Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

ԳՈՀԱՐ Գրադարանը – Լիբանան, Հայաբոյր Փենանկը – Մալիզիա

Մալիզիոյ հիւսիս-արեւմտեան ափին վրայ կը գտնուի գեղատեսիլ Փենանկ կղզին: Ինչպէս ամենուրէք, աշխարհի այն կողմն ալ կը գտնենք Հայոց Պատմութեան հարուստ ժառանգութեան մը հետքերը:

2018-ին, Փենանկի մէջ լոյս տեսաւ Nadia Wright-ի (Australia) «The Armenians of Penang» գիրքը: Հեղինակին մայրը հայ է եւ ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս): Լիբանանահայ Տիկին Գոհար Խաչատուրեանը վերահասու դառնալէ ետք, այս գիրքի բովանդակութեան, հետաքրքրասիրութիւնը առիթ ընծայեց վերակենդանացնելու այս կենսայորդ քաղաքին հայկական հետքերը: Պէյրութէն մինչեւ Փենանկ երկարող մղոնները կամրջուեցան ԳՈՀԱՐ Գրադարանի բծախնդիր ջանքերով:

Փենանկը ունի հայկական հարուստ անցեալ մը: Աւելի քան 200 տարիներ առաջ բազմաթիւ Հայեր Փենանկ տեղափոխուած են, ի մասնաւորի Պարսկաստանէն: Ապրած են հայկական ոգիով, եղած են յաջող գործարարներ եւ մեծապէս նպաստած են Փենանկի տնտեսական կեանքի զարգացման՝ հիմնադրելով նաւային բեռնափոխադրական էական ընկերութիւններ եւ շքեղ պանդոկ մը, գերազանց տուեալներով ու բացառիկ ծառայութիւններով:

Հայկական ժառանգութեան ամենէն յատկանշականը «Հայկական Փողոց»ն է (Armenian Street): Մինչեւ օրս ցուցանակի վրայ հայերէն տառերով կը կարդանք զայն:

Փենանկի Bishop պողոտային վրայ կառուցուած հայկական Սուրբ Գրիգոր եկեղեցին, իր գերեզմանատունով սրբագործուեցաւ 1824-ին: 1900 թուականի առաջին կիսուն, Փենանկի հայերէն շատեր կը գաղթեն շրջակայ ու հեռաւոր երկիրներ, մինչեւ Ինտոնիզիա: Եկեղեցւոյ հողատարածքը կը վաճառուի եւ 1937-ին հայկական գերեզմանները թիւով 20, կը տեղափոխուին Western Road Cemetery:

Փենանկի, George Town քաղաքի Northam Road Cemetery-ին մէջ նաեւ, թաղուած են մաս մը հայեր, որ փակուած է 1890-ին: Ներկայիս այս գերեզմանները UNESCO-ի ժառանգութեան շուքին տակ առնուած են:

Western Road Cemetery-ի, պատմական դամբարանները նորոգելու ծրագիրին գործադրութիւնը սկիզբ կ’առնէ 2019-ին` պատմաբան Marcus Langdon-ի (Penang) գործակցութեամբ, որ միաժամանակ Nadia Wright-ի «The Armenians of Penang» գիրքին հրատարակիչն է: Աշխատանքի լծուելէ առաջ, օրինական թուղթերը կը պատրաստուին Փենանկի մէջ, սակայն Քորոնա ժահրի բռնկումին պատճառով, կ’առկախուի աշխատանքը եւ վերստին կեանքի կը կոչուի 2024 թուականին:

©yzhensiang
©yzhensiang

2024 Ապրիլին սկիզբը, ԳՈՀԱՐ Գրադարանի անձնակազմէն Օրդ. Սերենա Վարդապետեանը կ’ուղղուի Փենանկ, աչալուրջ եւ հետեւողական աշխատանքով կը հսկէ գերեզմաններու եւ տապանաքարերու նորոգութեան աշխատանքը: Վանդակապատ, մէկտեղուած 20 գերեզմաններէն, 8-ն անյայտ են, իսկ 12 փրկուած տապանաքարերը անճանաչելի եւ խղճուկ իրավիճակի մը մէջ էին: Տասնեակ տարիներու անտեսումը իր աւերները գործած էր. տապանաքարերուն վաղեմի արձանագրութիւնները գրեթէ խամրած էին ու թաղուած անյայտութեան մէջ:

Տքնաջան երկու շաբաթներ, բծախնդիր հոգատարութեամբ եւ տեղացի օգնականներու մասնակցութեամբ, անյայտացած տառերը շօշափելով, երկա՜ր տարիներու կուտակուած կեղտն ու բիծը մաքրելով, կարելի եղաւ վերծանել արձանագրութիւնները: Խնամքով ներկուեցան գունաթափած անունները, նոր կեանք ու փայլք տալով անոնց: 12 տապանաքարեր այժմ խրոխտ կանգնած են, որպէս վկաներ հայ ժողովուրդի աշխարհի այդ հողամասերու վրայ պատուական գոյութեան:

Վերանորոգուած 12 դամբարաններէն քիչ մը անդին յայտնաբերուած էր Արշակ Սարգիսի լքուած գերեզմանը, որ հազիւ գլխաքար մը ունէր: Սարգիս ընտանիքը, Մալիզիոյ Փենանկ կղզիին երեւելի եւ յիշարժան ընտանիքներէն էին: Յաջող գործարարներ, որոնք աշխարհի այդ կողմը կառուցած են փառահեղ պանդոկներու շարք մը, որոնցմէ յիշատակելի է Փենանկի Eastern & Oriental (E&O) պանդոկը եւ Սինկափուրի մէջ, Raffles-ը, որ մինչեւ այսօր գոյութիւն ունին նո՛յն փայլքով եւ հմայքով: Տիկին Գոհարը տարիներ առաջ ծանօթացած էր, Սարգիս տոհմի հեռու շառաւիղներէն, յարգելիի մը: Արշակ Սարգիսին գլխաքարին նոր գերեզման մը կառուցուեցաւ՝ շրջապատող քարով ու ծածկող տապանաքարով, որպէս յուշարար ազնուական այս հայ ընտանիքին գոյութեան ու պատմութեան:

Աշխատանքը հասաւ լրումին: Հայոց պատմութեան այս գունազարդ, բայց տժգունած էջը, նոր աւիւնով փայլեցաւ եւ նորոգուած գերեզմաններն ալ անցեալէն եկած, որպէս պատմական յուշակոթողներ ցնծութեամբ կը դիտեն ապագան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին