Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

ՓՈԹԼԱՉ

Փոթլաչը նուէրներ «փոխանակելու» տօն է, որ յատուկ էր հին ցեղախումբերու: Ծիսական կատարողութեամբ սոյն երեւոյթը, տուեալ ցեղախումբերուն մօտ (որոնց մենք անքաղաքակիրթ կը կոչենք) յատուկ էր ծնունդներու, մահերու, որդեգրումներու, հարսանիքներու եւ այլ կարեւոր առիթներու:

Միայն «հարուստ» համարուող ցեղախումբերու անդամներու միջեւ կը կատարուէր փոթլաչը հետեւեալ ընթացակարգով.

Ցեղային ընտանիքներէն կամ խումբերէն մին նուէրներ կը ստանար  միւսէն, որուն դիմաց պէտք էր ստացողը աւելի արժողութեամբ բան նուիրէր միւս խումբին: «Նուիրել» հասկացողութիւնը նաեւ կ՛արտայայտուէր նոյնքան հարստութիւն (գործիքներ, ձեռագործեր, մետաղեայ սպասներ, թանկարժէք իրեր, եւայլն) այրելով տուեալ տօնակատարութեան համար յատուկ պատրաստուած խարոյկին մէջ:  

Տուեալ տօնակատարութեան հանդիսավարը կոչ կ՛ուղղէր հիւրընկալող խումբի ցեղապետին կամ նահապետին ցոյց տալ իր «կարողութիւնը» իր խումբին ստացած նուէրի չափը գերազանցող նուէրներ փոխադարձելու կամ խարոյկին մէջ ոչնչացնելու միջոցաւ:

Եթէ նշեալ կողմը 100 տոկոս յարաբերութեամբ եւ աւելին արժէքաւոր ապրանք չվերադարձներ կամ խարոյկին մէջ չոչնչացնէր, ան եւ իր գլխաւորած խումբը կը կորսնցնէին իրենց արժանապատուութիւնը, վարկն ու «զօրութիւնը»:

Այդ ցեղախումբերուն պատկանող իւրաքանչիւր ընտանիքի դասակարգային կարգավիճակը բարձր կը նկատուէր ոչ թէ այն փաստով, որ ո՞վ աւելի հարստութիւն ունի, այլ ո՞վ աւելի հարստութենէ կրնայ հրաժարիլ զայն նուիրելով կամ այրելու միջոցաւ ոչնչացնելով…

Այսօրուայ մեր քաղաքակրթութեամբ, առաջին ակնարկով անհեթեթ եւ ծիծաղելի կը թուի վերոյիշեալ այս նախնադարեան երեւոյթը: Սակայն մարդաբաններ, տակաւին իրենց գոյութիւնն ու սովորութիւնները  պահպանող ցեղախումբեր ուսումնասիրելով կը փաստեն, որ  ներկայ մշակոյթները ուղղակի ժառանգորդներն են նախկինին եւ շատ մը երեւոյթներ պարզապէս «բարեփոխուած» կերպով կը կրկնուին արդիական կոչուող մեր հաւաքականութիւններուն մէջ:

Եւ մինչ մենք կրնանք ծիծաղիլ հարստութիւն այրելու այդ հին ծիսակատարութեան վրայ, չենք անդրադառնար, որ  նորօրեայ առիթներու ընթացքին օգտագործուող պայթուցիկներն ու հրավառութիւնը ուրիշ բան չեն բայց նոյն այդ նախնադարեան փոթլաչը, ընդամէնը՝ թերեւս աւելի գեղագիտական բեմադրութեամբ…:

Մեր Հայրենիքին մէջ կայ փափուկ սեռին ծաղիկներ նուիրելու սովորութիւն մը, որ ուշագրաւ է երբեմն իր չափազանցութեամբ: Նոյնը կը վերաբերի  մեր հարսանիքներուն կամ տօնակատարութիւններու ընթացքին կատարող հրավարութեան: Հակառակ, որ առիթները ազնիւ են  ու երեւոյթը սիրուն, սակայն երբ մրցակցութիւնը կը հասնի անհեթեթութեան այն աստիճանին, որ փոխանակ ժեսթը գնահատուելու, կը գնահատուի ծաղկեփունջին հասակն ու անոր մէջ ընդգրկուած ծաղիկներուն թիւը կամ հրաւարութեան երկարատեւութիւնն ու տեսակը, ապա թող արտօնեն հայրենաբնակ մեր հայրենակիցները եթէ այս իրավիճակը բնականաբար համեմատեմ նոյնինքն փոթլաչին հետ…

«Առակս զի՞նչ ցուցանէ». Մեր հայրենիքին այսօրուայ  օրհասական պայմաններով, մենք օդի, ջուրի հացի նման պէտք ունինք Հայոց հզօր բանակի: Կը հաւատամ, որ մեր ընկերուհին կամ կինը, մեր քոյրն ու մայրը աւելի պիտի գնահատէ իր ապահովութեամբ մեր մտահոգութիւնը, եթէ շուտով թառամելու ճակատագրուած այդ ծաղկեփունջերու գումարները  կամ օդին մէջ չքացող պայթուցիկներն ու փուչիկները մենք տրամադրենք հայրենի մեր բանակը զինելու…:

Անձնական օրինակով այդպէս ըրած է ատենին Մխիթար սպարապետի կինը իր եւ հայոց աւագանիի կողակիցներուն ոսկեղէն գոհարները դնելով սեղանին վրայ, որպէսզի օգտագործուի զինուորներուն ռոճիկը վճարուելու ու զինամթերք գնելու: Այդպէս պէտք է ընենք նաեւ մենք այսօր, պահելու համար մեր նախնիներէն մեզի ժառանգ հասած մեր հողը, կամ այն ինչ, որ անկէ մեզի մնացած է այսօր, մեր զաւակներուն ժառանգելու համար…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին