Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Սուրբ Շարպելի Արձանին Օծումը Հայաստանի Մէջ

Աշխարհահռչակ Սուրբ Շարպելի արձանի տեղադրումն ու օծումը կատարուեցաւ երէկ՝ 22 Սեպտեմբեր 2024-ին, Հայաստանի Կոտայք մարզի Եղուարդի շրջանին մէջ: 10 մեթր հասակ ունեցող սոյն արձանը կը հանդիսանայ նշեալ սուրբին առաջին սրբավայրը Կովկասի մէջ:

Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական մեծ ներդրումներ ընող Լիբանանցի գործարար, «Կարտենիա Լեպընիզ Ֆարմս» ընկերութեան սեփականատէր՝  Նիքոլա Ապու Ֆայսալն է նախաձեռնութեան մտայղացողն ու ֆինասաւորողը ի կատարումը տարիներ առաջ իր ըրած ուխտին:

Նախաձեռնութիւնը ատենին ողջունած էին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւ Լիբանանի Մարոնի Համայնքի ղեկավարութիւնը, որոնց հովանաւորութեամբ ալ Կիրակի 22 Սեպտեմբերի ժամը 13:00-ին կատարուեցաւ արձանին օրհնութեան յատուկ պատարագը:

Գործարարը Սուրբ Շարպելի արձանը պատուիրած էր լիբանանցի  քանդակագործ Ժորժ Մախլուֆին: Վերջինիս Լիբանանի արհեստանոցին մէջ պատրաստուած արձանը ցամաքային ճամբով Հայաստան հասած էր օրեր առաջ:  Կը նախատեսուի, որ նոյն արհեստանոցը պիտի քանդակէ երկրորդ արձան մըն ալ տեղադրուելու համար Վրաստանի մէջ:

Եղուարդի մէջ Սուրբ Շարպելի արձանի օրհնութեան արարողութեան ներկայ էին հոգեւորականներ, բարձրաստիճան հիւրեր ինչպէս Լիբանանէն, նոյնպէս ալ այլ երկիրներէն: Ներկայ էին Հայաստանի մէջ պաշտօնավարող Լիբանանի եւ Սուրիոյ դեսպանները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:

Պատարագը մատուցեցին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Մինասեանի ներկայացուցիչ Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան Եպիսկոպոսն ու Լիբանանի Զահլէ (Նիքոլա Ապու Ֆայսալի ծննդավայր) գիւղաքաղաքի Մարոնի եկեղեցուոյ առաջնորդ` Ժոզեֆ Մուաուատ Եպիսկոպոսը: Արարողութիւնը հեռարձակուեցաւ Լիբանանի OTV հեռուստակայանէն:

Գերապայծառ Ասատուրեանը իր պատգամին մէջ յատկապէս ըսաւ, «Ահաւասիկ կը գտնուինք Աստուածահաճոյ մեծ Սուրբի մը արձանին դիմաց այսօր: Սոսկ արձան մu չէ այս, որ կը կանգնի մեր դիմաց, այլ՝  Աստուծոյ այցելութիւնն է մեր սիրեցեալ Հայրենիքին: Այս շնորհալի առիթը, որ մեզի կը ներկայանայ,  նուէր է սիրելի Նիքոլա Ապու Ֆայսալին աղօթքներուն, բարերարութեան եւ բազմաթիւ զոհողութեան»:

Գերապայծառ Ասատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերակցող հիւրերուն եւ հոգեւորական դասուն եւ ի մասնաւորի Մուաուատ եպիսկոպոսին:

Իր պատգամի աւարտին, Գերապայծառը շեշտադրում կատարեց ըսելով. «Ի վերջոյ կ՛ուզեմ, որ այս այցելութիւնը այսօր պատահական չէ, այլ՝ Աստուածային նախախնամութեան նշանն է մեր Հայրենիքին: Տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ մեր երկիրը: Թող այս օրհնեալ այցելութիւնը ըլլայ խաղաղութեան ազդանշանը եւ օրհնութեան աղբիւր մեր բոլորին: Որքա՜ն պէտք ունինք խաղաղութեան, ըլլայ մեր անձնական թէ հաւաքական կեանքէն ներս»:

Վերջապէս Գերապայծառ հայրը իր աղօթքը ուղղելով մեծարեալ սուրբին, ըսաւ. « Ո՜վ սուրբ Շարպել. Դուն եղար Աստուծոյ օրհնութեան, բժշկութեան եւ խաղաղութեան աղբիւր շատերուն: Արդ՝  կ՛աղօթենք, որ օրհնես հոս հաւաքուած հաւատացեալ ժողովուրդը: Օրհնէ նաեւ մեր Հայրենիքն ու անոր սպասարկողները: Օրհնէ՛ մեր զինուորագրեալ երիտասարդներն ու ժողովուրդը, որպէսզի միշտ փառաբանենք Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, այժմ եւ յաւիտեան. Ամէն»:

Ոգեպարար սոյն արարողութեան աւարտին, յայտարարուեցաւ, որ այսուհետեւ, ամէն ամսուայ 22-ին, պատարագ պիտի մատուցուի Սուրբ Շարպելի Հայաստանի ուխտավայրին մէջ:

Ո՞վ է Սուրբ Շարպել.

Սուրբ Շարպել՝ աւազանի անունով՝ Եուսէֆ Անթուն Մախլուֆը ծնած է 8 մայիս 1828-ին, Լիբանանի Պքաաքաֆրա շրջանի Աննայա  գիւղին մէջ բազմանդամ զաւակներով ընտանիքի մը յարկին  տակ։ Փոքրիկ հասակին որբ կը մնայ հօրմէն ու անոր մայրը դարձեալ կ՛ամուսնանայ շատ հաւատացեալ մարդու մը հետ, որ ապա կ՛ընդունի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։   Խորդ հօր տիպարը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Շարպելի կեանքի ընտրանքին վրայ եւ 22 տարեկանին կ՛որոշէ մտնել Մայֆուք գիւղի Տիրամօր վանքը ուր կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ ընտրելով Շարպել անունը, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ Պատմութիւնը»։

Նորընծայական շրջանը աւարտելէ ետք կը փոխադրուի Սուրբ Մարոնի Աննայա վանք, ուր 1853-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը, ապա կը փոխադրուի Սան Չիփրիանօ Տի Քֆիֆէն ուր կը հետեւի փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումներու։

1859-ի Յուլիս 23-ին  կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելէ ետք մեծաւորները զայն դարձեալ կ՛ուղարկեն Աննայայի մենաստան ուր իր մէջ կը զարգանայ մենակեաց  կեանք ապրելու կոչումը ու մեծաւորներու հրամանով՝ 13 փետրուար 1875-ին, կը քաշուի ճգնարան ուր նաեւ կը կնքէ իր մահկանացուն՝ 24 դեկտեմբեր 1898-ին։

Սուրբ Շարպել ճանչցուած է որպէս Լիբանանի «Փատրէ Փիոն» ու բազմաթիւ են անոր յետ մահու գործած հրաշքները։

1925-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետի հրահանգով սկիզբ կը տրուի անոր երանացման դատին որ կ՛աւարտի 1954-ին՝ Պիոս ԺԲ քահանայապետի օրով, որ կը վաւերացնէ Սուրբ Շարպելի երանացումը, մինչ Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի օրով է որ տեղի կ՛ունենայ երանացման արարողութիւնը ՝ 1965-ի դեկտեմբեր 5-ին, հուսկ 1977-ի հոկտեմբերին, դարձեալ Պօղոս Զ Պապի օրով, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը կատարուի Սուրբ Շարպելի սրբադասման արարողութիւնը։

1950-ին մենակեաց Շարպել Մախլուֆի գերեզմանը կը բացուի քննիչ յանձնախումբի մը ներկայութեամբ, որ անոր մարմինը կը գտնէ անաղարտ։

Սուրբ Շարպել Մախլուֆը մեծարուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ ու անոր հսկայական արձաններէն մին կը գտնուի նաեւ Վատիկանի մէջ։

«Զ.»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին