Շաբաթ, 15. 03. 2025

spot_img

Եթերի Աստղերուն Տանող Ճանապարհորդութիւն Մը

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ    

Թէքսաս նահանգի Հիւսթըն քաղաքը համա-ամերիկեան չափանիշով  տնտեսական, գիտական եւ ֆինանսական կենդրոն  մըն է,  ու մասնաւորապէս կը փայլի իր  համաշխարհային վարկ վայելող ծաւալուն եւ բազմաշերտ բժշկական  խնամքի եւ հետազօտութեան կառոյցներով, քարիւղի մարզով, ինչպէս նաեւ Անջրպետի Հետազօտութեան սահմանուած Ազգային Գործակալութեան (NASA) ներկայութեամբ։ Իր անմիջական արուարձաններով 5 միլիոնի հասնող եւ ծնունդով բազմազգ բնակչութեամբ յատկանշուող եռուն համայնքային կեանք մը ունի, ու կը հանդիսանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն քաղաքներէն չորրորդը՝ Նիւ Եորքէն, Լոս Անճելըսէն եւ Շիքակոյէն ետք։

Հիւսթըն քաղաքը երկրի լայն հասարակութենէն նուազ ծանօթ է սակայն իր գեղարուեստի, թանգարանային, համերգասրահային, եւ պատկերասրահային հաստատութիւններու ցանցով կամ նուաճումներով։ Թէեւ այդ մարզերէն ներս չի վայելէր կարգ մը ամերիկեան քաղաքներու հանրաճանաչողութիւնը, այսուհանդերձ անոր մշակութային հաստատութիւններու գանձերն ու հարստութիւնը անոր կը պարգեւեն «շնորհալի»ի մը պսակը։ Արդարեւ, Հիւսթընի Գեղարուեստի  Թանգարանի (Museum of Fine Arts of Houston), Րիէնզի թանգարանի (Rienzi Museum), կամ Մէնիլ Պատկերասրահի (The Menil Collection) հաւաքածոները եւ կամ վերացական գեղանկարիչ Մարք Ռոթքոյի (Mark Rothko) պաստառները պարփակող եւ ոչ-յարանուանական հակում ունեցող խոկումի մատուռը համաշխարհային գեղարուեստի աշխարհէն ներս նշանակալից աւանդ մը կը ներկայացնեն։

Ընդհանրապէս անծանօթ մնացած այդ «շնորհալիութեան» մաս կը կազմէ Հիւսթընի Օփերան, որուն տարեկան ձեռնարկները եւ ստեղծագործական նուաճումները առինքնող անակնկալ մը կը պարգեւեն երգարուեստի այդ սեռի սիրահարներուն ամէն տարի տասնամեակներէ ի վեր։

Հիւսթընի Օփերան կը յատկանշուի մանաւանդ  երիտասարդ  եւ շնորհալի երգիչ-երգչհիներու տաղանդի ծաղկումին եւ զարգացումին սատարող Butler Studio-ի ծրագրեալ գործունէութեամբ։ 1977 թուականին հաստատուած այս արուեստանոցը ամէն տարի աշխարհի չորս ծագերէն  երգարուեստի մարզէն ներս յայտնուող 8-էն մինչեւ 12 երկսեռ տաղանդներ կ՛ընտրէ անոնց ընծայելով  իրենց արուեստը կատարագործելու հնարաւորութիւնը, եւ Հիւսթըն Օփերային ստեղծագործական արտադրութիւններու ընդմէջէն  ձեռք բերելու իրենց անհրաժեշտ բեմական փորձառութիւնը։   

Նաւասարդ Յակոբեան ելոյթի ընթացքին

Այս վերջին տասնամեակին Հիւսթըն Օփերայի այս կատարելագործական ծրագրին մաս կազմած են հայրենածին շնորհալի ոյժեր։ Այս ընտրուած տաղանդներու առաջիններէն մին եղաւ Հայաստանէն սոփրանօ Մանէ Կալոյեան, որ մաս կազմելէ ետք այս արուեստանոցի ծրագրային աշխատանքներուն 2014-2016 տարեշրջաններուն, այժմ կը գործէ օփերայի լայն աշխարհէն ներս բեմ ելլելով  կարեւոր դերերով Շիքակոյի Լիրիք, Լոնտոնի Արքայական, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն, Պեռլինի, Վիեննայի եւ անոնց նման օփերային հիմնարկներու կազմէն։

Նաւասարդ Յակոբեան Փլասիտօ Տոմինկոյին հետ

Այս նոյն ծրագրին մէջ 2023-2025 տարեշրջաններուն ընդգրկուած են նաեւ  երկու հայ երիտասարդներ յանձինս՝ Մեցցօ-Սոփրանօ Անի Քուշեանի (Թիֆլիսէն) եւ Պարիթոն Նաւասարդ Յակոբեանի (Երեւանէն)։ Երկուքն ալ այս ծրագրին մաս կազմելէ առաջ երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած են իրենց ծննդավայրերու երաժշտական հաստատութիւններէն ներս որակաւոր ուսուցիչներու խնամքին ներքեւ եւ շահած են մրցանակներ՝ կատարողական արուեստի իրենց  նախաքայլերու ընթացքին։  

Անցնող երկու տարիներուն Անի Քուշեան եւ Նաւասարդ Յակոբեան Հիւսթընի Օփերայի արուեստանոցի աշխատանքներուն կողքին կարեւոր եւ նշանակալից դերեր վերցուցած են ծրագրուած բեմադրութիւններուն մէջ։ Անի Քուշեան ծրագրի առաջին տարւոյն ընթացքին բեմ ելած է Վակնէրի Բարսիվալ (Parsival) օփերային մէջ զոյգ դերերով, մասնակցած է Ռախմանինովի ծննդեան 150-ամեակին  նուիրուած եւ Քարնէկի սրահին (Carnegie Hall) մէջ կազմակերպուած երգահանդէսին եւ շահած է Մէթրոփոլիթըն Օփերայի  ՃէորՃիա նահանգային շրջանի 2024 թուականի Լաֆոնթ Մրցոյթի (Dominique Laffont Competition) առաջնութիւնը։ Իր կարգին Նաւասարդ Յակոբեան նուաճած է Տալաս Օփերայի Ազգային ձայնական երաժշտութեան առաջին մրցանակը, Նիւ Եորքի Մէթրոփոլիթըն Օփերայի   Լաֆոնթ Մրցոյթի առաջնութիւնը, երրորդ հանդիսացած է 2023  թուականին կայացած Բլասիտօ Տոմինկոյի Operalia World Opera Competition մրցոյթին՝ եւ շահած անոր Ferrer Prize of Zarzuela-ն մրցանակը ։ Թէ՛ Անի Քուշեան եւ թէ՛ Նաւասարդ Յակոբեան միաժամանակ մասնակցած են Ամերիկեան եւ Եւրոպական զանազան երկիրներու մէջ կայացած եւ վարկանիշ ունեցող երգահանդէսներու եւ ելոյթներու արժանանալով գնահատանքներու։  

Խմբանակար Հայ Կենդրոնի երգահանդէսի մասնակցող արուեստագէտներուն

Հիւսթըն Օփերայի այս ծրագրային շրջանի իրենց մասնակցութեան աւարտին Անի Քուշեան եւ Նաւասարդ Յակոբեան Հիւսթընի Սբ. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Մարտիրոս քհնյ. Յակոբեանի հրաւէրով եւ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմակերպութեամբ բարձրորակ երգահանդէս մը հրամցուցին տեղւոյն հայ գաղութին «Melodies of Grace» խորագրով Կիրակի, 16 Փետրուար 2025 թուականին՝ տեղւոյն Հայ Կենդրոնի Հէքիմեան սրահին մէջ կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան։ Յայտագիրը կ՛ընկգրկէր հայ եւ օտար երգահաններու գործեր որպիսին էին Կոմիտաս (Ծիրանի Ծառ, Կանչէ Կռունկ), Ալեքսան Սպենդիարեան (Այ Վարդ), Արմէն Տիգրանեան (Անոյշ օփերայի «Ուռին») եւ Էտկար Յովհաննէսեան (Էրէբունի Երեւան)։ Երգացանկի օտար հեղինակներէն թուենք P. Tosti, S. Gastaldon, F. Torroba, G. Bizet առանց մոռնալու Վրացական ժողովրդային սիրային երգի մատուցումը որ Անի Քուշեանի երգացանկի մնայուն նմոյշներէն մին կը հանդիսանայ։ Երկու արուեստագէտներուն դաշնամուրի վրայ կ՛ընկերակցէր հանրածանօթ դաշնակահար William Woodard։

Նաւասարդ  Յակոբեան եւ Անի Քուշեան  գրեթէ մէկ ժամ տեւող այս երգահանդէսին ի յայտ բերին իրենց կատարողական արուեստի հարուստ երանգները, զգայնութիւնն ու բեմական ներկայութեան տպաւորիչ մակարդակն ու որակը։ Անի Քուշեանի վրացական ժողովրդային երգի քնքշութիւնը կը հակադրուէր անոր  Ֆրանսացի երգահան Ճորճ Պիզէի «Գարմէն» օփերայի «Հապաներային» ուր խրոխտ, ըմբոստ, եւ անկաշկանդ գնչու աղջիկը ազատ սիրոյ իր հաւատամքը կ՛երկնէր տպաւորիչ ելոյթով։ Քուշեան այդ կերպարը ստեղծած էր Հիւսթըն Օփերայի բեմին վրայ անցեալ Սեպտեմբերին արժանանալով գնահատանքի եւ Հէքիմեան սրահի իր ելոյթը լիովին արդարացուց այդ գնահատանքները։

            Իր կարգին Նաւասարդ Յակոբեանի ջերմ եւ բնածին հարուստ ձայնային յատկութիւնները երեւան եկան թէ՛ հայ եւ թէ՛ օտար երգահաններէ ընտրած երգացանկի կատարումով։ Յակոբեան բեմական ուժեղ եւ տպաւորիչ ներկայութիւն մըն է որուն երաժշտական մեկնաբանութիւնը հոգի եւ սիրտ կը ջերմացնէ իր ազնուական մօտեցումով եւ խորքով։

