեն:
ու տակաւ կը բացուի Մեծարենցի արշալոյսը.
Պիտի անցնի՜մ ես Անհունին
յաւերժալուռ երկինքներէն,
մինչեւ յոյզերս ամէն թոշնին`
ու ես երկիր դառնամ նորէն:
Մեծարենց կը դառնայ երկիր, կ՛ողջունէ առաւօտը, «Առտուան արեւին մէջ»
Ահա՜, կ՛անցնի ցայգս անքուն,
մութին ծածքը կը մաշի
եւ առտուան հետ մեզի կը ներկայացնէ սայլն ու մշակը, լիճն ու ցորենի դաշտը, որոնք պարուրած են «հաշիշի» ազդեցութիւն գործող հայրենի «հովիկով». այսպէս`
Լիճը բոսոր հարսնուկի,
ցորենի ծովը կանաչ,
կը հծծին տաղն անճանաչ
մըտերմասաց շըշուկի:
Բայց Մեծարենց չերգեր միայն հայրենքի առաւօտը,այլ կ՛ուզէ որ ինք ըլլայ այն, եւ որպէս ապրող գիտակից էակ, բան մը որ կը պակսի արեւին, տայ այն բոլոր մթին անկիւններուն, զորս արեւը մոռցեր էր։ «Առտուն» բանաստեղծութեան մէջ Մեծարենցը կը մարմնացնէ մարդկութիւնը, որ սակայն յատուկ է իր հայրենքի բնութեան.
Սա առտուն ես ըլլայի,
Թոյր ու ճառագայթ հոսելու համար
Խոռոչներու մէջ մըթին, ամայի:
Լուսաժպիտ մոմեր վառելու համար
Սեղանին վրայ հոգիներուն վշտահար,
Սա առտո՜ւն ես ըլլայի:
ապա՝ իր գերագոյն բաղձանքը՝
Ա՜հ, սա առտո՜ւն ըլլայի ես:
Մեծարենց կ՛ապրի եւ հայրենիքի ցերեկը, այն ժամանակը երբ բնութեան մէջ լոյսի զօրութեամբ ամէն իր կը յտսկանայ եւ մեզի կ՛երեւայ այնպէս ինչպէս որ է։ «Վայրի ծաղիկին» կողքին մենք կը տեսնենք «Ջրտուք»ը խանդավառ։
Հո՜յ, հո՜յ, գետը կը թըռչէ ցայգուն քամակն արծաթուած,
Իր յորձքին մէջ ծեծելով անդուլ խարակն ու խութեր,
Հո՜յ, հոյ, առուն յորդառատ դալարին ծոցն է նետուեր
Գաղջ տարփանքովն իր ջուրին՝ որ արեւը կ՛ապրի դեռ։
Խանդավառ այս բնութիւնը դարձեալ պիտի հանգչի, իսկ առաջին հանգրուանը դէպի հանգստարան իրիկունն է.
…………………………………………..
Պերճ ցոլք մ՛արեւին կը գըգուէ անոյշ
փաթիայանքներով ծաղիկն իրիկուն։
ապա՝
Ու մէկը չ՛ըսեր անոնց «իրիկուն
պիտի ընէ ձեր գըգուանքին վրան»
կ՛անհետի ցոլքը մութին մէջ, նկուն,
ու կը թարշամի ծաղիկն հոտեւան։
Սակայն իրիկունը ունի նաեւ իր պահերը, ու Մեծարենց կու տայ մեզի այդ բոլորը։
Կ՛ալեկոծին տարփոտ ձայներուն իրիկուան,
յորձանքին մէջ հոգնակոհակ հովերուն.
անրջածուփ, նըւաղ բոյրերն իրերուն
վերջնալոյսին մէջ ոսկեզօծ՝ կը հեւան։
ապա՝
Աղմըկահար սույլն ու արշաւն հովերուն,
հծծիւնները ծաղիկներուն խատուտիկ,
բարտիներու խարշափն ու ծափն հանդարտիկ,
Եւ համերգը խանդոտ գետին մոլորուն։
Ու գիշերը կու գայ եւ կը ծածկէ ամէն տեսանելի եւ անտեսանելի իր.
Ու կը բացուի փալփլուն՝ գիշերն երջանիկ,
արձագանգներ կը խաղան դեր հոս ու հոն,
քերթուած մըն է ցայգն համօրէն, ջինջ գեղօն՝
որ կ՛երփներգէ ծափ ու ծիծաղ ու ծաղիկ։
Բնութեան այս բոլոր պահերը լեցուն են ապրող էակներով. անոնց կատարած գործով. այդ էակները հայ մշակներն են։
Բ) Հայկական գիւղը։
Մեծարենց վեց տարի (1902-1908) ապրեցաւ Պոլիսի մէջ, կտրուած իր սիրած գիւղէն։ Սակայն այդ բաժանումը չէր իրագործուած Մեծարենցի հոգիէն ներս. ան իր երեւակայութեամբ, զգացումներով կ՛ապրէր գիւղական կեանքը։
Գիւղին նուիրուած երգերուն մէջ Մեծարենցի կարեւոր տեղ կու տայ «հէգ մշակին»։ «Ջրտուքը», հայ մշակին աշխատանքը մարմնաւորող երգն է. աւելի՛ն՝ առանց մշակին հոգածու ձեռքերուն ան աւելորդ կը գտնէ դաշտին վրայ կատարուելիք աշխատանքը.
Թումբերն անդուլ կը բացուին, ջուրն անդադար կ՛որոգէ Վարդենիքը, թղթապանն եւ ածուները բոլոր.
Բահի երկու հարուածով նայիս առուն կը թեքէ օձաճապուկ ձեռքերով հեղուկ իրանն իր ոլոր։
Ջուրն անընդմէջ կը հոսի, ածուները կը լենան, ու, դարձուցէ՛ք, կը կանչէ ծեր մը մութին ընդմէջէն. խիճերուն ու սիկին մէջ, բահերը՝ խո՜ւլ կը հնչեն, ու, դարձուցէ՛ք, դարձուցէ՛ք, կը կոչէ ձայնն անխափան։
Ահա հայ մշակը, իր ամէնէն սրբազան աշխատանքին ընթացքին։ Աշխատանք՝ որուն կը յաջորդէ հայ մշակին դարաւոր ասպնջականութիւնը։ «Հիւղը» բանաստեղծութեան մէջ մարմնաւորուած է իտէալ հայ գիւղացին, որ ունենալով տնտեսական որոշ ապահովութիւն, կ՛ուզէ տալ ամէնուն իր բարիքներէն։ Սակայն հոս է որ Մեծարենց մտած է հակասութեան մէջ։ Հակառակ անոր որ առողջ են իր գաղափարները, սակայն անոնք ճիշդ չեն Մեծարենցի ժամանակին համար։ Ատիկա այն ժամանակն է, երբ հայ մշակը իր արեան ու պատիւին գինով միայն կ՛ապրէր փաշային եւ վաշխառուին թաթերուն տակ։ Սակայն որպէս քնարականութիւն, իտէալ մտածում, զայն եզական կարելի է համարել – կը կարծեմ – մեր գրականութեան մէջ.
այսպէս՝
Ու գրգանքիս կանչէի
ուղեւորներ պարտասուն,
ու բարեւի մը փոխան
հազար բարիք ես տայի։
Հազար բարիք ես տայի,
գոլը կրակին ճարճատուն
կութքը բերրի դաշտերուն,
բոլոր միրգերն աշունի,
ու մեղր, ու կաթ, ու գինի…
«Պարտասուն՝ ուղեւորին, Մեծարենց կու տայ ոչ միայն ֆիզիքական հանգիստ, այլ կորով, իր անհաշիւ սիրով, հոգիի խաղաղութեամբ եւ ուրախութեամբ։
Եւ այս է հայ իտէալ գեղջուկը, զոր կ՛ուզէ ներկայացնել մեզի Մեծարենց։
Սակայն Մեծարենց տեսած է նաեւ հայ գիւղէն ներս գործուած կորուստը. մահը երիտասարդին քայքայում հայրենական օճախին։
Գիւղին արեւը կը հատնի լուին
նեղ արահետին, մօտէն բըլուրին,
Կապոյտ-դարն ի վեր դագաղ կը տանին.
հոն կը նիրհէ խոր՝ դժբախտաբար պատանին,
ճերմակով հագուած անդարձ ուղեւոր։
Արդէն ունինք պատկեր մը քստմնեցուցիչ, պատկեր մը, որ դուրս կու գայ գիւղի ամբողջական տեսարանէն. ամբողջ գիւղը կը հետեւի այդ դագաղին.
Ճերմակով հագուած անդա՜րձ ուղեւոր,
կը թողու հայր մ՛ու մայր մը սըգաւոր.
սեւ օճախի մը մէկ հատիկ բոցն ալ`
ցուրտ հովէն փչուած պիտի չըշողա՜ ալ.
Խրճիթն ալ պիտի մըխայ օրէ օր:
Ու մոխրանալ է վերջին հաշուով ճակատագիրը գեղջուկ այդ ընտանիքին։ Մեծարենց սիրած է հայ գիւղը եւ գեղջուկը։
Մեծարենց կը յորդորէ հայ գիւղացիին իր բանաստեղծութիւններու մէջ գտնել այն մխիթարութիւնը, որուն ան պէտք ունի։ Ճիշդ է, Մեծարենց տուած է ջուրը, տուած է մխիթարական խօսքեր, սակայն ամէնէն անհրաժեշտը՝ լուծում հայ գիւղացիին դժբախտութեան, կամ բացատրութիւն այդ դժբախտութեան մասին կը պակսին։ Այս բոլորին կողքին սակայն, Մեծարենց ունի անվիճելի սէր հանդէպ հայ գիւղին եւ հայ մշակին։ Այդ սէրը կու գայ հայ ժողովուրդի պատմութենէն ու աւանդութիւններէն, որոնց լաւ ծանօթ էր Մեծարենց։
Գ) Հայ գեղջուկին պապենական սովորութիւնները։
Գիւղին եւ գիւղացիին նուիրուած երգերը նկատի առնելով՝ իրեն ժամանակակից քննադատներէն մէկ քանին Մեծարենցը կը նկատեն «գաւառացի բանաստեղծ»։
Նոյնիսկ Մեծարենցի հակառակորդները, երբ զինք կը քննադատէին, կը խոստովանէին թէ Մեծարենց «գաւառացիի կատարեալ աւիշը ունի»։ Ասով անոնք կ՛ակնարկէին իր բանաստեղծութիւններուն մէջ գտնուող ժողովրդական, տոհմային երանգին։ Եւ իրաւ ալ ժողովրդական երգերու եւ աւանդութիւններու առկայութիւնը իրապէս ակնառու է Մեծարենցի բանաստեղծութիւններուն մէջ։
Նոյնիսկ իր առաջին բանաստեղծութիւններէն մէկուն նիւթ դարձուցած այն առածը թէ, մարմնի վէրքը կը բուժուի, բայց սիրտինը ոչ.
Մարմնի վէրքը` արտաբացուած դանակէ`
Ի՜նչ արցունքներ դառնակայլակ կը քամէ,
Ի՜նչ յուզումով ու տխրութեամբ համակէ
Մարմնի վէրքը` արտաբացուած դանակէ:
………………………………………………….
Սրտի վէրքը մինչ գերեզմանն երկարած
Ուղի մ՛ունի, արցունքներու զերթ մէկ ուղխ,
Սպեղանին անոր երկինքն է պահուած:
Հասարակ տեղիք դարձած ժողովրդական բացատրութիւններ Մեծարենցի մօտ կը ստանան արժէք. այսպէս «անցուկը մոռցուկ կ՛ըլլայ», իսկ Մեծարենցը զայն արդէն բանաստեղծութեան վերածած է՝
«Անցնելով նա մոռցանք կ՛ըլլայ շատ կանուխ»։
Մեծարենց երգած է նաեւ սէրը։ Ժողովրդական երգերու ազդեցութիւնը զգալի է իր վրայ։ Իր սէրը պատանեկան է, անրջային ու պարզ, եւ իր ոգիով մեզի կը յիշեցնէ ժողովրդական սիրերգները։
Երբ կը մեկնիմ ես քու քովէդ,
կ՛ըլլամ շիկնոտ ու թռվռուն՝
ինչպէս կ՛ըլլայ բուրումնաւէտ
վարդենիքէն անցնող առուն:
Ու գետին պէս՝ սրտիս առուն
կը տանիս քու մահուան ճամբէդ,
զարնելով զայն մերթ ծաղկաւէտ
ափունքներուն, մերթ քարերուն:
Մեծարենց կը հաւաքէր ժողովրդական երգերը եւ Ակնի «անտունի»ները եւ զանոնք յաճախ երգել կու տար գաւառացի երգչուհիներու։ Սակայն Մեծարենց չէ կրցած արդարացնել իր գործով այն սէրը զուր կը տուժէր ժողովրդական ստեղծագործութեան հանդէպ, որովհետեւ իր սիրած ժողովուրդէն հեռու ապրեցաւ, ուզեց վերադառնալ գաւառ, բայց չկրցաւ. իր կապին կտրուիլը ժողովուրդին հետ արդէն զինք հակասութիւններու մէջ ձգեր էր։
V.- Եզրափակում։
Մեծարենց ունեցած է գրական ստեղծագործութեան համար շատ կարճ ժամանակ մը, 1902-1908. իսկ արդէն այն շրջանն էր քաղաքականօրէն եւ տնտեսականօրէն, երբ երկրէն ներս կը տիրէր ջարդի եւ ոստիկանական սանձարձակութիւն, եւ տնտեսական մենաշնորհներ տալու ուղեգիծ, որպէսզի Համիտ մնար իր գահին վրայ։
Արդէն այն ժամանակաշրջանն էր, երբ կը մշակուէր անկումային գրականութիւն մը։
Մեծարենց գտած էր անկումային չըլլալու միջոցը, եւ այդ կը կայանար տոհմիկին մէջ։ Մեծարենց երգեց հայրենի բնութիւնը, հայ գիւղը, հայ գեղջուկը, վերջապէս առաւ բանահիւսութիւնը։
Մեծարենց, Դուրեանին հետ, մեր գրականութեան մէջ կը ներկայանայ որպէս անվիճելի տաղանդ։ Սակայն, ամէն ատեն, չեն պակսիր գրչակներ, որոնք չունենան իրենց մանր ձիրքերը։ Այսպէս, Մեծարենց յարձակումի ենթարկուած է, այն մեղադրանքով, թէ Փօլ Վերլենէն ազդուած է, եւ անտունիններէն օգտուած է։
Սակայն, այդ բոլորը կը գրուէին այն շրջանին երբ, ըստ իր խոստավանութեան, տակաւին ինք Վերլէնը չէր կարդացած։
Մեծարենց բերաւ իր թանկագին բաժինը մեր գրականութեան բանաստեղծական մարզին։ Մեծարենցով՝ մեր բանաստեղծական լեզուն նոր ձեւ ստացաւ։ Մեծարենցով՝ մեր քնարերգութիւնը յառաջդիմութիւն մը եւս արձանագրեց։
Մեծարենցը գիտէր իր բանաստեղծութեան տկար կողմը. այդ իր կտրուած ըլլալն էր իր գիւղէն։ Մեծարենց կը ջանար մօտենալ գիւղին, սակայն իր կեանքի պայմանները զինք միշտ անկէ հեռու կը պահէին։
Իմ փափաքս պիտի ըլլար Մեծարենցը ապրած տեսնել մինչեւ լրումը իր տարիքին, որպէսզի առաւելագոյն չափով արժէքներ էր իր բացառիկ տաղանդը։
– ՎԵՐՋ –
ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆ
1.- Յառաջաբանին տեղ
2.- Մեծարենցի ժամանակը ա) Կեանքը բ) Ժամանակը
3.- Տոհմիկը գրականութեան մէջ
4.- Տոհմիկը Մեծարենցի գրականութեան մէջ ա) Հայրենի բնութիւնը բ) Հայկական գիւղը իր գործերուն մէջ գ) Հայ գեղջուկին պապենական սովորութիւնները
5.- Եզրափակում
Աղբիւրներ
1.- Միսաք Մեծարենց (Հայաստան հրատարակուած 1956)
2.- Օշական – Գրականութեան գիրք
3.- Պատմութիւն հայ գրականութեան, 1952, Հայպետհրատ։