Այսօրուայ իմ սիւնակին համար, որպէս նախաբան, կը վկայակոչեմ, հատուած մը Դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունիի «Լուսարձակի Տակ» գիրքէն. «1917թ. . Սեպտեմբեր 29-ին Թիֆլիսի մէջ կը գումարուի Արեւելահայ Առաջին Համագումարը: Ներկայ են շուրջ երկու հարիւրէ աւելի արեւելահայ պատգամաւորներ, որոնք ներկայացուցիչներն են զանազան քաղաքական-հասարակական հոսանքներու: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը գրաւէ պատգամաւորական աթոռներու կէսէն աւելին:
Արեւմտահայ Համագումարի Խորհուրդէն համաժողովին ներկայ են Զօր. Անդրանիկ, Վահան Փափազեան, Աւետիս Թէրզիպաշեան եւ ուրիներ:
Համաժողովին, երբ կը ծանուցուի ներկայացուցիչներու համեմատական թիւը՝ ու կը բացայայտուի Հ. Յ. Դ.ի ունեցած առաւելութիւնը, ինչ որ «ուրախութեան ալիք մը կը համակէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը: Ընդոստ բեմ կը ցատկէ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Նիկոլ Աղբալեան, եւ ուրախութենէ գոնովցած՝ միւս կուսակցութիւնները կը նմանցնէ արօրին լծուած եզներու, իսկ արօրավարը՝ Դաշնակցութիւնը, որ մտրակը ձեռքին, պատրաստ է զայն շաչեցնելու ակօսէն շեղող լծկան եզներու գլխուն:
«Աննկարագելի իրարանցում մը կը տիրէ սրահին մէջ: Ոչ-Դաշնակցական պատգամաւորները «Ամօ՜թ» գոռալով մէկը միւսին ետեւէն դուրս կ՛ելլեն: Համագումարի աշխատանքները կանգ կ՛առնեն այդ օր:
«Յաջորդ օր, Համօ Օհանջանեան, իր կուսակցութեան անունով […] հանդարտեցնելու համար պատգամաւորներուն ցասումը, հաստատեց Աղբալեանի օրինակին անհեթեթութիւնը:»
Պահ մը կարելի կ՛ըլլար փրկել կացութիւնը: Բայց հոգեբանութիւնը կը մնայ տեղը»:
Հիմա անցնիմ բուն նիւթիս: Մեզի պաշտօնակից, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին 8 Նոյեմբերի թիւին մէջ (նաեւ առցանց) կարդացի, թէ Լիբանանի Շաղզոյեան Կեդրոնին Մէջ (ՀՅԴ-ի պատկանող – ընդգծումը իմ կողմէ), քննարկում մը տեղի ունեցած է «Յառաջիկայ փուլին լիբանանահայութեան դիմագրաւելիք ընկերային հաւանական դժուարութիւններուն մասին» թեմայով: Լուրը կամ հաղորդագրութիւնը կը սկսի նշելով, որ «Հայկական» (կամ այսպէս կոչուած Հայկական (ՀՅԴ) – ընդգծումը դարձեալ իմ կողմէ) Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Չորեքշաբթի, 6 Նոյեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուած է հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու «լայն» հանդիպում (չակերտաւորումը իմ կողմէ):
Նշեալ հանդիպումին ներկայ եղած են անշուշտ բացի ՀՅԴ-ի երեսփոխաններէն, ՀՅԴ-ի նախկին նախարար մը, Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան ատենապետուհին, Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան ատենապետը, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէնուհին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէնը, ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէնը, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային ծառայողը, աւետարանական համայնքէն ներկայացուցիչ մը, եւ «Ճինիշեան» հաստատութեան ընկերային ծառայողը:
Մինչեւ այստեղ, գնահատելի է համագործակցութեան միտումը, եթէ նպատակը այդ է ու ազնիւ: Սակայն եկուր տես, որ հաղորդագրութիւնը կը շարունակուի նշելով. «Ներկայ ժողովականները ներկայացուցին իրենց կառոյցներու ցարդ տարած աշխատանքները եւ յառաջիկայի ծրագիրները»: Այլ խօսքով, ներկաները հրաւիրուած էին հրաւիրող կողմին զեկուցելու իրենց կառոյցներուն գործունէութեանց մասին…: Ահաւասիկ այս փաստն է, որ տուն տուաւ այսօրուայ իմ սիւնակի նիւթին, այսինքն ՀՅԴ-ի հին նոր պահուածքին մասին անգամ մը եւս արտայայտուելու նպատակադրուած միտումին:
Լիբանանի խորհրդարանին մէջ լիբանանահայութեան վերապահուած են 6 աթոռներ: Այս վեցին միայն երկուքը այսօր կը զբաղեցուին ինքզինք «ՀԱՅԿԱԿԱՆ Պլոք» կոչած կողմին երեսփոխանական խմբաւորումին անդամներուն կողմէ: Մինչ այդ, նշեալ խմբաւորումին անուան տակ պահուըտած կուսակցութիւնը կը շարունակէ որպէս տէրը ներկայանալ լիբանանահայ համայնքին…:
Ինչ կը վերաբերի վերոյիշեալ «զեկոյց»-ին ինծի կը մնայ հետեւեալ հարցը բարձրացնել. Երեսփոխա՞նը հաշուետու է համայնքին կամ համայնքային կառոյցներուն, թէ համայնքը՝ երեսփոխանին: Ըստ հաղորդագրութեան, պատահած է երկրորդը, որ կը հակասէ հաշուետուութեան տարրական սկզբունքին:
Այստեղ անմիջապէս նշեմ, որ ի պատիւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ՀԲԸՄ-ին անոր ներկայացուցիչին անունը չկարդացի հաղորդագրութեան մէջ, բան մը, որ կ՛ենթադրէ ՀԲԸՄ-ի (որ ներկայ մարմիններուն հետ համեմատած ամենամեծն է, բարեսիրական դաշտին մէջ) ակնյայտ բացակայութիւնը:
Ես չեմ գիտեր, թէ մինչեւ ո՞ւր եւ երբ կը շարունակուի ՀՅԴ-ի հին-նոր՝ Հայ համայնքներու իւրացումի (եկեղեցին օրինակ մըն է), եւ ինքնակեդրոն աշխատանքի ու «ամենա-ամենան» կամ «մաչօ» խաղալու մեծամտութիւնը, սակայն այստեղ կ՛ուզեմ այպանել լիբանանահայ, եւ ոչ միայն, տարբեր կազմակերպութիւններու եւ ոչ-ՀՅԴ-ապատկան կառոյցներու կրաւորականութիւնն ու ենթակայութիւն ցուցաբերելու զարմանալի վարքը, որ ինձ կը յիշեցնէ լիբանանեան ասացուածք մը. «Փարաւոնին հարցուցած են, քեզի ո՞վ փարաւոն կարգեց. Ան պատասխանած է. Ես ինքս ինձ կարգեցի եւ բողոքող մը չեղաւ»…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