            Այս երկու արուեստագէտներու ելոյթը յատկանշուեցաւ նաեւ գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ մը որ պատիւ կը բերէ իրենց։ Արդարեւ, ստանձնելով մենտորի  (դաստիարակ, խորհրդատու) յատուկ դեր մը անոնք իրենց ելոյթին մէջ տեղ տուին գաղութի պարմանուհիներէն, ու տեղւոյն Back Junior High School յաճախող Նարէ Յակոբեանին, որ իրենց հետ ելոյթ ունենայ  յայտագրէն դուրս գտնուող Sound of Music թատերական երաժշտութեան պատկանող մի քանի նմոյշներ երգելով։ Նարէ իր յաճախած երկրորդական վարժարանի երգչախումբին մաս կը կազմէ ու երկու երաժիշտներու մէկ ելոյթէն խանդավառ ու ներշնչուած, անոնց հսկողութեան տակ պատրաստուած էր այս ելոյթին։

            Իրենց Հիւսթընեան կատարելագործման շրջանի աւարտին Անի Քուշեան եւ Նաւասարդ Յակոբեան այս տարուայ Մայիս ամսուն կը մեկնին Գերմանիա, ուր Նաւասարդ Յակոբեան աշխատանքի հրաւիրուած է Պեռլինի Օփերայի կազմէն ներս ։

            Երգահանդէսի աւարտի իր փակման խօսքին մէջ Արժ. Տէր Հայր Մարտիրոս Քհնյ. Յակոբեան սրահէն ներս ողջունեց ներկայութիւնը Հիւսթըն Օփերայի կարգ մը ղեկավար, բարերար, եւ երգիչ անձերու որոնք այս տպաւորիչ երաժշտական ցերեկոյթին սատար հանդիսացած էին:Շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդ արուեստագէտներուն եւ անոնց դաշնամուրի ընկերակցութիւնը ապահովող William Woodard-ին այս բացառիկ երաժշտական  ցերեկոյթին եւ անոնց որակաւոր մասնակցութեան համար, ու ապա ներկաները հրաւիրեց կոկիկ հիւրասիրութեան մը՝ բարի ճանապարհ մաղթելու Անի Քուշեան եւ Նաւասարդ Յակոբեան արուեստագէտներուն։

Յոյժ հպարտառիթ եւ ուրախութիւն պատճառող  երեւոյթ է որ այս երիտասարդները կու գան օփերային արուեստի անդաստանէն ներս անցեալին գործած եւ տակաւին գործող հայ տաղանդաւոր արուեստագէտներու հոյլին միանալու, ամբողջացնելով եւ հարստացնելով արտասահմանեան բեմերու եւ զանազան երկիրներու մէջ յայտնի դարձած հայ դէմքերու ցանկը։ Անկախ անոնցմէ որոնք հայրենի բեմերուն վրայ փայլեցան սովետական շրջանին, արտասահմանեան բեմերու վրայ երեւցած են անուններ ինչպիսին էին ու են Լուսին Ամարա, Լուիզա Պոզապալեան (ԱՄՆ), Սոնա Ղազարեան (Վիեննա, Աւստրիա), Յասմիկ Պապեան, Իզապէլ Պայրագտարեան (Գանատա եւ ԱՄՆ), Աննա Կասեան (Ֆրանսա) Յասմիկ Գրիգորեան (Լիթուանիա) եւ շատ ուրիշներ, որոնք իրենց կատարողական տաղանդով հայ արուեստին առիթ եւ միջոց ստեղծեցին , ու կը ստեղծեն տակաւին,  աշխարհի լայն տարածքին անոր ներկայութիւնը փաստելու եւ տարածելու։ Փոքրաթիւ ժողովուրդի մը համար անկասկած զարմանք պատճառող երեւոյթ է որ օփերայի մարզէն ներս այսքան մեծաթիւ  ներկայութիւն մը ունինք։ Բայց  միշտ պէտք է յիշենք  որ արուեստի ոեւէ ուղի  կ՛անցնի անհատական անդուլ ջանքի, յամառ աշխատանքի եւ ամբողջական նուիրումի բովէն ու այդ բարձունքներուն ձգտող եւ հասնող անհատներուն մեր ամբողջական հիացմունքը, յարգանքն ու գնահատանքը կը պարտինք թէ՛ իբրեւ անհատներ եւ թէ՛ իբրեւ հաւաքականութիւն։

Հետեւաբար այս առիթով մեր անհատական եւ հաւաքական մաղթանքները պէտք է ուղղենք այս երիտասարդներուն։ Թող Անի Քուշեան, Նաւասարդ Յակոբեան եւ անոնց նման ոյժեր եւ տաղանդներ ձգտին եթերի աստղերուն տանող եւ առաջնորդող ուղիին , եւ թող այդ ճանապարհորդութիւնը ըլլայ միշտ անխափան, յաջողութիւններով եւ նուաճումներով  լի։

Հիւսթըն

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին