Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Գանկաբանութիւն եւ Թէոդիկ

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Թէոդիկ (Թէոդորոս) Լէպճինճեան

   Գանկաբանութիւնը բաղդատական ուսումնասիրութիւն-գիտութիւն մըն է գանկերու չափին, ձեւին եւ համեմատութեան: Գիտութիւն մըն է՝ որ կ’ուսումնասիրէ գանկի ձեւը, չափը-մեծութիւնը եւ այլ յատկութիւնները: Այլ խօսքով, անիկա գիտութիւն մըն որ կ’ուսումնասիրէ գանկի ֆիզիքական յատկութիւնները:

   Մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը, շատեր կը հաւատային, որ մարդու մը գանկին  չափը կը բնորոշէր անոր մտային կարողութիւնը եւ ուշիմութիւնը: Այս մօտեցումով՝ բառարաններու մէջ գանկաբանութիւնը կը բնորոշուէր հետեւեալ ձեւերով.

   Գանկաբանութիւնը գիտութիւն մըն է, որ կը զբաղի գանկի ուսումնասիրութեամբ  եւ կը յաւակնի որոշել մարդկային ցեղերուն աստիճանն ու խմբաւորումը եւ անոնց մտային կարողութիւնները՝ մեկնելով գանկի ձեւէն եւ անոր կազմախօսական ուսումնասիրութենէն:  Անիկա գիտութիւն մըն է, որ գանկի ձեւէն կը հետեւցնէ մարդոց ցեղային պատկանելիութիւնը եւ մտային աստիճանը-կարողութիւնը:  Սակայն այս մօտեցումը գիտականօրէն  չէ հիմնաւորուած եւ սխալ ենթադրութիւն է:

   Թէոդիկի զուարթախօսութիւններէն մէկն է «Գանկաբանութիւն» գրութիւնը, որ կը ներկայացնեմ ստորեւ:

Փիեռ Ճըմայէլը բաւական երկար վիզ ունէր…

   Գլուխ

«Գլուխ մը աւելի լաւ է որ մեծ ըլլայ քան թէ փոքր:

Վերի կողմը սրածայր գլուխը կը յայտնէ փոփոխական նկարագիր, դանդաղ միտք, նեղ իմացականութիւն՝ շատ բան սորվելու անընդունակ:

Երբոր գլխուն ետեւի կողմը տափակ է եւ վիզէն կը բարձրանայ՝ առանց զգալի տարբերութեան մը, նշանն է կամքի, յարատեւութեան, ճարտար ու խորամանկ իմացականութիւն:

Միջին մեծութեամբ գլուխ մը՝ ոչ շատ կլոր, աւելի շատ ձուաձեւ.- կը նշանակէ բարեմտութիւն, լաւ յիշողութիւն:

Պզտիկ գլուխ մը, միջին մեծութեամբ վիզով՝ ցոյց կու տայ իմաստութիւն, դատողութիւն, գիտութիւն:

Պզտիկ գլուխ մը երկայն վիզով.- ապուշութիւն, տխմարութիւն եւ յիմարութիւն»:

 Ճակատ

«Ճակատներուն լաւագոյնն է՝ միջինն ու մէկ քունքէն միւսը բոլորակը:

Եթէ մազ բնաւ չգտնուի վրան, ցոյց կու տայ բարձր իմացականութիւն, պատիւներու ճաշակ, արդար հպարտութիւն:

Հարթ ճակատ.- անկրօնութիւն, ստախօսութիւն:

Ճակտին մէջտեղը կնճիռ մը.- մեծանձնութիւն, քաջութիւն, իմացականութիւն, նաեւ անգթութիւն:

Մեծ եւ անմազ ճակատ.- բախտախնդրութիւն:

Երկայն ճակատ .- բռնաւորութիւն:

Ճարպով ուռած ճակատ.- դանդաղամիտք, ձեռնարկներու մէջ անյարատեւ ոգի»:

   Քիթ

Լայն ու երկայն, մեծ ռունգեր. – արիութիւն, բարութիւն:

Խոշոր քիթ.- մեծ սիրտ:

Սրածայր քիթ.- գձձութիւն, ոչինչ բանի մը համար քէն:

Պզտիկ քիթ .- խաբեբայութիւն:

Կլոր քիթ.- գէշ նկարագիր:

Երկայն ու կլոր քիթ.- գողութիւն:

Տափակ եւ վեր դարձած քիթ.- պագչոտութիւն եւ անառակութիւն:

Կարմիր քիթ .- գինովի:

   Բերան ու շրթունք.

Լայն բերան.- յանդգնութիւն, քաջութիւն:

Բաց բերան.- չափազանցութիւն ամէն բանի մէջ, լրբութիւն, հեգնանք, ստախօսութիւն:

Նեղ բերան.- համեստութիւն, երկչոտութիւն, ծանրութիւն:

Վերին շուրթը վարի շուրթէն աւելի դուրս ցցուած.- շատախօսութիւն, չարութիւն, անկրթութիւն:

Ստորին շուրթ վերինէն աւելի դուրս ցցուած.- կամք:

Կախ շուրթ.- այլասերողութիւն, ապուշութիւն:

Պրկուած ու պզտիկ շրթունք.- ճարտարախօսութիւն:

Նուրբ շրթունք.- չարութիւն, մեղկութիւն:

Հաստ շրթունք.- հեշտասիրութիւն կամ տխմարութիւն:

   Ակռայ

Թանձր եւ հաստատուն եւ շնատամի ձեւով.- երկարակեցութիւն:

Քառանկիւնի, երերացող իրարմէ հեռու եւ փոքրիկ.- կարճ կեանք, դիւրաւ բարկանալու միտում:

Կանոնաւորաբար չգտնուին հոն ուր պարտ էին բուսնիլ.- բամբասանք եւ անիմաստ հպարտութիւն:

Շրթունքը վեր բռնող ակռաներ.- լրբութիւն, կռուազան բնոյթ, սնապարծութիւն եւ գէշ նկարագիր:

   Ականջ

Լայնաբաց.- պակասամտութիւն:

Խոշոր ու չափէն աւելի բացուածականջ.- լրբութիւն:

Պզտիկ ականջ .- խենթութիւն:

Երկայն ականջ.- Էշութիւն, ծուլութիւն:

Քառակուսի ականջ.- գիտնականութիւն:

Սօթթուածի պէս եւ փոքր ականջ.- Խաբեբայութիւն:

   Մազ

Կարմիր մազ.- չարութիւն, մատնութիւն:

Սեւ կամ սեւորակ մազ.-խորհողութիւն, խոհեմութիւն, անկեղծութիւն:

Խարտեաշ մազ, սեւորակներու պէս.- զգուշութիւն:

Պեխ կամ մօրուք ունեցող կիներ.- հեշտասէր այրերու վաճառականութեան հետամուտ:

Ճերմակ մազ ունեցող երիտասարդներ.- ցանկասէր, քղանցքներու շուրջ անուղղայ թափառող:

Մետաքսանման, առատ ու կակուղ մազ.- իգացեալ, ընդհանրապէս հանդարտ  բնոյթ:

Կարծր խոպան մազ.- յանդգնութիւն, զօրութիւն, ստախօսութիւն եւ արկածա-խնդրութիւն:

Գռուզ եւ կարծրմազ.- տկար իմացականութիւն.

Պարուրաձեւ է քունքերուն վրայ մազ.- մոլութիւն:

Զգուշանալ այն անձերէն, որոնց մազն ու պեխը միեւնոյնը չեն, ասոնք ընդհանրապպէս բան մը չեն արժեր:

 Աչք

 Միջին մեծութեամբ, ոչ՛ շատ կլոր, բաց ու պայծառ.- առողջ իմացականութիւն:

Ակնակապիճներէն դուրս ինկածի պէս, շունի կամ կովու աչքերուն տեսքով, շատ լայն եւ երկար բացուած.- տխմարութիւն, ծուլութիւն, ցանկասիրութիւն:

Խորունկ եւ ներս քաշուած աչք.- նախանձ չարաճճիութիւն, կասկածամտութիւն եւ գձուձ դիւրագրգռութիւն:

Պզտիկ աչքեր.- կծծիութիւն:

Շատ խորունկ աչքեր՝ լրտեսութիւն:

Ուղիղ առջեւնին նայող նպատակի մը սեւեռուածի  արտայայտութեամբ.- անգթութիւն, կռուազանութիւն, յանձնապաստանութիւն եւ անձուկ:

Խոնաւ եւ քօղարկուած աչքեր.- բանաստեղծի խորհողի եւ արուեստագէտի խառնուածք:

Դեղինի զարնող աչքեր.- մարդասպանութիւն:

Սեւ եւ փայլուն աչքեր.- ողջմտութիւն, հնարք եւ յանդգնութիւն:

Կանանչ աչքեր.- խարդախութիւն, մատնութիւն եւ աւազակութիւն:

Կապոյտ աչքեր.- մելամաղձութիւն:

Թափանցող խոնաւ ու պայծառ աչքեր .- Բարձր միտք, գիտակցութիւն:

Խոնաւ ու ժպտունաչքեր.- սիրահարութիւն:

Ժպտուն աչքեր.- բարութիւն, մարդասիրութիւն:

Երկար սրածայր անկիւններով աչքեր.- մեծ դատողութիւն, թափանցողութիւն:  

Վերին արտեւանունքը բիբը կէսէն աւելի ծածկող.- ցուրտ դատողութիւն:

Կողմնակի նայող աչքեր.- միշտ անվստահելի անձեր ունին:

                                                                     *********

   Թէոդիկի այս «գանկաբանութիւն» զուարթախոհ գրութենէն օգտուելով, կ’ուզեմ հակիրճ ձեւով անդրադառնալ Թէոդիկի կենսագրութեան եւ վաստակին:

   Թէոդիկ (Թէոդորոս) Լէպճինճեան ծնած է 5 մարտ 1873-ին, Սկիւտար, Պոլիս: Յաճախած է Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ «Պէրպէրեան» վարժարանը, աւարտած է Պոլսոյ ամերիկեան Ռապըրթ քոլէճը:

   Գրականութեամբ սկսած է զբաղիլ 1900-ականներու սկիզբները՝ «Մանզումէի Էֆքեար» թերթին մէջ տպագրելով կարճ պատմուածքներ «Կեանքի հատորէն փրցուած» վերնագրով, որոնք հետագային, 1910 թուականին հրատարակած է «Կաղանդ» ժողովածուի մէջ։ Ասոր յաջորդած է բարբառագիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մը՝ «Պոլսոյ հայեվարը» խորագիրով, որ արժանացած է Իզմիրեան մրցանակի։ 1912 թուականին հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակի եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակի յոբելեանի առիթով, Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Տիպ ու տառ»  մեծ հատորը, ուր ժամանակագրական կարգով խօսած է աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ հիմնադրուած հայկական տպարաններու մասին:  «Տիպ եւ տառ»-ը հրատարակուած է նաեւ թրքերէնով, 2012-ին:

    1907-ին լոյս տեսած է իր «Ամէնուն Տարեցոյց»-ը  տարեգիրք-ժողովածուն։ «Ամէնուն Տարեցոյցը» յաջորդ տարիներուն մինչեւ 1915 լոյս տեսած է աւելի հարուստ բովանդակութեամբ եւ հետաքրքրական նիւթերով: «Ամէնուն տարեգիրքը»-ի թիւերը նկատուած են հայ կեանքը եւ մշակոյթը ներկայացնող փոքրիկ հանրագիտարաններ։

   1915-ին «Ամէնուն տարեգիրքը»-ի հրատարակութիւնը ընդհատուած է, որովհետեւ  Թէոդիկ  ձերբակալուած է եւ աքսորուած է Թուրքիոյ խորքերը։ Բարեբախտաբար ան ազատած է եւ վերադարձած է Պոլիս: 1919-ին հրատարակած է միացեալ 1916-1920 տարեգիրքը, ապա՝ 1921-ի, 1922-ի, 1923-ի տարեգիրքերը։

   1923-ին, Թէոդիկ հաստատուած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը: Այդ տարիներուն Փարիզի մէջ հրատարակած է 1924-1929 թուականներու տարեգիրքերը:

   1919-ին Պոլսոյ մէջ ան հրատարակած է  «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» ժողովածուն, ուր կենսագրական տեղեկութիւններով եւ լուսանկարներով ներկայացուցած է Ապրիլ 24-ի հայ մտաւորականներու ձերբակալուածներուն ցանկը: Այս ժողովածուն հետագային վերահրատարակուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ:

   Թէոդիկի գրիչին կը պատկանին.-

  1. Փրցուած էջեր կեանքի հատորէն, Պոլիս, 1912:

     2. Տիպ առ տառ, Պոլիս, 1912:

     3. Գողգոթա հայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտին աղէտալի 1915 տարիին, Անթիլիաս, 1966,  Պոսթըն, 1980 եւ Նիւ Եորք, 1985:

    4. Ազգը չէ մեռած, եւ անհնար է, որ մեռնի, Անթիլիաս, 1985:

    5. Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Պէյյութ, 1985, Երեւան 1990:

Թէոդիկ մահացած է Փարիզ,  24 Մայիս 1928-ին:

   Մոնթրէալ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին